ՊՐԻՒՔՍԷԼ – Հինգշաբթի, 29 Նոյեմբեր 2012ին, Պրիւքսէլի մէջ Եւրոպական միութեան խորհրդարանէն ներս, ՀՀ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ «Օգնիր եղբօրդ» հասարակական կազմակերպութեան համադրող Վահան Յովհաննիսեան, ընկերակցութեամբ Եւրոպայի ՀՅԴ Հայ Դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանի, աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ եւրոերեսփոխան, եւրոխորհրդարանի նախկին փոխնախագահ, Եւրոպայի ժողովրդային կուսակցութիւն խմբակցութեան անդամ Ռոտի Քրացա Ցանկարոփուլուի հետ:

Տիկին Քրացա մօտէն կը զբաղի Սուրիոյ մէջ մարդասիրական օգնութեան կազմակերպումով եւ առաքումի աշխատանքով, գործակցելով ԵՄ պատկան սպասարկութեանց հետ: Յովհաննէսեան մանրամասնօրէն ներկայացուց Սուրիոյ մէջ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստան ապաստան գտած սուրիահայ մեր հայրենակիցներու ներկայ իրավիճակը: Ան դիմեց տիկին Քրացայի օժանդակութեան՝ որ Եւրոմիութեան կողմէ տրուած մարդասիրական օգնութիւնը տրամադրուի նաեւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի մէջ սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:

Եւրոերեսփոխանը խոստացաւ իր կարելին ընել՝ մարդասիրական օժանդակութիւն ապահովելու համար, միաժամանակ տալով կարգ մը ցուցմունքներ՝ առնուելիք քայլերուն համար, որպէսզի երկուստեք կատարուելիք աշխատանքը ըլլայ աւելի արդիւնաւէտ: Հանդիպման ընթացքին տիկ. Քրացա հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սուրիոյ մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպանին հետ, տեղեկացնելու անոր այս հանդիպման մասին, եւ թէ Պրիւքսելէն ու Երեւանէն պիտի կապուին իրեն հետ, եւ խնդրեց, որ առաւելագոյնը ընէ գործակցութեան ընթացքին:

«Վահան Յովհաննէսեանի Եւրոխորհրդարան աշխատանքային այցը լաւագոյն առիթն էր այս հանդիպումը կայացնելու, որովհետեւ թէ՛ Եւրոմիութիւնը եւ թէ մենք, առիթը ունեցանք փոխանցելու յաւելեալ տեղեկութիւններ, ներկայացնել առաջարկներ եւ համագործակցութեան եզրեր որոնել: Այսպիսով կը շարունակենք Պրիւքսէլի մէջ արդէն սկսած քաղաքական մեր հանդիպումները՝ առաւելագոյն օգնութիւնը բերելու մեր հայրենակիցներուն ֆիզիքական անվտանգութեան եւ մարդասիրական օժանդակութեան ապահովման համար», շեշտեց Գասպար Կարապետեան:

Source: Asbarez News