ՀՄԸՄի 34րդ Շրջանային Ներկայացուցչական Ժողովը 3000 Տոլար Հանգանակեց Սուրիահայութեան Համար

By November 21, 2012 November 15th, 2015 News

ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 34րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 9-11 Նոյեմբեր 2012ին, ՀՄԸՄի «Գէորգ Անտոնեան» սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան:

Շրջանի ՀՄԸՄի եռօրեայ բարձրագոյն այս ժողովը առիթ էր քննարկելու եւ համապատասխան արժեւորումը տալու ընթացաւարտ Շրջ. վարչութեան երկամեայ գործունէութեան: Շրջանի 17 մասնաճիւղերէն՝ ժողովին մասնակցեցան 108 ընտրեալ ներկայացուցիչներ եւ աւելի քան 20 հրաւիրեալներ, որոնց կարգին էին ՀՄԸՄի Կեդր. վարչութեան անդամ Յակոբ Թիւֆէնքեանը, շրջանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Անահիտ Ստեփանեանը, «Տիպար ՀՄԸՄական»ի տիտղոսին արժանացած քոյր-եղբայրներ եւ վաստակաշատ ՀՄԸՄականներ:

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչն էր Վիգէն Դաւթեան:

Ժողովի բացումը կատարեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Աբրահամեանը, որ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք՝ շնորհակալութիւն յայտնեց շրջանի ՀՄԸՄի մեծ ընտանիքին եւ Շրջ. վարչութեան, ապա՝ գեղեցիկ անակնկալով մը, Շրջ. վարչութեան անունով գնահատագիր մը յանձնեց Սեւակ Կարապետեանին՝ բարձր գնահատելով անոր սկաուտական պատասխանատու աշխատանքները ՀՄԸՄի Փասատինայի «Ազատամարտ» մասնաճիւղէն եւ Շրջանային մարզական բաժանմունքէն ներս:

Այնուհետեւ, ան հրաւիրեց ժողովը՝ ընտրելու իր առժամեայ դիւանը: Առժամեայ դիւանի ատենապետ ընտրուեցաւ Մարօ Քէշիշեան, իսկ քարտուղար՝ Սիլվանա Աբուլեան, որոնք աւելի ուշ ստանձնեցին նաեւ մնայուն դիւանի պարտականութիւնը. անոնց իբրեւ ատենապետ միացաւ Արմէն Աբրահամեանը, իսկ իբրեւ քարտուղար՝ Պեթի Մկրեանը:

Լիազօրագիրներու ստուգումէն ետք ժողովը օրինաւոր նկատուեցաւ եւ որոշեց խորհրդակցական ձայնով իր հրաւիրեալները, ապա ընտրեց ժողովին անհրաժեշտ քուէախոյզ, բանաձեւի եւ նախահաշիւի յանձնախումբերը: Շրջ. վարչութեան երկամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, նախապէս ղրկուած ըլլալով ներկայացուցիչներուն՝ չընթերցուեցաւ, իսկ նիւթական տեղեկագիրի ներկայացումէն ետք՝ ժողովը լսեց հաշուեքննիչ եւ արխիւային յանձնախումբերու զեկոյցները, որոնց յաջորդող լուսաբանական հարց ու պատասխաններէն ետք՝ ժողովը, ըստ էութեան, քննարկեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը: Բոլոր ելոյթ ունեցողներն ալ բարձր գնահատեցին վարչութեան գործունէութիւնը, որ հակառակ տիրող տնտեսական ծանր վիճակին, կրցած էր իրեն վստահուած պարտականութիւնները կատարել:

Շաբաթ, 10 Նոյեմբերին, ժողովականները յանձնախումբերու բաժնուեցան եւ քննեցին մասնաճիւղերէն ու անհատներու կողմէ ներկայացուած ՀՄԸՄի կազմակերպչական, դաստիարակչական, մարզական, սկաուտական, բանակավայրի, Նաւասարդեան մարզախաղերու, հանրային կապ-մամուլի, քարոզչական եւ կանոնագրային նիւթերու առնչուող առաջարկները, ապա, վաւերացման համար՝ զանոնք ներկայացուցին ժողովին: Բոլոր առաջարկները կ՛առնչուէին երիտասարդութիւնը ՀՄԸՄի շուրջ համախմբելու, անոնց հայեցի դաստիարակութիւն եւ առողջ մթնոլորտ ստեղծելու հրամայականին՝ զարկ տալով Միջմասնաճիւղային, Հայրենիք-Սփիւռք սկաուտական եւ մարզական գործունէութիւնը զօրացնելու եւ Նաւասարդեան մարզախաղերը ընդլայնելու գաղափարներուն:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ սուրիահայութեան դիմագրաւած արհաւիրքին եւ տեղւոյն վրայ հանգանակեց 3000 տոլար գումար մը՝ զայն տրամադրելու Սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին՝ հետագային բոլոր մասնաճիւղերէն ներս հանգանակային այդ նոյն աշխատանքը շարունակելու հաստատակամութեամբ:

Կիրակի, 11 Նոյեմբերի յետմիջօրէին, Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան նախահաշիւի վաւերացումէն ետք տեղի ունեցաւ Շրջանային վարչութեան ընտրութիւնը, որ աւարտեցաւ հետեւեալ 9 քոյր-եղբայրներու ընտրութեամբ.

Սիլվանա Աբուլեան, Ռաֆֆի Ցնծալեան, Կարէն Մեսրոպեան, Մանուէլ Մարսէլեան, Վիգէն Աբէլեան, Շահիկ Աղաբաբեան, Գառնիկ Աբրահամեան, Սիմա Կարապետեան եւ Ալեք Արարատեան:

Ժողովի վերջին բաժինով, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անունով շնորհաւորական ելոյթ ունեցաւ Վիգէն Դաւիթեանը, որ բարձր գնահատեց ժողովականներու ներդրումը՝ ժողովի յաջող ընթացքին: Ան գնահատեց նաեւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութիւնը, իսկ նորընտիր Շրջանային վարչութեան կազմին իր լաւագոյն բարեմաղթանքները փոխանցեց:

Ժողովի դիւանին անունով ելոյթ ունեցան զոյգ ատենապետները, որոնք շնորհաւորելով ժողովականներու աչալուրջ մօտեցումը, առողջ քննարկումներն ու ներկայացուցած օգտաշատ առաջարկները՝ յաջողութիւն մաղթեցին անոնց ապագայ գործունէութեանց, մասնաճիւղային եւ շրջանային մակարդակներու վրայ: Յատկապէս Մարօ Քէշիշեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովականներուն, որ առիթը ընծայեցին իրեն ըլլալու իգական սեռի առաջին ներկայացուցիչը, որ կը վարէ շրջանի ՀՄԸՄի բարձրագոյն ժողովը:

Եռօրեայ նստաշրջանը վերջ գտաւ Կիրակի, 11 Նոյեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 3ին, ՀՄԸՄի «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:

Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբերի երեկոյեան, ՀՄԸՄի 34րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովի դիւանին հրաւէրով, տեղի ունեցաւ նորընտիր Շրջ. վարչութեան առաջին ժողովը՝ ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան գրասենեակէն ներս, մասնակցութեամբ Կեդր. վարչութեան անդամներ Վիգէն Դաւիթեանի եւ Յակոբ Թիւֆէնքեանի: Ժողովի ընթացքին, բարեմաղթանքներու փոխանցումներէն ետք՝ տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն: Շրջ. վարչութեան ատենապետ ընտրուեցաւ Գառնիկ Աբրահամեանը, քարտուղար՝ Ռաֆֆի Ցնծալեանը, իսկ գանձապահ՝ Ալեք Արարատեանը:

Source: Asbarez News