«ՀՈՐԻԶՈՆ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՀՅԴ ԳԱՆԱՏԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆԻՆ ՀԵՏ – Սուրիոյ Հայութեան Տագնապը Մեր Այսօրուան Գերխնդիրն Է

By January 10, 2013 November 15th, 2015 News

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան գծով Գանատայի հայութիւնը անմիջապէս զօրաշարժի ենթարկեց իր ուժերը: Ի՞նչ ձեւով կազմակերպուեցաւ այս աշխատանքը: ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Երբ Հալէպն ու Դամասկոսը սկսան անմիջականօրէն բախումներու թատերաբեմ դառնալ, Սփիւռքի հայկական գաղութները, ներառեալ Գանատան, զօրաշարժի ենթարկեցին իրենց համայնքային ու կազմակերպական կառոյցները, օգնութեան ձեռք երկարելու սուրիահայութեան:

Գանատայի պարագային, Հայ Դատի յանձնախումբի միջոցով, առաջին հերթին կապ հաստատեցինք գանատական իշխանութիւններուն հետ, անոնցմէ յստակ ցուցմունք եւ խորհրդատուութիւն ստանալու դէպի Սուրիա օժանդակութիւն ուղարկելու ձեւաչափին առնչութեամբ: Այս ծիրէն ներս հանդիպեցանք արտաքին գործոց նախարար Ճոն Պէյրտի եւ ներգաղթի նախարար Ճէյսըն Քենիի հետ: Երկու նախարարներու ուշադրութեան յանձնած ենք նաեւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ բնակչութեան նօսրացման խնդիրը: Այսօր, արդէն օրըստօրէ աւելի պարզ կը դառնայ, որ Սուրիոյ հայութիւնը կը դիմագրաւէ նաեւ արտաքին վտանգներ, որոնցմէ գլխաւորը՝ թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ գործօնն է: Արդէն իսկ լրատուական աղբիւրներ կը տարածեն հաւաստի լուրեր, թէ ընդդիմադիր ուժերու մէջ կը գտնուին թուրք եւ ատրպէյճանցի զինեալներ: Այս ուղղութեամբ, մեր Հայ Դատի յանձնախումբը լուրջ աշխատանք նախաձեռնած է եւ հարցը մօտէն կը հետապնդէ արդէն:

Գանատահայութիւնը, սուրիահայութեան տագնապի դժուարութիւնները թեթեւցնելու առաջադրանքով, համախմբուածութեամբ, միահամուռ ճիգերով, կազմեց «Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Գանատայի համադրիչ մարմին»ը, բաղկացած երեք հայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներէն, ազգային երեք կուսակցութիւններէն (ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ) եւ ՀՕՄի ու ՀԲԸՄի ներկայացուցիչներէն: Հիմնական նպատակը այս համախմբումին դէպի Սուրիա մարդասիրական եւ նիւթական նպաստներ առաքելն է, Սուրիոյ պատերազմական իրավիճակէն տուժած բոլո՛ր հայրենակիցներուն անխտիր: Նշեալ համադրիչ մարմինի ատենապետն է Ժան Հալլաճեանը, իսկ համադրիչ մարմինի երկլեզու կայքէջի հասցէն է` www.supportsyrianarmenians.ca:

Հանգանակային ձեռնարկներ կատարուած են Թորոնթոյի, Մեծն Մոնթրէալի, Համիլթընի, Ս. Գաթրինզի, Վանգուվըրի, Ուինտզըրի եւ Գեմպրիճի մէջ: Նուիրահաւաքի ընդհանուր գումարը հասած է 160 հազար տոլարի:

Սուրիոյ հայութեան տագնապը մեր այսօրուան գերխնդիրն է:

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- 2012ին ի՞նչ աշխատանքներ տարաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբը:

ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.-Ինչպէս գիտէք, Գանատայի մէջ Հայ Դատի աշխատանքներու գծով լայնածաւալ դաշտ ունինք: Լոպիյինկը կ՛ենթադրէ հետեւողական աշխատանք եւ մեր շրջաններու Հայ Դատի յանձնախումբերը, դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակներու վրայ կը շարունակեն կատարել լոպիյինկի աշխատանքը: Այս ծիրէն ներս, քաղաքական պաշտօնատարներու կամ խմբաւորումներու հետ մեր հանդիպումներու ընթացքին կը ներկայացնենք Հայկական Ցեղասպանութեան, հատուցման, Արցախի, Ջաւախքի թղթածրարները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ կրօնական ազատութեանց կաշկանդման թղթածրարը: Մեր աշխատանքները կը շարունակուին նաեւ Գանատայի շարք մը նահանգներու կրթական ծրագիրներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսուցումը ընդգրկել տալու առնչութեամբ:

Գանատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան բաժանմունքի կառուցման գծով, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով 2012ին Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի հայ կեդրոնները այցելեցին անատայի Մարդկային իրաւանց թանգարանի հանրային յարաբերութեանց պատասխանատու Անժէլա Քասի եւ արխիւներու հետազօտութեանց բաժանմունքի վարիչ տոքթ. Քլինթ Քըրլ: Պաշտօնական այս հանդիպումներուն նպատակն էր գանատահայութեան համայնքային ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներուն ծանօթացնել Մարդկային իրաւանց թանգարանին մասին: Թանգարանը կը գտնուի Մանիթոպա նահանգի Ուինիփէկ քաղաքին մէջ: Կառուցման աշխատանքները սկսած են 2007ին եւ պիտի աւարտին 2014ին: 2007ին, վարչապետ Հարփըր թանգարանը հռչակեց ազգային թանգարաններուն շարքին գործող թանգարան: 2012ը առիթ եղաւ նաեւ, որ Հայ Դատի յանձնախումբերը ծանօթանան վերջին դաշնակցային ընտրութիւններէն ետք գանատական խորհրդարան նոր մուտք գործած անդամներու հետ, յատկապէս ընդդիմադիր Նոր դեմոկրատ կուսակցութեան նորընտիր անդամներուն հետ: Մեր յարաբերութիւնները կը շարունակենք իշխող Պահպանողական կուսակցութեան հետ, ինչպէս նաեւ Ազատական կուսակցութեան հետ:

Յատուկ աշխատանք կը տարուի նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման ենթահողը պատրաստելու ուղղութեամբ: Գանատայի մէջ յառաջացած է միացեալ մարմին այս ուղղութեամբ եւ յանձնախումբի ատենապետն է Մհեր Գարագաշեան: Այս յանձնախումբին հետ սերտօրէն կը համագործակցի Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան պրն. Արմէն Եգանեանը: Այստեղ չմոռնանք նշելու թրքական եւ ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութիւնները դիմագրաւելու ծանր աշխատանքը: Արդէն մի քանի տարիէ ի վեր, ատրպէյճանական կողմը կը փորձէ Գանատայի մէջ քարոզչութիւն կատարել Խոջալուի առնչութեամբ:

Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած ատրպէյճանցի ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի հունգարական իշխանութիւններուն կողմէ Պաքուի արտայանձնման հարցով, Գանատայի հայութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, Սեպտեմբեր 12ին, Օթթաուայի հունգարական դեսպանատան մէջ հանդիպում ունեցաւ Գանատայի մօտ Հունգարիոյ դեսպան Լազլոյ Բորտանիի հետ, որուն ընթացքին, հայկական պատուիրակութիւնը հունգարացի պաշտօնատարին փոխանցեց Գանատայի հայութեան զայրոյթն ու բողոքը Պուտափեշտի առած որոշումին առնչութեամբ: Գանատահայ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբէն, Գանատայի Հայոց առաջնորդութենէն եւ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութենէն ներկայացուցիչներ:

Մեր համագործակցութիւնը կը շարունակենք նաեւ Ուաշինկթընի Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գրասենեակին հետ, որուն ներկայացուցիչն է պրն. Ռոպերթ Աւետիսեանը:

2012ի Յուլիսին, Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, ՀՀ դեսպանատան համագործակցութեամբ եւ ԼՂՀ իշխանութիւններու հրաւէրով, Հայաստան այցելեցին Գանատայի խորհրդարանի անդամներ Ճիմ Գարիճիանիսն ու Ալեքսանտր Պուլրիսը, որոնք նաեւ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան փոխ նախագահներն են: Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Յակոբ Յակոբեան մաս կը կազմէր գանատական խորհրդարանական պատուիրակութեան: Ճիմ Գարիճիանիս իբր դիտորդ ներկայ գտնուեցաւ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն: Յանձնախումբը շարունակեց մօտէն համագործակցիլ Գանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան նախագահ տոքթ. Հարըլտ Ալպրեխթի հետ:

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ինչպէ՞ս կ’արժեւորէք ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան միութեան եւ Երիտասարդական միութեան անցնող տարեշրջանը:

ՐԱՖՖԻ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ.- Իմ ընդհանուր արժեւորումս դրական է: Պատանեկանի պարագային, վերջին տարիներուն զգալի է գործունէութեան աշխուժութիւնը եւ յատկապէս նոր անդամագրուողներու թուական աճը: 2012ին, աւելի քան 60 պատանիներ մասնակցեցան հայաստանագնացութեան: ԳԵՄի պարագային, նոյնպէս յաւելում արձանագրած է նորագիրներու թիւը: 2012ի Յուլիսին, ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան (ԳԵՄ) 7 վարիչ անդամներ կազմակերպեցին ամառնային ճամբար մը Լոռի մարզի Վանաձոր քաղաքին մէջ: Երկու շաբաթուան ընթացքին, շուրջ հարիւր երեխաներ, 8-14 տարեկան, անվճար յաճախեցին այս ճամբարը: Ծրագիրը կ’ընդգրկէ զանազան խաղեր, ձեռային աշխատանքներ, երգեցողութիւն եւ անգլերէն դասեր, ինչպէս նաեւ երեխաներուն առօրեայ սնունդի մատակարարումը: Այս ծրագիրը ամէն տարի պիտի կրկնուի ՀՅԴ ԳԵՄին կողմէ: Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը դաժանաբար սպաննած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովը ազատ արձակելու Հունգարիոյ պետութեան որոշումին ու Ատրպէյճանի նախագահի անոր ազատութիւն տալու քայլին իբր բողոք, Սեպտեմբեր 7ին Օթթաուայի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական միութեան կողմէ կազմակերպուած բողոքի ցոյցը, որ սկիզբ առաւ Օթթաուայի հունգարական դեսպանատան դիմաց: ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան անդամներու կողքին բողոքի ցոյցին մասնակից էր նաեւ Թորոնթոյի ՀՕՄի ամենօրեայ վարժարանի եւ Մոնթրէալի Ս. Յակոբ Ազգային վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտութիւնը: Հայ երիտասարդութեան կողմէ բողոքի նամակ յանձնուեցաւ Հունգարիոյ դեսպանատան: Մէկ ժամ տեւող ցոյցէն ետք, ՀՅԴ ԵՄի, ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» ուսանողական միութեան, ՀԲԸՄի եւ Գանատայի Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ երիտասարդական միութեան անդամները ուղղուեցան դէպի ատրպէյճանական դեսպանատուն, ուր շարունակեցին բողոքի ցոյցը: