ՈՒ՞Ր Է ԱՐԴԵՕՔ ՀԱԼԷՊՑԻ ՀԱՄԲՕՆ

By January 19, 2013 November 15th, 2015 News

Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի սուրիահայութեան ապրած վիճակը աշխարհացրիւ հայութեան ոչ միայն խոր ցաւ ու մտահոգութիւն կը պատճառէ, այլ կը մղէ իւրաքանչիւրս զօրակցելու եւ օժանդակելու մեր հարազատներուն ու հայրենակիցներուն, այդ ըլլայ անձնական կամ կազմակերպութիւններու միջոցաւ:

Այս օրերը ու հոգեվիճակը անծանօթ չեն մեզմէ շատ շատերուն համար: Տասնեակ մը տարիներ առաջ, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն նոյն մտահոգութիւններն ու սարսափը ապրած ենք երկար տարիներ: Ամէն անգամ որ ռումբ մը պայթած էր հայկական թաղերու մէջ, ամէն անգամ որ ահռելի զարկը խուճապի, սարսափի ու սուգի մատնած էր շէն ու կենսունակ քաղաքի արեւելքն ու արեւմուտքը, մենք, Լիբանանէն հեռու, ընկճուած ու մտահոգ՝ սպասած էինք լուրի: Ինչպէս կրնայինք չմտահոգուիլ, չէ որ հոն էին հայր ու մայր, եղբայր ու քոյր, ամբողջ գերդաստան ու ընկերներ, նաեւ դպրոց , ակումբ ու եկեղեցի: Այդ օրերուն չկային այսօրուան հաղորդակցական արագ միջոցները ու մեր հարազատներու հետ կապի մէջ մտնելը շատ անգամ դժուար ու մտահոգիչ կը դառնար:

Այսպէս անցան տարիներ:

Հակառակ քանդումին, անգործութեան եւ բոլոր դժուարութիւններուն, ոմանք մնացին կառչած այդ հայկական փիւնիկին, ուրիշներ ակամայ, իրենց զաւակներուն բարօրութեան եւ ապահով ապագայի մը յոյսով, գաղթեցին, ետին ձգելով, իրենց ալեհեր հայրն ու մայրը, ընկերներ, հարազատներ, հարազատներու շիրիմներ՝ ամբողջ երկիր մը, որ եղեր էր բոլորիս համար այնքան հարազատ ու սիրելի:

Այդ երկար ու դժուար տարիները, Լիբանանէն հեռու, մենք ապրեցանք ու շնչեցինք Radio Monté Carlo-ի եւ BBC-ի հաղորդումներու շուրջ, ամէն օր վերջնական զինադադարի եւ խաղաղութեան աւետումին սպասելով…

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ոչ միայն շատ մը հայ ընտանիքներ, այլ մեր ազգային, մշակութային եւ կրթական կառոյցները մատնուած էին ծանր ու անձուկ վիճակի: Բարեբախտաբար աշխարհացրիւ հայեր ու բարեսիրական կազմակերպութիւններ իրենց նիւթական ու բարոյական օգնութիւնը չզլացան այդ հայաշատ ու հայատրոփ ամրոցին: Կարելի չէր անտեսել սփիւռքի կարեւորագոյն գաղութներէն մէկուն ապրած ահաւոր դժուարութիւնները, եւ անոր գոյութեան սպառնացող մութ ու ծանր վտանգները:

Ահա այդ օրերուն էր, որ մենք, Սէուտական Արաբիոյ մէջ ապրող խումբ մը հայեր, որոշեցինք անսալ Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի կոչին ու միասնաբար օգնութեան ձեռք երկարել մեր ազգի զաւակներուն: Այդ օրերուն Սէուտական Արաբիոյ արեւելեան շրջանի քաղաքներուն մէջ կ’ապրէին շուրջ հարիւր հոգի՝ կեդրոնացած Տահրան, Տամմամ եւ Ալ-Խոպար քաղաքներու մէջ: Տարբեր ասպարէզներու տէր երիտասարդներ, սակաւաթիւ ընտանիքներ, ընդհանրապէս եկած էին Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրաքէն, բոլորս մասնակից էինք նաւթով հարուստ այս երկրի շինարարական ու բարգաւաճման ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն: Մեր ընտանեկան եւ բարեկամական յաճախակի հանդիպումներու ընթացքին միշտ նոյն էր նիւթը՝ Լիբանանի պատերազմը, , ժողովուրդի տագնապալի վիճակը, հայութիւնը եւ հայկական թաղերը պաշտպանող մեր հերոս տղաքը:

Ահա այս հանդիպումներէն մէկուն ընթացքին էր, որ բարեկամներով որոշեցինք, Կաղանդի առթիւ, կազմակերպել կոկիկ հանգանակութիւն մը ու գոյացած գումարը հասցնել Լիբանան: Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ծանօթ հայ բարեկամին պիտի տեղեկացներ ու ապահովեր իւրաքանչիւր հայրենակիցի մասնակցութիւնը: Որոշուեցաւ ժամկէտ ու գործի սկսանք:

Վերջապէս հասած էր սպասուած օրը: Բարեկամներու ու հեռաւոր ծանօթներու խանդավառ խումբ մը հաւաքուած էր մեր տունը: Մեծ էր բոլորիս ուրախութիւնը: Սպասուած գումարէն շատ աւելին արդէն կրցած էինք գոյացնել կարճ ժամանակի մը ընթացքին: Մեր համեստ քայլը պսակուած էր յաջողութեամբ: Գոհունակ տրամադրութեամբ ամէն մարդ մեկնեցաւ՝ քաջ գիտնալով, որ այդ գումարը շուտով պիտի հասնէր Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարան՝ ձեռամբ երիտասարդ մեր բարեկամին, որ տօնական օրերու առթիւ կը վերադառնար Պէյրութ, իր ընտանիքին հետ անցնելու համար Կաղանդն ու տօնական օրերը:

Դուրսը մութ գիշեր էր արդէն: հանդարտած էր տունը, երեխաները արդէն քնացած էին : Յանկարծ դրան զանգը հնչեց: Անսովոր բան. ուշ գիշերով, առանց լուրի մարդ մարդու տուն երթալու սովորութիւն չկար հոն, իսկ մեր բարեկամները շատոնց մեկներ էին արդէն: Յակոբը, ամուսինս, զարմացած հասաւ դրան առջեւ: Փակ դրան ետեւէն ձայն մը լսեցինք. «Մանճիկեաններուն տու՞նն է հոս» հայերէնով: Ո՞վ կրնար ըլլալ այս ուշ ժամուն: Երբ դուռը բացինք՝ մեր առջեւ կանգնած էր երիտասարդ մը, ձեռքին թուղթէ տոպրակ մը բռնած.

– Գիտէի, որ այսօր ձեր տունը պիտի հաւաքուէին տղաքը: Ես Ալ-Հասայի շրջանը կ’աշխատիմ, ասկէ երեք ժամ հեռու: Աւելի կանուխ չհասայ, բայց ուզեցի անպայման մասնակցիլ հանգանակութեան: Այս տոպրակին մէջ երկու հարիւր րիալ կայ, յուսամ ուշացած չեմ:
Ապշած ու յուզուած էինք: Ալ-Հասան այդ օրերուն մեկուսացած ովասիս մըն էր՝ հեռու մեծ քաղաքներէն: Ո՞վ ըսեր էր իրեն, ի՞նչպէս հասած էր իրեն լուրը, եւ ինչ երկար ճամբայ կտրած էր այս ուշ ատեն:
– Ներս հրամմեցէք: Ո՞վ էք, ո՞վ լուր տուաւ ձեզի: Այս հարցումներու տարափը կը տեղացնէինք երիտասարդին գլխուն… – Անունս Համբօ է, հալէպցի Համբօ կ’ըսեն: Վեց ամիսէ ի վեր հոս եմ, գործաւոր եկանք, բայց հեռու ըլլալով շատ չեմ գար քաղաք:
Երկար չնստաւ Համբօն այդ գիշեր, թէեւ յուսախաբ էր որ չհանդիպեցաւ խումբի միւս անդամներուն, բայց շատ ուրախ էր, որ իր բաժինը ժամանակին հասցուցած էր տեղ եւ մասնակցած կատարուած լաւ գործին:

Թուղթէ տոպրակը ձգեց մեզ մօտ ու մեկնեցաւ: Ոչ, Համբօն չէր ուշացած իր բաժինը բերելու:

Հալէպցի Համբոյին մենք ուրիշ անգամ չտեսանք, սակայն թղթադրամներով լեցուն տոպրակը տակաւին աչքիս առջեւն է, իսկ Համբոյի վեհանձնութիւնը եւ գոհունակ ժպիտը կը մնայ անապատի անուշ ու անմոռանալի յիշատակներէս մէկը:

Բայց ու՞ր է արդեօք այսօր հալէպցի Համբօն: