«Հայեր միացէ՛ք…Սուրիահայն է կանչում օգնութեան հասէ՛ք» …Օրուայ հանդիսութեան աւարտի երգն էր: Նոյնիսկ նոյնինքն յօրինող Գուսան Հայկազունի համար հասկնալի էր բառերուփոփոխութիւնը, որ հմտօրէն կը կատարէին Անի Զարգարեան եւ Թամար Մելքոնեան, Մարթին Յարութիւնեանի ղեկավարած «Արեւ» (Մարկոս Շահբազեան` հարուածային գործիքներ, ՏիգրանԱւետիսեան` տուտուկ, Զօրի Պապրուտի` տուտուկ եւ Ստեփան Մկրտիչեան` պէյս կիթար) նուագախումբին հետ: Արդարեւ, Արցախն ու ընդհանրապէս Հայրենիքը չէին այդ օրուայ`ա «կանչող»ը`կիզակէտը, այլ Սուրիահայութիւնը:

Բծախնդրութեամբ պատրաստուած էր, Մեծն Պոսթընի հայութեան կազմակերպութեամբ «Հայեր Միացէ՛ք…» գեղարուեստական հանդիսութիւնը, որուն հասոյթը, ամբողջութեամբ պիտիտրամադրուի Սուրիահայութեան:

Ամիսներէ ի վեր, շրջանի բոլոր քաղաքական, մշակութային, մարզական, ընկերային ծառայութեան, կրթական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, քրտինք թափեցին, որպէսզիիրագործեն այս ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Լեքսինկթընի Ազգային Ժառանգութեան Թանգարանէն (National Heritage Museum) ներս:

Կատարուեցաւ տէրունական աղօթք, մասնակցութեամբ չորս յարանուանութիւններու հովիւներուն: Բացման խօսքը կատարեց յանձնախումբի ատենապետ Մուրատ Մանուկեան, որ յայտնեցթէ բազմիցս հայութեան սիրտը նկատուած Սուրիահայութիւնը, այսօր կ՛ապրի ահաւոր առօրեայ մը, եւ կարիքն ունի շտապ օգնութեան: Ան յայտնեց թէ, այսօրուայ հանդիսութիւնը, նուիրուած էօրինակելի գաղութի մը, որ միշտ ալ թիկունք կանգնած է հայութեան:

Օրուան ձեռնարկը, որ կը բաղկանար երկու մասերէ հարուստ ու երկար էր, սակայն երբեք ձանձրացուցիչ: Առաջին մասը դասական էր, իսկ երկրորդ ունէր տոհմիկ բնոյթ:

Դասական բաժնի եւ նոյնիսկ ընդհանրապէս օրուայ հանդիսութեան կարեւորագոյն կտորը, որ առաջին անգամ ըլլալով կը ներկայացուէր, երիտասարդ տեղացի երաժիշտ-յօրինող ԱրաՍարգիսեանի «Յարատեւ Յոյսը` Գարնան» (“The Perpetual Hope of Spring”) գործն էր, որ պատրաստուած էր այս յատուկ ձեռնարկին համար: Գարունը կը սպասուի, սակայն ձմեռնային դժնդակցուրտը կը շարունակուի եւ տեւողութիւնը, սպասուածէն շատ աւելի երկար է:

Այս դժուար ու ազդեցիկ գործը ամէնայն հմտութեամբ եւ բծախնդրութեամբ ներկայացուեցաւ ջութակահար Լեւոն Չիլինկիրեանի եւ նոյնինքն յօրինող` Արա Սարգիսեանի կողմէ:

Աւարտին յոտընկայս ծափողջոյնները տեւեցին երկար: Ապա, հանրահռչակ «Չիլինկիրեան Քառեակ»ի ջութակահարը, դաշնակահար Լիլիթ Կարապետեան-Շուկարեանի հետ նուագեց ՖրանցՇուպերթի մէկ «Սոնաթինա»ի ռոնտոն, նաեւ Առնօ Պապաճանեանի ջութակի հատանուագէն մաս մը:

Լիլիթ Կարապետեան-Շուկարեան, սոլօ նուագեց Շօփէնի մէկ «վալս»ն ու Առնօ Պապաճանեանի հռչակաւոր «Էլեկիա»ն:

Գեղարուեստական յայտագրի ազդանշանը տուաւ երգիչ Եղիշէ Մանուչարեան, որ Լիլիթ Կարապետեան-Շուկարեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ ներկայացուց Կոմիտասի «Հայաստան»ն ու Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ» օփերայի «Սարօ» արիան:

Ապա, միշտ Լիլիթ Կարապետեան-Շուկարեանի դաշնակի ընկերակցութեամբ, ելոյթ ունեցաւ երգչուհի Վիքթորիա Աւետիսեան, որ իր կարգին ներկայացուց Արմէն Սմբատեանի «Հայաստան»ն ու Կոնստանթին Պետրոսեանի «Տիրամայր»ը: Այլ սոփրանօ երգչուհի մը` Քնարիկ Ներկարարեան, իր կարգին, ամենայն հարազատութեամբ երգեց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»ն ու Երանեան-Եկմալեանի «Կիլիկիա»ն:

Քառորդ ժամ ընդնիջումէ ետք, ազդանշանը տրուեցաւ, յայտագրի երկրորդ մասին, որ ունէր տոհմիկ բնոյթ: «Զանգակներ» մանկական երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Յասմիկ Քոնճոյեանիներկայացուց ազգայնական երգերու փունջ մը, Ամիրխանեանի «Երազ Իմ Երկիր» եւ Քարամեանի «Իմ Անուշ Մայրիկ» երգերու ներկայացումէն ետք: Արտասանութեամբ եւ մեներգութեամբ,փայլեցան Անժելա Հաճճար, Սոնա Յակոբեան, Սանան եւ Սարին Մարուխեաններ:

Ապա, «Ապագայ» պարախումբը ղեկավարութեամբ` Աբօ Աշճեանի, ներկայացուց «Ծովից Ծով»ը: Իսկ, Համազգայինի պատանեկան «Էրեբունի» պարախումբը, ղեկավարութեամբ` ԱրմանՄնացականեանի «Կատակ պար», «էրզրումի Շօրոր», «Շալախօ» պարերը:

Մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց պարմանուհի Մարի Կալսթեան, որ ամէնայն համարձակութեամբ երգեց Ալթունեանի «Տարօնի»ն եւ Սայաթ Նովայի «Ես քու Ղիմեթըն»ը, ընկերակցութեամբ «Արեւ» նուագախումբին, որ նաեւ Անի Զարգարեանի եւ Թամար Մելքոնեանի հետ հրամցուց Գուսան Բագրատի «Մի Վարդ Ես»ն ու Իսահակեանի «Պինկէօլ»ը:

Աբօ Աշճեանի ղեկավարութեամբ «Սայաթ Նովա» պարախումբը, արդիականացած ոճով ներկայացուց «Ճահէլ Սիրտս», «Քոչարի» եւ «Նարէ Նարէ» պարերը:

Հուսկ, «Հայեր միացէ՛…»ն էր, որ Զարգարեան եւ Մելքոնեան երգեցին… «Սուրիահայն է կանչում օգնութեան հասէ՛ք»ը, անակնկալի բերելով եւ յաւելեալ տպաւորելով ներկաները:

Ձեռնարկի աւարտին, ներկաները որոնք դեռ օր մը առաջ Պոսթընի մարաթոնի խափանարարական արարքի հետեւանքներու եւ զարգացումներու արդիւնք, ստիպողաբար բանտարկուած էին, իրենց բնակարաններէն ներս, մեծ գոհունակութեամբ հեռացան սրահէն:

Նշենք թէ, այս ձեռնարկին հաւաքուած հասոյթն էր $30,500, որ ամբողջութեամբ տրամադրուեցաւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Ֆոնտին: Յառաջիկային, կազմակերպիչյանձնախումբը լոյս պիտի ընծայէ յատուկ հաղորդագրութիւն մը, փոխանցելով յաւելեալ տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ:

Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք Սուրիահայութեան նուիրուած «Հայեր Միացէ՛ք…» ձեռնարկին առթիւ, կազմակերպիչ մարմնի յանձմախումբի ատենապետ Մուրատ Մանուկեանի խօսքըամբողջութեամբ.-

Արժանապատի՛ւ հոգեւոր հայրեր`

Սիրելի՛ եւ Յարգելի՛ Արտակ Բեգլարեան` Արցախի հանրապետութեան Վարչապետի Օգնական

Սիրելի՛ եւ Յարգելի՛ Ներկաներ`

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան միացեալ աշխատանքներու ծիրէն ներս իրագործուող այս ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմնի անունով բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեզի եւ կը խոստանամարուեստի բացառիկ երեկոյ:

Մարդկային պատմութեան մէջ աղէտները, դժբախտութիւնները, զրկանքներն ու չարչարանքները ողբալով ու սգալով չէ, որ ամոքուած են: Անոնց ամոքումը տուեալ հաւաքականութեան մօտցուցաբերուած գոյատեւելու եւ յարատեւելու աննկուն կամքի, յոյսի եւ հաւատքի առկայութեամբ պայմանաւորուած է:

Այսօր, եւ հակառակ անոր, որ երբեմնի ծաղկուն եւ բարգաւաճ Սուրիահայ գաղութը երկրին մէջ տիրող իրավիճակին պատճառով ենթարկուած է ընկերա-տնտեսական բազում զրկանքներու եւնիւթական ահաւոր մասշտաբի հասնող վնասներու սակայն` Սուրիահայը յարատեւելու աննկուն կամք կը դրսեւորէ, այդ իրավիճակին մէջ շարունակելով իր կեանքը իր բոլորբաղադրիչներով` դպրոցով, եկեղեցիով, միութիւններով եւ ձեռնարկներով թէկուզ` կրճատուած ժամանակացոյցով եւ կրճատուած հնարաւորութիւններով: Սուրիահայի ցուցաբերածյարատեւելու աննկուն կամքի ներշնչարանը, յոյսի եւ հաւատքի աղբիւրը ոչ միայն վաղեմի այդ գաղութի ամրակուռ հիմերն են այլ նաեւ` մենք սիրելի՛ ներկաներ: Մենք, Սուրիայէն դուրս գտնուողհայութեան հատուածը, որ ինքզինքին թոյլ չի տար մնալու հանդիսատեսի դերին մէջ այլ` ներգործօն մասնակցութեամբ իր լուման ներդնելու` ամոքելու Սուրիահայուն թախիծը եւ գէթ մասամբբաւարարելու հսկայ զանգուածի մը առօրիայի պէտքերը.- սնունդ, հագուստեղէն, դեղօրայք: Այո սիրելի՛ ներկաներ, սնունդ, հագուստեղէն, դեղօրայք, յիշելու hամար մի քանին:

Սուրիահայութեան իրավիճակը եւ Սուրիահայութեան նեցուկ կանգնելու հրամայականը արդէն համազգային օրակարգ է: Պէտ՛ք էր ըլլար: Հայութեան մէն մի հատուածի տառապանքն ուպէտքերը պէտք է ըլլան մնացեալ մեր բոլորին ուշադրութեան կիզակէտին, այնպէս ինչպէս ընտանիքի մէկ անդամին պէտքերն ու հոգսերը, յանուն‘ ազգի բարօրութեան:

Մայր հարենիքը, Հայաստանով եւ Արցախով, ինչպէս նաեւ` աշխարհասփիւռ մեր գաղութները բոլորն ալ լծուած են Սուրիահայութեան օժանդակելու ժրաջան աշխատանքին: Մենք, ՄեծագոյնՊոստոնի գաղութը, անմասն չէինք կրնար մնալ եւ չենք ալ մնար այդ աշխատանքներէն: Մեր խիղճն ու ազգային պատկանելիութեան խորը գիտակցումը թոյլ չէին տար մեզի մնալու անմասն այդաշխատանքներէն: Այսօրուան այս ձեռնարկը թող ըլլայ Սուրիահայութեան օժանդակութեան նուիրուած լայն մասշտաբի ձեռնարկներու շարքի մը առաջինը որուն հասոյթը ամբողջութեամբ,ամենաթափանցիկ միջոցներով եւ Մեծի Տանն Կիլիկոյ Կաթողիկոսարանի ճամբով պիտի հասնի Սուրիահայութեան:

Այս առիթով, կանխայայտ խորին շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ այսօրուան մեր յայտագրին մաս կազմող բոլոր արուեստագէտներուն, Եղիշէ Մանուչարեանին, ԼիլիթԿարապետեան-Շուկարեանին, Վիքթորիա Աւետիսեանին, Լեւոն Չիլինկիրեանին, Քնարիկ Ներկարարեանին եւ Արա Սարգիսեանին, որու «Յարատեւ Յոյսը` Գարնան» ջութակի եւդաշնամուրի համար յօրինած գործը այս առիթով առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի հանրութեան: Կանխայատ շնորհակալութիւն «Սայաթ Նովա» եւ «Ապագայ» պարախումբերունղեկավարութեամբ` Աբօ Աշճեանի: Համազգայինի «Էրեբունի» պարախումբին ղեկավարութեամբ` Արման Մնացականեանի: «Զանգակներ» մանկական երգչախումբին ղեկավարութեամբ` Յասմիկ Քոնճոյեանի եւ «Արեւ» երգչախումբին ղեկավարութեամբ` Մարթին Յարութիւնեանի:

Բոլոր արուեստագէտները անխտիր, առանց երկմտանքի եւ անսակարկ իրենց սիրայօժար մասնակցութիւնը կը բերեն երեկոյին յատուկ փայլք տալով այս ձեռնարկին:

Յատուկ շնորհակալութին նաեւ ձեզի սիրելի՛ ներկաներ, որ ձեր ներկայութեամբ քաջալեր կը հանդիսանաք ձեռնարկին տուն տուող նպատակին` Սուրիահայութեան օժանդակութեան ազնիւնպատակին:

Ի վերջոյ, շնորհակալութիւն նաեւ կազմակերպիչ յանձնախումբի մէն մի անդամին եւ բոլոր անոնց որոնք իրենց ժամանակը, քսակը, ջանքն ու ճիգը չխնայեցին արուեստի այս երեկոն հրամցնելումեզի:

Շնորհակալութիւն: