Սան Ֆրանսիսքոյի Եւ Ծովածոցի Գաղութէն Աւելի Քան 45,000 Տոլար Հանգանակուեցաւ Սուրիահայութեան Համար

By November 30, 2012 November 15th, 2015 News, Photos

Կիրակի, Նոյեմբեր 18, 2012ի երեկոյեան ժամը 5ին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահը դարձեալ ժամադրավայրն էր բազմահարիւր հայորդիներու, որոնք այս անգամ համախմբուած էին ոչ միայն իբր համերգի պարզ հանդիսատէսներ, այլ եկած էին օգնութեան ձեռք երկարելու սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք կը դիմագրաւեն աղէտալի պատերազմ, եւ բնականաբար՝ պատերազմի հետ առնչուող անբացատրելի մարտահրաւէրներ…

Սոյն ձեռնարկէն մէկ ամիս առաջ Ծովածոցի հինգ հայ եկեղեցիներու եւ հայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներով միացեալ յանձնախումբ մը յառաջացաւ, որպէսզի հիւսիսային Քալիֆորնիոյ հայութիւնն ալ իր մասնակցութիւնը բերէ սուրիահայերու կարիքներուն։ Արդարեւ, Ծովածոցի այս միացեալ յանձնախումբի ջանքերով, շուտով կազմակերպուեցաւ պատշաճ ձեռնարկ մը, որուն գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղացի արուեստագէտներ, հայրենիքէն հիւրաբար SARF-ի Լոս Անճելըլսի ձեռնարկին հրաւիրուած Լիլիթ Փիփոյեանն ու Ֆրանսայէն Վիգէն Դարբինեանը։

Ձեռնարկի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հայկական եւ Ամերիկեան քայլերգներով՝ Սեւան Պալապանեանի դաշնակի կատարողութեամբ։ Օրուան հանդիսավարն էր ՀԲԸՄի Սիլիքոն Վալիի ատենապետ Երուանդ Զօրեանը։ Ան ծագումով սուրիահայ ըլլալով՝ հետաքրքրական տեղեկութիւններ փոխանցեց ներկաներուն Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի հայ գաղութի իրագործումներու պատմականին մասին։ Ապա բեմ հրաւիրեց ՀՕՄի «Կարին» մասնաճիւղի եւ Սուրիահայ օժանդակ մարմինի հիւսիսյին Քալիֆորնիոյ միացեալ յանձնախումբի ատենապետուհի Ճիւտի Ճինկիրեանը:

Ճ. Ճինկիրեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն եւ յանձնախումբի անդամներուն, որոնք անցած մէկ ամսուան ընթացքին տքնաջան աշխատեցան սոյն երեկոյի յաջողութեան ի խնդիր։ Ան երկու նամակներ կարդաց Ներկայացուցիչներու տան անդամներ Ճեքի Սփիրի եւ Աննա Էշուի կողմէ, որոնք կը յայտնէին իրենց զօրակցութիւնը սուրիահայ գաղութին։

Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր այժմէական վաւերագրական տեսաերիզ մը՝ պատրաստուած Հալէպի Շտապ օգնութեան մարմինին կողմէ, որ անկասկած սրտաճմլիկ ու տխուր պատկեր կը ներկայացնէր այսօրուան աղէտալի պատերազմէն, միաժամանակ յոյժ գնահատելի երեւոյթ էր տեսնել Օգնութեան մարմինին սատարած կազմակերպչական եւ դրական ոգին՝ փութալով աղէտեալներու բոլոր կարիքներուն։

Սոյն ձեռնարկին տեղի ունեցաւ ճոխ եւ հաճելի գեղարուեստական բաժին, որուն ընթացքին բոլոր արուեստագէտները անխտիր իրենց սիրայօժար կամաւոր մասնակցութիւնը բերած էին ձեռնարկի դրամահաւաքի լուրջ նպատակին։ Լուիզ Նալպանտեան, դաշնակի կատարաղութեամբ, ներկայացուց Արամ Խաչատրեանի «Թօքաթա»ն՝ հմայելով ներկաները, ապա Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ տղոց երգչախումբը հրամցուց «Լեռներ Հայրենի»ն, «Հելէ-Հելէ Նինոյէ»ն, եւ «Հայր Մեր»ը՝ դաշնակի ընկերակցութեամբ Սեւան Պալապանեանի։

Նոյեմի Նարկիզեան յայտնի պարուսոյց մըն է, որ չորս տարիներ դասաւանդած է հայրենիքի մէջ, իսկ այժմ հիմնադիր ուսուցչուհին է Սան Ֆրանսիսքոյի «Արաքս» պարախումբին. անոր աշակերտուհիներէն Սադինէ Յարութիւնեանը հրամցուց երկու մենապարեր՝ Կոմիտասի «Գարունա»ն եւ «Ատանայի Ողբը»։ Տեղին է նշել, թէ երկու կատարումներն ալ հեզաճկուն եւ հիասքանչ կենդանի պատկերներ էին՝ համապասխանող զոյգ երգերուն։ Հայրենի սիրուած երգչուհի Լիլիթ Փիփոյեան, որ հիւրաբար կը գտնուէր Սան Ֆրանսիսքօ, սիրայօժար տրամադրած էր իր մասնակցութիւնը նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի սոյն համերգին։ Ան դաշնակի ընկերակցութեամբ, երկու հեղինակային երգերով ելոյթ ունեցաւ՝ իր իւրայատուկ ոճով հմայելով ներկաները։ Ապա տաղանդաւոր Մազմանեան ընտանիքը՝ անուանի ջութակահար Կրեկն ու զաւակները՝ Ռոզի, Իտա եւ Էտուարտ Մազմանեան քառեակը, ջութակի եւ դաշնակի կատարողութեամբ ներկայացուցին «Վաղարշապատի Պար» եւ Արամ Խաչատրեանի «Սուրերու Պար» եղանակները։ Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Ֆրանսայէն ժամանած երգիչ Վիգէն Դարբինեանը, որ նոյնպէս Քալիֆորնիա հրաւիրուած էր՝ իր մասնակցութիւնը բերելու համար Սուրիահայերու օգնութեան միացեալ մարմինին նուիրուած համերգին։

Դարբինեան անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերին՝ ազգապահպանման գոյատեւման մէջ, մեկնաբանելով Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական» երգը։ Դարբինեանի հետեւեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի երիտասարդ տաղանդ մը՝ Խաչիկ Ճինկիրեան, երգելով «Տլէ Եաման»ը. վերջապէս, գեղարուեստական բաժինը գեղեցիկ ձեւով եզրաբակուեցաւ «Անուշ Հայրենիք» զուգերքով՝ կատարողութեամբ Վիգէն Դարբինեանի եւ Խաչիկ Ճինկիրեանի։ Գեղարուեստական բաժինի ընթացքին, օրուան հանդիսավար Զօրեան պարբերաբար տեղեկութիւններ կը փոխանցէր Հալէպի հայ գաղութի նուաճումներուն եւ կառոյցներուն մասին։

Օրուան բանախօսն էր Զաւէն Խանճեանը՝ Սուրիահայերու օժանդակ մարմինի Լոս Անճելըսի միացեալ յանձնախումբի ատենապետը։ Ան երախտագիտական զգացումներով իր խօսքը սկսաւ շնորհակալութիւն յայտնելով Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ծովածոցի հայութեան, որ այսօր կրկին անգամ իր ձայնը լսելի դարձուց՝ զօրակցելով սուրիահայերու օգնութեան կանչին։ Յատուկ գնահատական խօսքերով ան բարձր արժեւորեց նաեւ նոյն մարմինի Լոս Անճելըսի միացեալ յանձնախումբի անձնուէր աշխատանքը, Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութեան ցուցաբերած ներդրումը, բոլոր միութիւններուն մէկտեղումը ու շեշտեց, թէ «Նոյեմբեր 11ի՝ Կիրակի օրուան համերգը տօնախմբութիւն չէր, այլ զօրակցութեան ձայն էր, եւ այդ բոլորին պատուանդանը գոյացած 150,000 տոլար գումարն էր՝ փութալու համար մեր սուրիահայ ազգակիցներուն»։ Ան բարձր գնահատեց Ամերիկայի տարածքին բնակող գիտակից, կարեկից եւ յանձնառու ազգակիցները՝ ըսելով. «Դուք այստեղ կը գտնուիք, որովհետեւ կը գիտակցիք, թէ այս դատը ազգային առաջնահերթութիւն է։ Եթէ երբեք խորագիր մը, նշանաբան մը տալ ուզենք այս մարմինին՝ Սուրիահայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինին, ապա ես պիտի ընտրէի «ԲՈԼՈՐԷՆ՝ ԲՈԼՈՐԻՆ», որովհետեւ կը հաւատանք, որ սուրիահայութեան այսօրուան դիմագրաւած վտանգը միայն սուրիահայութեան մտահոգութիւնը չէ, այլ՝ համայն հայութեանը։ Բոլորս ալ կը գիտակցինք, կը ճանչնանք սուրիահայութեան դերը յետեղեռնեան սփիւռքահայ կեանքին մէջ։ Սուրիահայ գաղութը պիտի գերակայէ ու անկասկած պիտի յաղթահարէ այս դժուարին օրերը»:

Օրուան բանախօսի սրտառուչ եւ խրախուսիչ պատգամէն ետք տեղի ունեցաւ աղօթք եւ հոգեհանգիստ՝ Ծովածոցի հայ կղերականներու առաջնորդութեամբ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ նուիրահաւաք եւ հիւրասիրութիւն։