Սուրիոյ Հայութիւնը Կռիւներուն Մասնակից Չի Կրնար Ըլլալ

By September 12, 2012 November 15th, 2015 News

ՀԱԼԷՊ, «Ազդակ».- Հալէպի դէպքերուն գծով «Ազդակ» կապ հաստատած է Ազգային առաջնորդարանի խօսնակ Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ պատասխանած է թերթի աշխատակիցի հարցումներուն:

«Օտար լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ հայութիւնը պետութեան կողքին Ազատ բանակի դէմ կը կռուի: Ճի՞շդ են այդ լուրերը եւ ի՞նչ է հայութեան կեցուածքը առհասարակ», հարցումին պատասխանելով, Ռէյիսեան յայտնած է, որ «Այդ լուրերը բացարձակ իրականութեան չեն համապատասխաներ: Հայութիւնը, իբրեւ համայնք, դէմ է եղբայրասպան կռիւի եւ ոչ մէկ ձեւով մասնակից չէ եւ չի կրնար ըլլալ: Մեր մտահոգութիւնը մեր ընտանիքներու ապահովութիւնը, մեր տուներու եւ հաստատութիւններու անվտանգութիւնն է: Այս մեր համայնքի պաշտօնական կեցուածքն է: Որեւէ այլ տեղեկատուութիւն իրականութեան չի համապատասխաներ»:

Նշենք, որ ըստ լուրերու, վերջին օրերուն հայկական թաղամասեր, Նոր Գիւղ, Սիւլէմանիէ եւայլն, կռիւներու թատերաբեմ դարձած են. նաեւ զոհեր արձանագրուած են օդակայանի ճամբուն վրայ:

«Ի՞նչ է իրավիճակը այս պահուն», հարցումին, Ռէյիսեան պատասխանած է, որ «Այս պահուն վիճակը լաւ չէ. Նոր Գիւղ եւ Սուլէմանիէ թաղերուն մէջ կան բախումներ: Ժողովուրդը ապահովական նկատառումով տուները կը լքէ եւ համեմատաբար աւելի ապահով վայր կ’ապաստանի: Բնականաբար, գաղութի ղեկավարութիւնը իր պատասխանատուութեան վրայ է եւ ժողովուրդին տէր կանգնելու ճիգին մէջ»: «Արմէնփրէս»ի թղթակիցին հարցումներուն պատասխանելով, Ռէյիսեան յայտնած է, որ Նոր Գիւղ (Միտան) շրջանին մէջ վիճակը վտանգաւոր է:

Միտանի շրջանէն բնակչութեան դուրս բերման առնչութեամբ կառավարութեան հրապարակած կոչի մասին լուրերը, ըստ Ռէիսեանի սուտ են, նման յայտարարութիւն չէ եղած: Մամլոյ խօսնակը տեղեկացուցած է նաեւ, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիի մօտակայքը ռումբ պայթած է, որու հետեւանքով եկեղեցին նիւթական վնասներ կրած է: Այդ շրջանին մէջ ռումբերու պայթիւններէն վնասուած են նաեւ հայկական այլ հատատատութիւններ եւ շինութիւններ:

«Արմէնփրէս» տեղեկացած է նաեւ, որ բախումներ կ՛ընթանան Կիւլպէնկեան հիւանդանոցի, մզկիթի մօտակայքը: Հալէպահայերը կը նշեն, որ Նոր գիւղի շրջանը այժմ աւելի ապահով է, քան Թելեֆոն Հաուայէ շրջանը:

Source: Asbarez News