Սուրիահայութեան եւ յատկապէս Հալէպի ու հալէպահայութեան ներկայ տխուր վիճակն ու անոնց շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելու էականութիւնը՝ մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն կը դնէ համայն հայութեան ուսերուն:

Բոլորս ալ մօտէն կը հետեւինք Սուրիոյ տարածքին պատահած դէպքերուն եւ ականատես կ՛ըլլանք, թէ ինչպէս օրէ օր ծաւալող ռազմական բախումները լրջօրէն կը վտանգեն մեր պատմական հայ գաղութը: Սփիւռքահայութեան համար մայր գաղութ է Սուրիան, իր պատմական Հալէպով ու հայութեամբ:

Այս առթիւ յատուկ հանդիպում մը ունեցանք Արեւմտեան Ամերիկայի Syrian Armenian Relief Fund – SARF- Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտի ատենապետ Զաւէն Խանճեանի հետ: Մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք անոր հետ մեր ունեցած զրոյցէն էական բաժիններ:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ
ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ԴԷՊՔԵՐՈՒ
ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ

Մռայլ եւ ամեհի օրեր կ՛ապրի Սուրիան եւ իր հետ նաեւ հոն երկար տասնամեակներէ ի վեր ապրող մեր հայութիւնը: Պատմական հայ գաղութ մըն է Սուրիան, որ այս օրերուն քայքայուած է: Չափազանց բարդ է, անհասկնալի եւ անգուշակելի:

Սուրիան իր Հալէպով եւ բոլոր հայաշատ քաղաքներով մեր գոյութեան հետ կապուած է: Անոր պահպանումն ու գոյատեւումը առաջնահերթ է, թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի տարածքին ապրող հայ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն՝ հաւասարապէս:

Պատմութիւնը վկայ, մեր ժողովուրդի արեան կանչին մէջն է, օգնելու, օժանդակելու, շուտափոյթ հասնելու իրագործ ոգին: Այս ոգիէն մեկնած, օրին, հայրենիքի կողքին, սփիւռքեան բազմաթիւ գաղութներ այս ուղղութեամբ սկսան շարժելու, գործելու եւ նիւթապէս օժանդակելու: Այս տխուր իրավիճակէն մեկնած, Սուրիոյ մեր հայ գաղութին շտապ եւ անյապաղ նիւթական օգնութիւն հասցնելու անհրաժեշտութիւնը դասելով այժմէական եւ առաջնահերթ, մեր շրջանէն ներս հիմը դրուեցաւ ներկայացուցչական բնոյթ կրող կազմակերպիչ գլխաւոր յանձնախումբի մը, Syrian Armenian Relief Fund- (SARF)- Սուրիահայութեան օգնութեան օժանդակ մարմին անունով:

ԾԱՆՕԹԱՆԱՆՔ Syrian
Armenian Relief Fund- SARF-ԻՆ

Անցեալ տարուան կիսուն, մեկնելով վերեւը յիշուած տագնապէն, գաղութիս մէջ ստեղծուեցաւ այս կազմակերպիչ գործադիր յանձնախումբը կամ մարմինը՝ Syrian Armenian Relief Fundը, որ կը ներկայացնէ շրջանի գլխաւոր հայ քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւնները, յարանուանութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները: Մէկ խօսքով անիկա կազմուած էր Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու գաղութի ներկայացուցիչներ: Քաղաքական անհրաժեշտ աշխատանքներու հետապնդումը թողելով գաղութիս ղեկավարութեան, նորաստեղծ մարմինը միաձայնութեամբ որոշեց հետապնդել նիւթա-բարոյական ուղին, զայն նկատելով աժմէական եւ առաջնահերթ: Մեր որդեգրած ուղին հանդիսացաւ՝ տագնապն ու անոր հետեւանքները ծանօթացնել գաղութիս եւ կեդրոնացած դրամահաւաքի գործնական միջոցառումներով, օգնութեան ձեռք երկարել սուրիահայութեան:

Հայ մամուլի եւ հեռատեսիլի ճամբով մեր նպատակն ու գործելակերպը եւ այլ կենսական մանրամասնութիւնները հասցուցինք մեր գաղութին: Անմիջապէս ստեղծեցինք մեր կայքը Syrian Armenian Relief Fund.org եւ մեր նշանաբանը դարձուցինք՝ «Մէկ սիրտ, մէկ հոգի, միանանք եւ օգնենք»: Ապա SARF-ը պետական տուրքէ զերծ ոչ հասութաբեր մարմինի կարգավիճակով օժտեցինք՝ ամբողջացնելով պետական գործընթացը:

Ունեցանք նաեւ մեր «լոկօ»ն եւ անցանք դրամահաւաքի ծրագրումներուն: Անվարանօրէն դիմեցինք գաղութին մէջ գործող գլխաւոր միութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն ու պաշտօնական հանդիպումներ ունեցանք շրջանէս ներս տարիներէ ի վեր գործող սուիրահայ կրթական հաստատութիւններու շրջանաւարտից միութիւններու վարչութիւններուն հետ, որոնց կարգին են՝ Ազգ. Ճեմարան, Կիլիկեան եւ Լազար Նաճարեան ճեմարաններ, Սահակեան, Զաւարեան վարժարաններ:

Սրտբաց ազգայիններ, անհատներ, կազմակերպութիւններ, միութիւններ մեզ մեծապէս խրախուսեցին եւ դրական կերպով արձագանգեցին մեր կոչին ու զօրակցեցան:

ԴՐԱՄԱՀԱՒԱՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿՆԵՐ

Ցարդ ծրագրուած եւ իրականացուած ձեռնարկներէն առաջինն էր անցեալ Սեպտեմբերի 19ին, Կլենտէյլի «Ֆենիսիա» ճաշարանէն ներս սուրիահայութեան ի նպաստ մեր կազմակերպած դրամահաւաքը, մասնակցութեամբ գաղութիս հոգեւոր, քաղաքական, մշակութային եւ բարեսիրական բոլոր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն: Այդ ձեռնարկին հոյլ մը նուիրատու հայորդիներու շնորհիւ հանգանակուեցաւ շուրջ 150,000 տոլար:

Երկրորդ նախաձեռնութիւնն էր Փասատինայի մէջ ստեղծուած եւ SARF-ի հովանաւորութիւնը վայելող «Գաղութէ-Գաղութ» օժանդակ Մարմինին, 26 Հոկտեմբերի, 2012ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ կազմակերպած յատուկ ճաշկերոյթ-դրամահաւաքը, գեղարուեստական իր ճոխ յայտագրով, որուն սիրայօժար մասնակցած էին գաղութիս հանրայայտ երգիչները: Այս ձեռնարկին հանգանակուեցաւ 50,000 տոլար:

Իբրեւ երրորդ ձեռնարկ, անմիջական գործակցութեամբ Artists For Kids-ի աննման տղոց, մէկ ամսուան ընթացքին կազմակերպիչ յանձնախումբս, Նոյեմբեր 11, 2012ին, Փասատինայի Civic Auditorium-ի մէջ կազմակերպեց եւ գործադրեց հասութաբեր դրամահաւաքի մեծ ձեռնարկ մը, HYE AID խորագիրով, որ գեղարուեստական շքեղ յայտագիր մըն էր, որուն մասնակից դարձած էին հայրենի եւ Սփիւռքի նշանաւոր երգիչներ եւ նուագախումբեր: Ձեռնարկին զուտ եկամուտն էր 130,000 տոլար:

Նմանօրինակ երգահանդէս մը տարբեր յայտագիրով կազմակերպուեցաւ նաեւ Սան Ֆրանսիսքոյի մեր գաղութին կողմէ, որ նոյնպէս բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ, հանգանակելով աւելի քան 50,000 տոլար: Խրախուսիչ ու երախտապարտ այս ձեռնարկներուն, մեր գաղութը ոչ միայն իբրեւ պարզ հանդիսատես ներկայ գտնուեցաւ, այլ նաեւ իրազեկ դառնալով մեր սրբազան նպատակին, դրական կերպով նուիրաբերեց ու այս ձեւով իր զօրակցութիւնը յայտնեց սուրիահայութեան:

Այս առթիւ երախտապարտ զգացումով կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել մեր ծրագրած եւ իրականութիւն դարձուցած այս երեք ձեռնարկներուն յաջողութեան սատարող բոլոր արուեստագէտներուն, կամաւոր կերպով օգտակար հանդիսացողներուն, մեր նպատակին գիտակից բոլոր մեծ ու փոքր նուիրատուներուն եւ հովանաւորողներուն, մեր մամուլին եւ մեզ քաջալերողներուն: Այս ձեռնարկներով անգամ մը եւս մեր գաղութի զաւակներէն շատեր եկան հաստատելու սփիւռքահայու իրենց օրինակելի եւ ինքնատիպ նուիրումի նկարագիրը:

ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԱԾ
ԳՈՒՄԱՐՆԵՐՈՒ ՃԱԿԱՏԱԳԻՐԸ

Կրկնութեան գնով կրնանք յայտարարել, թէ ցարդ մեր բոլոր նուիրատուներուն անվերապահ օժանդակութիւնը մեզի համար հայու գիտակից ոգիի լաւագոյն արտայայտութիւնը նկատած ենք: Հայրենիքէն մինչեւ աշխարհի հեռաւոր անկիւնները, բոլորովին անծանօթ չեն ամէն ազգային կոչերու սուրիահայութեան անմոռանալի ու նուիրեալ ընդառաջումը: Պատմութիւնը կրնայ հաստատապէս վկայել սուիրիահայու զոհաբերումը ամէն ազգային տագնապի ընթացքին: Այսպէս՝ հայրենի աղէտալի երկրաշարժի օրերուն, ապա աղէտի գօտիի նորոգման շրջանին եւ տակաւին լիբանանեան ներքին պատերազմի ժամանակ, սուրիահայը լիաբուռն կերպով իր արդար բաժինը նուիրաբերած է:

Այսօր՝ դժուար, դժնդակ, դառն ու ծանր պայմաններու տակ կը գտնուի Սուրիոյ բնակչութիւնը եւ մանաւանդ հոն ապրող հայութիւնը: Ամէն օր կը հասնին աղէտալի լուրեր, մահեր, բնակարաններու եւ շէնքերու քանդումներ, որոնք մեզ խոր տխրութեան կը մատնեն: Այսօր նոյն, այդ նուիրաբերող սուրիահայը ինք կարիքը ունի մեր զօրակցութեան եւ նիւթական օժանդակութեան:

Անոր համար ծնունդ առած է SARF-ը: Ցարդ մեր հանգանակած գումարները անցած են կէս միլիոն տոլարի սահմանները, որուն 450,000 տոլարը արդէն փոխանցուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան խողովակով Սուիրիահայութեան շտապ օգնութեան մարմինին, որուն կայք էջն է Syriashdab.com: Պէտք է շեշտել, թէ սուիրահայը իր հարիւրամեայ պատմութեան մէջ, մեծ եղեռնէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով նման դժբախտ վիճակի կը մատնուի:

Ուստի կը հաւատամ, որ պատահեցան թիւրիմացութիւններ, դժգոհանքներ, անհանդուրժողութիւններ, որոնք կազմակերպուածութեան տեւական եւ շարունակական հոլովոյթին մը մէջ սրբագրուեցան, ուղղուեցան եւ բարելաւուեցան: Այս նոր տարուան շրջանին «Շտապ մարմին»ը հալէպի մէջ 5088 ընտանիքներու բաժնած է 4 հազարական սուրիական ոսկի, իրենց էական կարիքներուն համար:

Յստակ է թէ կարիքը մեծ է, մանաւանդ նկատի ունենալով թէ լուծման հեռանկար մը տեսանելի չէ Սուրիոյ հորիզոնին վրայ: Կը հաւատանք, որ գնահատելի է ցարդ մեր գաղութին կողմէ նուիրաբերուածը: Սակայն սուրիահայ մայր գաղութը այս օրերուն կարիքը ունի շատ աւելիին: Ֆիզիքական եւ հոգեկան տառապանքի կողքին կան ամէնօրեայ վախն ու մաշումը: Անոր համար միակ դարմանը համագաղութային զօրակցութիւնն է, իր բարոյական եւ նիւթական գործօններով:

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր համայնքի բաղադրիչ բոլոր կազմակերպութիւններուն, արհեստավարժ խմբաւորումներուն, հայրենակցական միութիւններուն եւ հայ անհատներուն, որ մղուած ազգայի տուրքի պարզ եւ սրբազան պարտաւորութենէն եւ հասկացողութենէն, զոհողութեան գնով շարունակեն անհատապէս կամ հաւաքաբար մասնակցիլ շարունակուող դրամահաւաքի արշաւին, յանուն հայ ազգի վիրաւոր անդամի փրկութեան: Պարտաւորութիւն մը, որ կը բխի ազգային վեհ գիտակցութենէն, մարդկային ազնուագոյն զգացումէն եւ Աստուածային թելադրանքի մղումէն:

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ
ՀՀ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ԹԵԼԵԹՈՆԸ

Բոլորս ալ ուշադրութեամբ հետեւեցանք անցեալ Նոյեմբերին մեր գաղութէն ներս կազմակերպուած եւ գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած Հայաստան Հայկական հիմնադրամի (ՀՀՀ) ի նպաստ Թելեթոնին: Բոլորս ալ ամէն տարուայ նման անկասկած մեր կարողութեան համաձայն նուիրաբերեցինք: Սակայն այս տարուանը կը տարբերէր իր նախկիններէն, այն իմաստով, որ հանգանակուած գումարէն բաժին պիտի հանուէր նաեւ տառապող ու մաշող սուիրահայ մեր գաղութին:

Ինծի համար հիասաթափութիւն էր ՀՀՀի ոչ գոհացուցիչ ուշադրութիւնը սուրիահայու տագնապին նկատմամբ: Ամբողջ թելեթոնի ընթացքին օրուան նիւթն ու քարոզչութիւնը նուիրատու մեր ժողովուրդին վրայ ձգած էր այն տպաւորութիւնը, թէ Թելեթոնը նուիրուած էր սուրիահայուն:

Սակայն հակառակ հանգանակուած միլիոններուն եւ համաձայն պաշտօնական տուեալներու, Հիմանդրամի սուրիահայուն տրամադրելի բաժինը չանցնիր 300 հազար տոլարը: Աննշան գումար մը օրուան կարիքին եւ պէտքին հետ բաղդատած եւ ան ալ սահմանափակուած ծախսուելու տագնապի անմիջական սահմաններէն դուրս:

Անհեթեթ է հաստատել, թէ մեր ուշադրութեան կորիզը ՀՀՀն է: Հայ հաւաքական կեանքի կիզակէտը հայուն տագնապներն են, իսկ ՀՀՀն կոչուած է ըլլալ զանոնք դարմանելու լաւագոյն միջոցը: Հիմնադրամը նպատակ չէ, այլ միջոց՝ հասնելու հայրենիքի եւ Սփիւռքի տարածքին մեր ժողովուրդի կարիքներուն, ուր որ ըլլայ ան եւ առաջնահերթութեան կարգով:

Ցաւալի է տեսնել թէ սուիրահայ տագնապը առաջնահերթ չէ նկատուած ՀՀՀի կողմէ: Միւս կողմէ մեծապէս գնահատելի է մեր ժողովուրդի այն խաւին մօտեցումը, որ բաժնեց ցաւը, զգալով զայն իր մորթին վրայ եւ կամաւոր՝ նուիրաբերեց թելեթօնին սուրիահայուն ի նպաստ: Հայրենիքը կռուան է ազգի գոյութեան եւ գոյատեւման: Սփիւռքը եթէ ինքնանպատակ չէ, ազգին անբաժան մէկ մասնիկն է: Ինչպէս, որ Սփիւռքը ի գին ամէն զոհողութեան պարտի սատարել հայրենիքի հզօրութեան, բնականաբար ակնկալելի է, որ հայրենիքն ալ աղէտի պարագային, իր կարգին չհասնի սփիւռքահայու փրկութեան: Այս պարագային՝ Սուրիոյ կամ հալէպահայութեան դիմագրաւած ծանր տագնապները մեղմացնել թեթեւցնելու միտող մարդասիրական պարտաւորութեամբ:

Ուստի այսօր, հայ մարդու դիմագրաւած տագնապներու առաջնահերթութեան հրամայականին դիմաց կանգնած, մեր բնական, տրամաբանական եւ արդար ակնկալութիւնն է, որ ՀՀՀի ղեկավարութիւնը անմիջական վերատեսութեան ենթարկէ սուրիահայութեան տագնապի առընչութեամբ իր որդեգրած ուղեգիծը՝ զայն նկատելով ազգային առաջնահերթ ուշադրութեան կորիզ եւ առ այդ՝

Ա.- Սուրիահայութեան ի նպաստ հաւաքուած ժողովրդային նպաստը անյապաղ յղէ գօտիին մէջ տառապող զանգուածներուն, եւ
Բ.- ՀՀՀի անմիջական եւ արտակարգ ծրագիրներու գծով առաջնահերթ նկատէ ազգային աղէտի գօտի հանդիսացող սուրիաբնակ սուրիահայութիւնը, հոն ուղղելով հիմնադրամի օժանդակութեան կարողականութիւնը:

ԹԵԼԱԴՐԱՆՔ
ԵՒ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆ

SARF-ը իր աշխատանքներու ծրագրումները կը շարունակէ եւ պիտի շարունակէ վճռականօրէն: Այսօր Սուիրան կործանման եզրին է: Կասկած չկայ, որ բոլորս ալ կը հաւատանք, թէ վերջապէս սուրիահայ համայնքի գոյութիւնը կենսական եւ էական է համայն հայութեան: Մէկ խօսքով, շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելը, իբրեւ մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն դասած ենք: Ժամանակը հասած է, որ համայն գաղութով միատեղ, գործնական ու դրական կերպով նուիրաբերենք, յանուն սուրիահայ մեր գաղութի լուսաւոր վաղուան Սուրիահայ օգնութեան ֆոնտի գործադիր մարմինը պիտի շարունակէ հանգանակային կամ դրամահաւաքի յատուկ իր ծրագիրները: Այս առթիւ ջերմապէս կը խնդրեմ մեր գաղութէն, որ անպայմանօրէն նեցուկ կանգնի զօրակցելով, նիւթապէս օժանդակելով, հովանաւորելով եւ աջակցելով բոլոր ծրագիրներուն: