«Օգնիր Եղբօրդ» Նախաձեռնութիւնը Կ’աջակցի Քաշաթաղ Հաստատուած Սուրիահայերուն:

By October 26, 2012 November 15th, 2015 News

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».– 22 Հոկտեմբերն «Սուրիական օդանաւային ընկերութեան» Երեւան-Հալէպ թռիչքով Սուրիա տեղափոխուած էր երկրորդ մարդասիրական օգնութիւնը՝ մօտ երկու թոն բեռ, ներառեալ՝ հիմնական դեղորայք: Ըստ նախնական ծրագիրին, պիտի որդեգրուի մարդասիրական բեռը Սուրիա փոխադրելու այս ձեւը, սակայն չի բացառուիր, որ բեռնատար այլ թռիչքներ եւս օգտագործել: Այս մասին հաղորդած է «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը:

«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան կողմէ ծրագիրներ պիտի իրականացուին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ հաստատուած 20 սուրիահայ ընտանիքներու բնակարանաշինական կարիքները հոգալու նպատակով «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը 5 միլիոն դրամի փոխանցած է «Քաշաթաղ» հիմնադրամին:

Յառաջիկայ օրերուն պարէն պիտի տրամադրուի նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն:

«Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը այս առիթով իր երախտագիտութիւնը յայտնած է բոլոր անհատներուն, գործարարներուն, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որոնք կը շարունակեն շատ կարեւոր ներդրում ունենալ այս ազգանուէր գործին: