25 Ամեակի Անակնկալներ

Անցեալ Շաբաթ երեկոյ, Սերոբ եւ Ալիս Ղազուրեանները հաճելիօրէն անակնկալի բերուեցան, երբ իրենց ընտանեկան պարագաներն ու ընկերները հաւաքուած տեսան «Քաւար» ճաշարանը՝ տօնելու համար իրենց ամուսնութեան 25ամեակը:

Զոյգին համար առաւել հաճելի դարձաւ իմանալ, որ իրենց ընտանիքն ու ընկերները, տարեդարձին առթիւ նուիրատուութիւն պիտի կատարէին Սուրիոյ հայութեան օգնութեան ֆոնտին, որուն ներկայացուցիչը՝ Զաւէն Խանճեան, ներկայ էր նոյն երեկոյին:

Երեկոն հաճելի անցաւ, բոլորին տրամադրութիւնը բարձր էր, եւ հաճելիին հետ միասին ուրախ ենք յայտնելու, որ Ղազուրեան ընտանիքը օրուան նուէրները՝ 13,650 տոլար գումարի հասած չէքերը, փոխանցեց Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին:

Ղազուրեան Սերոբ ու Ալիսը, այս առթիւ, «Ասպարէզ»ին հաճելի անակնկալ մը մատուցեցին՝ հազար տոլարի նուիրատուութեամբ ստանձնելով իրենց ամուսնութեան տարուան (1989) թերթի թիւերուն թուայնացման ծախսերը:

Հաւաքոյթը կազմակերպողներէն՝ Նայիրի Ղազուրեանի եւ Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտի ներկայացուցիչին խօսքերը կը փոխանցէին նոյն պատգամը՝ ընտանեկան ուրախութեան առիթը ծառայեցնել ազգակիցներու ծանր վիճակը թեթեւցնելու նպատակին, նպատակ մը, որ էապէս կը բխէր Սերոբի ու Ալիսի սիրտերէն: Այս առթիւ, Թուլումեան եւ Մատէնեան ընտանիքները «Ասպարէզ»ի էջ մը հովանաւորեցին՝ երեկոյէն յիշատակի լուսանկարներու համար (տես էջ 13):

Շնորհակալութիւն Ղազուրեաններուն, անոնց հարազատներուն ու ընկերներուն: Խորապէս կը գնահատենք անձնական ուրախութեան ժամանակ ազգային ցաւերն ու կարիքները չմոռնալու այս ազնիւ քայլը: