Monthly Archives

October 2012

News

Թուրքիա Ի՞նչ Կը Փնտռէ Սուրիական Տագնապի Հրահրումին Մէջ

Ոմանք կը գրեն, թէ սուրիական տագնապը կրնայ վերածուիլ, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն համար, նորօրեայ «վիեթնամեան թնճուկ»ի մը։ Ուրիշներ ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ Սուրիան կրակի եւ արեան մէջ խեղդող «քաղաքացիական պատերազմ»ը յղի է… ամբողջ տարածաշրջանը հրկիզելու եւ պայթեցնելու վտանգով։ Նաեւ կան պնդողներ, թէ ամբողջ եղածը մեծապետական մրցապայքար մըն է՝ ի խնդիր Սուրիոյ ճամբով ամբողջ Արաբական Աշխարհն ու Իսլամական երկրագունդը հակակշռելի դարձնելու աշխարհաքաղաքական նկրտումներուն իրագործման։ Տակաւին կան մեկնաբաններ, որոնք միջազգային քաղաքականութեան մօտաւոր անցեալի, երբեմն նաեւ պատմական զարգացման դարաւոր հոլովոյթին փոշեծածկ թղթածրարները քրքրելով՝ կը նախատեսեն, թէ սուրիական տագնապը առաջին փուլն է օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք սահմանագծուած Մերձաւոր Արեւելքի քարտէսը համընդհանուր վերանայումի եւ վերագծումի ենթարկելու քաղաքական մեծ խաղի մը… 1920ի Սեւրի եւ 1923ի Լօզանի դաշնագիրներուն բացերն ու հակասութիւնները լուծելու առաջադրանքով։ Բայց որքան ալ տարաբնոյթ…
SARF Fund
October 24, 2012
News

Second Planeload of Supplies Arrives in Aleppo

YEREVAN - A second flight carrying relief supplies for crisis-ravaged Syria left Armenia on Tuesday evening aboard a Syrian Airlines flight headed to Aleppo via Iran and Iraq. This flight is also part of the Armenian Revolutionary Federation-led "Help Your Brother" campaign, which successfully delivered the first shipment of humanitarian supplies last week. Chairwoman of the Hamazkayin Cultural Association and ARF member Lilit Galstyan who is administering this effort said that the current shipment came it at 45 metric tons of supplies, adding that the fundraising efforts were still ongoing. "I must add that business circles have also actively participated in our campaign. Few days ago we received 3000 boxes of canned vegetables from the Proshyan Brandy Factory. An important…
SARF Fund
October 23, 2012
News

“Living as a Christian in the hell of Aleppo” – The Testimony of a Priest

Aleppo (Agenzia Fides) - Christians in Aleppo are victims of death and destruction due to the fighting which for months, has been affecting the city. The Christian neighborhoods, in recent times, have been hit by rebel forces fighting against the regular army and this has caused an exodus of civilians. This is what a greek catholic priest in Aleppo says in a heartfelt message sent to Fides, and Fides prefers to guarantee anonymity for security reasons. The message, titled "Living as a Christian in the hell of Aleppo," explains: "For a long time the Christians of Aleppo have been living in neighborhoods close to each other: Sulaymaniyah, Aziziyah, Villas, Telefon Hawaii, Al Jabiriyah, Al Maydan, Al Surian , Al Tilal.…
SARF Fund
October 19, 2012
News

Յարգա՜նք Ձեզ Հալէպահայ Խիզախ Տղաներ

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ Հալէպի պատերազմական դոհ ու բոհին մէջ, երբ մարդիկ սարսափած կը քաշուին իրենց տուները, կամ իրենց ընտանիքին ապահովութիւնը գերադաս համարելով կը հեռանան երկրէն, հալէպահայ խիզախ տղաները նուիրումի մեծագոյն օրինակը կու տան: Այս դժնդակ օրերուն մէջ, մինչ ոմանք, յայտնի պատճառներով, կանխազգուշութեան կը դիմեն, եւ երբեմն իրատեսութեան սահմանները անցնելով սուրիահայութիւնն ու անոր բազկերակը հանդիսացող Հալէպը յուսալքումի առաջնորդող տողեր կը գրեն այս կամ այն թերթին մէջ, մեր ազգասէր, խիզախ տղաները « բանիմաց» վերլուծաբաններու արտայայտութիւններով տարուելու փոխարէն, ազգային գիտակցութեամբ առաջնորդուելով՝ կը գործեն ու կը ծառայեն մեր ժողովուրդին: Յաւակնոտ չեն հնչէր այս տողերը բոլոր անոնց համար, որոնք ներկայ կ՛ըլլան այստեղ ու Սուրիոյ բռնկուն կրակին մէջ կը տեսնեն մեր խիզախ հայորդիներուն կամաւոր աշխատանքը տարբեր մարզերու մէջ՝ առողջապահական, սննդեղէնի մատակարարման, պատերազմէն տուժող անպատսպարներու օժանդակութեան ու տակաւին…
SARF Fund
October 19, 2012
News

Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտի Ծրագիրները

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր, 16ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, կազմակերպութեամբ SARF-ի՝ Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կազմակերպիչ մարմինը պարզեց մօտիկ ապագային իր ծրագրած մեծ եւ հասութաբեր դրամահաւաք ձեռնարկի մանրամասնութիւնները: Ասուլիսին, Ֆոնտի ներկայացուցիչներ Զաւէն Խանճեանի, Սոնա Մատարեանի, Արամ Ալաճաճեանի, Գոհար Քարա Յակոբեանի եւ Մհեր Դաւիթեանի կողքին, ներկայ էին քալիֆորնիահայ մամուլի, հեռատեսիլի եւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան ներկայացուցիչները: Յանուն կազմակերպիչ մարմինին, բացման իր խօսքին մէջ Սոնա Մատարեան յիշեցուց ասուլիսի նպատակը, ապա պարզեց սուրիահայութեան ներկայ տխուր իրավիճակն ու անոր շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելու էականութիւնը՝ իբրեւ մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն: «Մեր ազգային գիտակցութեան մէջ, Սուրիոյ հայ գաղութի գոյութիւնն ու ապահովութիւնը խիստ կարեւոր է», շեշտեց Մատարեան իր խօսքի աւարտին: Իր կարգին,…
SARF Fund
October 18, 2012
News

Armenia’s Syria Aid Already Being Distributed

ALEPPO (Yerkir Media) - The cargo of humanitarian assistance delivered to Syria by the Armenian Revolutionary Federation-led "Help Your Brother" effort is already being distributed to Armenians and Syrians in crisis-ravaged Aleppo, organizers said. The first plane carrying relief supplies to Syria from Armenia landed safely at the Aleppo airport Monday after stopping for a scheduled inspection in Erzerum, organizers reported. The plane carrying supplies was operated by AIR Armenia company. The supplies, which arrived late Monday at the Aram Manougian center, were greeted by the Prelate of Syria Bishop Shahan Sarkisian and Armenia's Consul General to Aleppo Karen Grigoryan, as well as countless volunteers. https://www.youtube.com/watch?v=xI2ZX0s0HuI Aleppo Mayor Muhammed Wahid Aakand said the aid was another sign of continued friendship…
SARF Fund
October 18, 2012
News

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԽԱՉԻ ՀԱԼԷՊԻ ՎԱՐՉԱՄԵՔԵՆԱՅԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Ս.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութիւնը վերջերս Ա.Մ.Ժ.Տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ խորհրդակցական հանդիպում հրաւիրեց, Ս.Օ.Խ.ի Հալէպի վարչամեքենայի անդամները: Հանդիպումը բացուեցաւ Ս.Օ.Խ.ի օրհներգով: Շըրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Աննա Տէր Յակոբեան անդրադարձաւ Հալէպի անցուդարձերուն լոյսին տակ Ս.Օ.Խ.ի գործունէութեան, նշելով, որ միութեան աշխատանքի տարողութիւնը թէեւ փոխուած է, մասնաճիւղերը հնարաւորութիւն չունին ձեռնարկներ կազմակերպելու, սակայն Շրջ. Վարչութիւնը կը շարունակէ իր բարեսիրական գործը: Ատենապետուհին զեկոյց տուաւ հալէպահայութեան շտապ օգնութեան մարմնի գործունէութեան ծիրին մէջ, Ս.Օ.Խ.ի տարած աշխատանքներուն, նշեց, թէ Ս.Օ.Խ.ի ընկերաբժշկական կեդրոնի դարմանատունը բժշկական կեդրոնի վերածուած է, այնտեղ հայ բժիշկները կը հաւաքեն բոլոր դեղորայքը ու կը ցրուեն կեդրոններ: Շրջ. վարչութեան որոշումով ծառայող բժիշկները ամառնային արձակուրդ չեն ստացած այս տարի եւ պատրաստակամ ոգիով շարունակած են ու կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի բժշկական բոլոր կարիքներուն, յատկապէս պատերազմէն տուժողներուն համար: Հալէպի…
SARF Fund
October 18, 2012
News

Միայն Հայաստանի Դէմ Ուղղուած Չէ Թրքական… Սադրանքը.

Քանի մը օր առաջ, միջազգային հանրային կարծիքը յանկարծակի ողողուեցաւ թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած եւ միջազգային գործակալութեանց լայն արձագանգին արժանացած ա՛յն լրատուութեամբ, թէ թրքական իշխանութիւնները ստիպած էին դէպի Հալէպ, Թուրքիոյ օդային տարածքով, թռիչք կատարող հայաստանեան օդանաւի մը, որ պարտադիր էջք կատարէ Էրզրումի (Կարնոյ) օդակայանը, որպէսզի թրքական պատկան սպասարկութիւնները ստուգման ենթարկեն անոր փոխադրած բեռը։ Թրքական լրատուամիջոցները եւ անոնց արձագանգող միջազգային աղբիւրները զգայացունց բնոյթ տուին եղածին։ Հանրային կարծիքին մօտ ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ հայկական օդանաւին հետ պատահածը կապ ունէր օր մը առաջ տեղի ունեցած՝ Ռուսիայէն դէպի Սուրիա թռիչք կատարող սուրիական մարդատար օդանաւին պարտադիր էջքի ծանօթ միջադէպին հետ։ Տարբեր չէր կրնար ըլլալ ընդհանուր տպաւորութիւնը, որովհետեւ միջազգային հանրային կարծիքը կլանուած էր սուրիական մարդատար օդանաւին դէմ Թուրքիոյ գործած միջամտութեան անդրադարձներով։ Սուրիա եւ Ռուսիա միջազգային օրէնքներուն դէմ…
SARF Fund
October 17, 2012
News

Հայաստանէն Սուրիա Առաքուած Մարդասիրական Օգնութիւնը Պիտի Բաժնուի Նաեւ Տէր Զօրի Բնակիչներուն

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս» - Հայաստանէն Հալէպ ուղարկուած մարդասիրական օգնութեան ծանրոցները տակաւին չեն սկսած բաշխուելու սուրիացիներուն, այս յայտնած է Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան. ան դիտել տուած է, որ միայն մէկ ծրար յանձնուած է արաբ կնոջ մը, որ երկար ատեն կանգնած է «Արամ Մանուկեան» հայկական ակումբին դիմաց: Այժմ Հալէպի քաղաքապետա-րանի եւ Կարմիր խաչ կազմակերպութեան աշխատակիցները, ինչպէս նաեւ Հալէպի շտապ օգնութեան մարմինը կազմակերպչական աշխատանքներ կը տանին՝ ծանրոցները դասաւորելու ուղղութեամբ, անկէ ետք օժանդակութիւնները պիտի սկսին բաժնուիլ սուրիացի կարիքաւոր ընտանիքներուն։ Հաւանաբար այդ աշխատանքը սկսի յառաջիկայ երկու օրերուն։ «Կայ ընդհանուր 1400 ծանրոց, որ պէտք է յատկացուի ոչ միայն հալէպցիներուն, այլ նաեւ ուրիշ քաղաքներու բնակիչներուն, որոնց կարգին մեզ համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող Տէր Զօրի բնակիչներուն», նշեց Ռէյիսեան: Ան ողջունեց հայ ժողովուրդին կողմէ դրսեւորուած այս շնորհակալ…
SARF Fund
October 17, 2012