Կիրակի, Նոյեմբեր 18, 2012ի երեկոյեան ժամը 5ին, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահը դարձեալ ժամադրավայրն էր բազմահարիւր հայորդիներու, որոնք այս անգամ համախմբուած էին ոչ միայն իբր համերգի պարզ հանդիսատէսներ, այլ եկած էին օգնութեան ձեռք երկարելու սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք կը դիմագրաւեն աղէտալի պատերազմ, եւ բնականաբար՝ պատերազմի հետ առնչուող անբացատրելի մարտահրաւէրներ… Սոյն ձեռնարկէն մէկ ամիս առաջ Ծովածոցի հինգ հայ եկեղեցիներու եւ հայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներով միացեալ յանձնախումբ մը յառաջացաւ, որպէսզի հիւսիսային Քալիֆորնիոյ հայութիւնն ալ իր մասնակցութիւնը բերէ սուրիահայերու կարիքներուն։ Արդարեւ, Ծովածոցի այս միացեալ յանձնախումբի ջանքերով, շուտով կազմակերպուեցաւ պատշաճ ձեռնարկ մը, որուն գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղացի արուեստագէտներ, հայրենիքէն հիւրաբար SARF-ի Լոս Անճելըլսի ձեռնարկին հրաւիրուած Լիլիթ Փիփոյեանն ու Ֆրանսայէն Վիգէն Դարբինեանը։ Ձեռնարկի պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հայկական եւ Ամերիկեան քայլերգներով՝ Սեւան Պալապանեանի…
SARF FundNovember 30, 2012