Monthly Archives

December 2012

News

ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Սուրիական Օրագրութիւն

Վերջերս Հալէպի «կիներու թեր»չերու մէջ դարձող լուրը՝ - Հարցը պիտի վերջանայ մինչեւ տարեգլուխ Ոմանք նոյնիսկ ճշգրիտ թուական կը նշեն՝ - Ըսած են՝ «Մինչեւ ձեր զատիկը...» - Այսինքն՝ Յունուար վե՞ց... - Չէ՛, չէ՛, տեղացիներու զատիկը՝ Դեկտեմբեր 25: - Ուրկէ՞ գիտցար: - Իսլամ ընկերուհիս ըսաւ, անոնք գիտեն, իրենց մէջ կը խօսին... Այսինքն, մեծ մարդասիրութեամբ՝ քրիստոնեաներու Ծն-ունդը պիտի յարգուի... Աւելի՛ լաւ, եթէ մեր Ս. Ծնունդին ըլլար, տասներկու-տասներեք օր աւելի պիտի սպասէին... Միշտ առաւելութիւնը իրենց կը տրուի, բայց այս անգամ ընդունելի է Շատեր խիստ հաւաստի աղբիւրներէ, բարձրաստիճան զինուորականներէ անձամբ ականջալուր եղած են, ուրիշներ կը վստահեցնեն՝ «միւսները» ըսած են, թէ իրենց ախըտը («Ասոր հայերէնը ի՞նչ էր. հա՛, պայմանագրութիւնը») այդ թուականին կը վերջանայ ու այդ օրէն մէկ փամփուշտ պիտի չարձակուի, բայց «Մինչ այդ տոկացէք», ապսպրած են…
SARF Fund
December 3, 2012