2015ի Ապրիլ եւ Մայիս ամիսները վտանգի ահաւորութեան իմաստով մեծապէս ծանր եղան հալէպահայութեան համար։ Այս պայմաններուն մէջ մեր ժողովուրդի զաւակներէն ոմանք ժամանակաւոր, ոմանք մնայուն տեղափոխուեցան Հալէպէն։ Սակայն պատկառելի թիւ մը իր դիմագրաւած դժուարութիւններով հանդերձ շարունակեց եւ տակաւին կը շարունակէ մնալ Հալէպի մէջ, ջանք չխնայելով իր ընտանիքին եւ հալէպահայ համայնքին պահպանման նպաստելու գործին մէջ։ Կամաւորաբար Հալէպ մնացող հայութիւնը, այսօ՛ր, ամէն ժամանակէ աւելի կարիքը ունի գործնապէս զգալու, որ արտասահմանի իր ազգակիցները նեցուկ կը կանգնին իրեն եւ առանձին չեն ձգեր զինք այս վիճակին մէջ։ Հալէպահայը կարիքը ունի զգալու, որ քար առ քար վերակառուցող ընտանեկան, հոգեւոր թէ կրթական օջախին համար իր ձեռքերուն հետ այլ հարազատ ձեռքեր եւս կան։ Մեր պարտաւորութիւնն է ամէն կերպ տէր կանգնիլ մեր ժողովուրդին եւ այս առաքելութիւնը կը պահանջէ Հալէպ մնացող հայութեան…
SARF FundMay 18, 2015