A Call for Your Continued Support

By July 23, 2013 November 15th, 2015 News

The Syrian Armenian Relief Fund (SARF), Executive Committee sincerely thanks the generous public for closely following the ongoing calls for humanitarian assistance in Syria. All of us are cognizant of our moral obligation to sustain the Armenian communities in Syria.

We are thankful that you provided your financial support and joined thousands by attending the dance concert, HyeAID2, held on June 9, 2013, which was a showcase of high artistry and provided much delight to the audience.

The Executive Committee successfully worked with countless volunteers backstage, numerous entities in the print and TV media, as well as sponsors who pulled in small and large donations, to bring HyeAID and HyeAID2 concerts to the stage. Your assistance in all aspects of our efforts to continue the momentum for assistance was invaluable.

Unfortunately, a just solution and peace has not returned to Syria yet, and fear and horror, together with the lack of essential foods and supplies continue to plague the population. Every penny counts. With our continued awareness and assistance, each of us can do our part for the survival of our sisters and brothers in Syria. They need our help to keep the faith and continue to hope to persist as individuals, as families and as communities.

This is a call for your help. Please lend a hand and join us for a worthy cause, as a moral obligation to do your part day after day, and send your tax-deductable contribution to SARF:

SYRIAN ARMENIAN RELIEF FUND
P.O. BOX 1948, GLENDALE, CA 91209-1948

We are proud to rely on your sense of duty and generosity.

We hope that peace will soon reach the Armenian community in Syria.

Executive Committee
Syrian Armenian Relief Fund

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Գործադիր Մարմինս, իր խորին երախտագիտութիւնը կը փոխանցէ, գաղութիս ազնիւ ու ազգասէր հայրենակիցներուն, որոնք աչալուրջ եղած են, որեւէ համազգային եւ կամ հայրենակցական աղերսներու, քաջ գիտնալով, թէ իւրաքանչիւր Հայ անհատի բարոյական պարտաւորութիւնն ու նուիրումը անհրաժեշտ է, իր իսկ ազգի գոյապայքարին ու բարգաւաճման:

Գաղութիս հայրենակիցները խուռներամ բազմութեամբ վայելեցին եւ նիւթաբարոյապէս օժանդակեցին՝ Յունիս 9, 2013ին կայացած HyeAID2 պարային երգահանդէսին, որ անգամ մը եւս իր արուեստի բարձրորակ մակարդակով հմայեց ներկաները, որոնց վառ տպաւորութիւնները արձագանգեցին գաղութէս ներս:

Գործադիր մարմինս իր օժանդակութեան զանազան աշխատանքներու կողքին, մեծաթիւ անձնակազմով ու սպառիչ ջանքերով փորձեց յաջողութեամբ պսակել, վերջերս նմանատիպ զոյք ծրագիրները՝ HyeAID1-HyeAID2ը, որոնց յաջողութեան մէջ մեծ դեր ունեցան նաեւ մեծ ու փոքր հովանաւորներ, կամաւորներ, մամուլ եւ հեռատեսիլ ինչպէս նաեւ վարագոյրի ետեւ աշխատող համեստ անձնաւորութիւններ… Վարձքերնիդ կատա՛ր արթուն եւ հարազատ հայրենակիցնե՛ր:

Սակայն… Սուրիահայութեան աղէտը իր արդար լուծումն ու խաղաղութիւնը չէ գտած… կը շարունակուի սարսափի ահն ու դողը… ամենօրեայ գոյութեան ու անհրաժեշտ սննդամթերքի չգոյութեան… Առ այդ, մեզմէ իւրաքանչիւրին ամենօրեայ հետաքրքրութիւնն ու ԼՈՒՄԱՅի ներդրումը, պիտի զօրացնէ՛ Սուրիահայ մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հաւատքն ու յոյսը, կառչած մնալու իրենց անհատական, ընտանեկան եւ համայնքի կեանքի պահպանման…

Եկէ՛ք միասնաբար առանց որեւէ ծրագրաւորումի եւ կամ ակնկալութեան, միացնենք մեր համազգային ջանքերն ու անհատական նուիրումը եւ մեր ազգային բարոյական տուրքը կեանքի կոչելով ամէ՛ն օր ամէ՛ն ժամ… փոխանցենք մեր տուրքէ զուրկ նուիրատուութիւնները Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմնի հետեւեալ հասցէով՝

SYRIAN ARMENIAN RELIEF FUND
P.O. BOX 1948, GLENDALE, CA 91209-1948

Փա՛ռք ու պատի՛ւ քե՛զ, գիտակից ու նուիրատու հայրենակից…
Շուտափոյթ խաղաղութիւնդ վերագտնե՛ս սիրելի սուրիահայ մայր գաղութ…

ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի
Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ
Գործադիր Մարմին