GLENDALE – Several months ago, Chamlian school’s administration, faculty, staff and students decided to help the Syrian Armenian community by organizing several fundraising activities.

Various student clubs started selling pastries and ice cream, and the office staff organized a lottery with an IPad as the top prize. The school then dedicated the proceeds from its November 4 Cultural Day ticket sales.

Next, with a donation of $10,000, Chamlian became the first school to officially sponsor the November 11 Benefit Concert at the Pasadena Civic Auditorium. A few weeks later, the School Administration also made a contribution of $15,000. Finally, during the Armenia Fund Telethon on November 22, Chamlian students announced a donation of $3458.46, earmarked entirely for the Syrian Armenian cause.

To date, Chamlian has proudly raised $28458.46. According to Ms. Ani Berberian, Chamlian’s Armenian Club advisor, the school plans to continue its efforts to help our brethren in Syria.

«Շամլեան» Աւելի Քան 28,000 Տոլար Կը Հանգանակէ Սուրիահայութեան Համար

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Շամլեան» Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնը, ուսուցչական կազմն ու աշակերտութիւնը, ընդառաջելով սուիրահայութեան օգնութեան կոչին՝ ամիսներէ ի վեր լծուած են աշխատանքի, անհրաժեշտ նպաստը հասցնելու համար իրենց աղէտեալ քոյր-եղբայրներուն:

Կարկանդակի եւ պաղպաղակի վաճառքին յաջորդեց վիճակահանութիւն, աշակերտական հանգանակութիւն, իսկ Նոյեմբեր 4ի Մշակոյթի օրուան հանդիսութիւններէն գոյացած եկամուտը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ նոյն նպատակին:

«Շամլեան» հանդիսացաւ առաջին վարժարանը, որ 10,000 տոլարով հովանաւորեց Նոյեմբեր 11ի երգահանդէսը: Ապա, վարժարանը SARF-ին փոխանցեց 15,000 տոլարի գումար մը, եւ վերջապէս Նոյեմբեր 22ի Համահայկական թելեթոնին մասնակցեցաւ 3458.46 տոլար գումարով մը, որ ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի սուրիահայութեան: Այսպիսով, վարժարանը այս նպատակին համար ցարդ գոյացուցած է 28,458.56 տոլար:

«Աշխատանքը կը շարունակուի», յայտարարեց վարժարանի Հայկական ակումբի պատասխանատու Անի Պէրպէրեանը: