Glendale, CA – Jirair Shirikjian was raised in Aleppo. He did not forget his roots. When his 70th birthday was coming up, he did not just cut a cake with friends. He asked that his guests to celebrate his birthday by contributing to the Syrian Relief Armenian Fund. They collectively raised $2,500.

The Armenian American Nurses Association (AANA) members have chosen professions to help in the health field. During their spare time, they volunteer at festivals and street fairs to provide health screenings and assist with any emergencies at first aid stations. They too extended a loving hand to those Armenians who are enduring the crisis in Syria. Rosine Der-Tavitian, a Clinical Coordinator and Faculty member in the Cal State Northridge Department of Nursing, informed the SARF board regarding AANA’s donation of $1,500 on the occasion of the Christmas Holiday.

Licensed Marriage and Family Therapist Nora Chitilian-Kalachian realized that Armenian families arriving from Syria has special needs to be heard in a supportive environment. Starting on January 22, she will begin to lead a free 5-week workshop for parents designed to help families deal with adjustment issues, post-traumatic stress disorder, anxiety, parenting, guidance and will address many other symptoms they may suffer from.

Chitilian started her career working at the Armenian Relief Society of Western USA Child, Youth and Family Guidance Center, where she had opportunities to lead similar groups.

Each of us have talents and resources that we can use to help others in need. Shirijian and Chitilian found different ways to lend a hand. Each of us can ask ourselves how we can help.

The crisis in Syria continues. Share your gifts with the Syrian Armenians by mailing your tax-exempt contribution to Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948.

Սուրիահայութեան Օգնելու Տարբեր Ուղիներ

Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Ժիրայր Շիրիքճեանը Հալէպի մէջ հասակ առած է: Ան մոռացութեան չէ թողած իր ծննդավայրը: Երբ ժամանակը եկած էր ծննդեան 70ամեակը տօնելու, ան միայն կարկանդակ կտրելու մասին չմտածեց, այլ խնդրեց իր հրաւիրեալներէն որ Սուրիահայութեան ի նպաստ նուիրատուութիւն ընեն: Հաւաքաբար, 2,500 տոլար հանգանակուեցաւ այս ուրախ առիթով:

Հայ Ամերիկեան Հիւանդապահներու Միութեան անդամները ընտրած են առողջապահական մարզէն ներս հիւանդներու օգնելու մասնագիտական աշխատանք: Իրենց ազատ ժամերուն անոնք կամաւորաբար կը մասնակցին փառատօններու եւ այլ հաւաքոյթներու առողջապահական քննութիւններ կատարելու կամ շտապ օգնութեան պարագաներու օգնելու: Միութեան անդամներն ալ իրենց կարեկից ձեռք երկարեցին տագնապահար Սուրիահայութեան օժանդակութեան: Ռոզին Տէր Դաւիթեանը որ համադրողի եւ դասատուի պաշտօններ կը վարէ Քալիֆորնիայի Նահանգային Նորթրիճի Համալսարանէն ներս Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմնին տեղեկացուցած է թէ Կաղանդի առիթով 1,500 տոլար նուիրատուութիւն մը ղրկած են:

Ամուսնական եւ Ընտանեկան Հարցերու Խորհրդատու Նորա Շիթիլեան-Քէլէշեանը յարմար գտաւ որ Սուրիայէն նոր հասած հայեր պէտք ունին յատուկ շրջանակի մը որպէսզի նմանօրինակ վիճակ ունեցողներու հետ բաժնեն իրենց ցաւերը: Յունուար 22ին, իր հոգեբանական գրասենեակէն ներս պիտի սկսի անվճար վարել հինգ շաբաթ երկարող աշխատանիստ մը Սուրիահայ ծնողներու համար որոնք կը դիմագրաւեն այս երկրին համակերպման հետ կապուած հարցեր, յետ-բեկումնային ախտանիշ, անձկութիւն եւ ծնողներու վերաբերեալ հարցեր:

Շիթիլեան տարիներով ծառայած է Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան ԱՄՆի Հոգեբանական Կեդրոնին, ուր նմանօրինակ խորհրդատուական ծառայութիւններ կատարած է:

Իւրաքանչիւրս ունի տաղանդներ եւ միջոցներ որոնք կրնանք օգտագործել ուրիշներուն պէտքերուն հասնելու: Շիրիքճեանը, հիւանդապահները եւ Շիթիլեանը իրենց միջոցները գտան Սուրիահայերուն օգնելու համար: Իւրաքանչիւրս պէտք է մենք մեզի հարց տանք թէ մենք ի՞նչ ձեւով կրնանք օգնել Սուրիահայութեան:

Սուրիահայութեան համար հանգանակային արշաւը կը շարունակուի: Ձեր նուէրներէն բաժին հանեցէք եւ ձեր տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները կատարեցէք հետեւեալ հասցէով՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948 կամ քրէտիթ քարտի միջոցով համացանցի հասցէով՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org: