Eldery Nursing Home Residents Moved to Safer Location in Aleppo

By October 8, 2012 November 15th, 2015 News, Photos

Հալէպի Ազգային Ծերանոցի Պատսպարեալները Փոխադրուեցան Աւելի Ապահով Վայր

Երէկ երեկոյեան «Ազդակ» հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցաւ Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանի հետ, որ Հալէպի մէջ արձանագրուած իբրեւ հիմնական նորութիւն հաղորդեց այն, որ Բերիոյ թեմի Ազգային իշխանութեան ու Հալէպի հայ երեք համայնքապետերուն համաձայնութեամբ եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի կարգադրութեամբ Հալէպի Ազգային ծերանոցի պատսպարեալները փոխադրուեցան այլ ապահով վայր մը` նկատի ունենալով Պոսթան Փաշա թաղամասին մէջ գտնուող ծերանոցին վտանգաւոր դիրքը, մանաւանդ որ այս օրերուն բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան այդ թաղամասին մէջ: Բախումներ տեղի կ՛ունենան նաեւ Հալէպի զանազան այլ շրջաններուն մէջ, սակայն ընդհանրապէս ոչ քաղաքի կեդրոնական բաժինը:

Ժ. Ռէյիսեան ընդգծեց, որ այս երկու օրը մասնաւոր յիշատակելի մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած, բայց ժողովուրդը անկասկած նախազգուշական միջոցառումներու կը դիմէ` վտանգը նուազագոյնին հասցնելու առումով:

Իրավիճակը Դամասկոսի Մէջ

Երէկ երեկոյեան Դամասկոսի մէջ «Ազդակ»-ի թղթակիցը հաղորդեց, որ անցնող երկու օրերուն ընթացքին մայրաքաղաքը կ՛ապրէր բնական ընթացք: Պաշտօնական «Սանա» գործակալութիւնը յայտնեց, որ բանակը յաջողեցաւ Քուտսէյա եւ Համէ շրջանները վերադարձնել իր հսկողութեան տակ:

Կարգ մը արուարձաններուն մէջ շարունակուած բախումներու կողքին, երէկ Պարզէի շրջանին մէջ արձանագրուած են բախումներ, իսկ երեկոյեան մայրաքաղաքին մէջ կը լսուէր պայթումներու ձայներ:

«Ազդակ»-ի թղթակիցը կը նշէ, որ սուրիական պետական պատկերասփիւռի կայանը յայտնեց, որ ականուած ինքնաշարժ մը պայթած է Ֆահհամէ շրջանին մէջ` Դամասկոսի ոստիկանութեան ընդհանուր գերատեսչութեան շէնքին մօտ. կան մէկ զոհ եւ քանի մը վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ, ուստի պայթումի շրջանի ճամբաները ապահովական խիստ միջոցառումներու կ՛ենթարկուին: