His Holiness Aram I: Helping Syrian Armenians Should Be a Priority for All Armenians

By December 13, 2012 November 15th, 2015 News

His Holiness Aram I, the Catholicos of the Great House of Cilicia, received representatives of the Armenian Relief Fund of Lebanon and the Director of the Karagozyan fund. They briefed His Holiness on the ongoing activities, particularly the humanitarian aid to Syrian Armenians.

“I’m confident other charity organizations are also engaged in the same work. Helping Syrian Armenians should be a priority for all Armenians. We must spare no effort to lend a helping hand to our brothers and sisters in Syria on these difficult days,” the Catholicos said.

He noted that the Armenian Government also provides assistance to Syrian Armenians, who have found refuge in the Motherland. His Holiness Aram I urged to provide Lebanon-based Syrian Armenians with jobs.

The Catholicos also called to remember our compatriots in Syria on the threshold of the New Year and Christmas and pray for the establishment of peace.

Source: Public Radio of Armenia

Սուրիահայութեան Օգնութիւնը Ամբողջ Հայութեան Առաջնահերթութիւնը Պէտք Է Դառնայ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

ԱՆԹԻԼԻԱՍ – Անցնող օրերուն ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար ընդունեց Լիբանանի Հայ Օգնութեան Խաչի պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ «Գարակէօզեան» հիմնարկութեան տնօրէնը: Անոնք լայնօրէն զեկուցեցին վեհափառ հայրապետին, ընդհանրապէս իրենց կատարած մարդասիրական աշխատանքներուն ու յատկապէս պայմաններու բերումով ժամանակաւորապէս Լիբանան հաստատուած սուրիահայ մեր զաւակներուն մասին:

Այս առիթով, վեհափառ հայրապետը բարձր գնահատելով այս ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքը՝ ըսաւ. «Վստահաբար նոյն աշխատանքին լծուած են մեր բարեսիրական միւս հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ այլ կազմակերպութիւններ ու կառոյցներ: Սուրիահայութեան օգնութիւնը ամբողջ հայութեան առաջնահերթութիւնը պէտք է դառնայ: Ճիգ պէտք չէ խնայել օգնութեան հասնելու համար Սուրիոյ մեր զաւակներուն, իրենց կեանքի այս դժուար օրերուն»:

Շարունակելով իր խօսքը՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Վստահ ենք, որ Հայաստանի մէջ ժամանակաւորապէս կայք հաստատած սուրիահայերուն հայրենի մեր պետութիւնը իր աջակցութիւնը կ՛ընծայէ զանազան ձեւերով: Նոյնը պէտք է կատարուի յատկապէս հոս, Լիբանան ապաստանած մեր ընտանիքներուն, մասնաւորաբար՝ գործի եւ տան դիւրութիւններ ընծայելով անոնց: Գիտենք որ հայ գործատեղիներուն մէջ մեծ թիւով օտարազգի պաշտօնեաներ կը գործեն: Մեր թելադրութիւնն է, որ մեր բոլոր գործատէրերը իրենց գերագոյն ճիգը կատարեն Սուրիոյ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն գործ հայթայթելու իմաստով»:

Ապա վեհափառը կոչ ուղղեց՝ ըսելով. «Նոր Տարուան եւ Աստուածայայտնութեան տօներու սեմին, երբ տօնական մթնոլորտ պիտի տիրէ ամէն տեղ, յիշենք դժուարութեան մէջ ապրող Սուրիոյ մեր սիրելի զաւակները, աղօթենք, որ շուտով խաղաղութիւնը հաստատուի սուրիական հայրենիքէն ներս, ինչպէս նաեւ մեր մասնակցութիւնը բերենք սուրիահայութեան օգնութեան աշխատանքներուն»:

Յայտնենք, որ կաթողիկոսարանի անունով բացուած Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին եկած գումարները հանգրուանային կերպով կը փոխանցուին Հալէպի Ազգ. առաջնորդարան՝ առանց խտրութեան գործածուելու համար մեր ժողովուրդի օգնութեան առնչուած զանազան ծրագիրներուն: