HyeAID Concert Excites a Full House in Pasadena

By November 14, 2012 November 15th, 2015 News

Pasadena, CA – Veteran’s Day 2012 will be forever imprinted in the minds of almost 3,000 people who attended the HyeAID benefit concert to help the Armenian community in Syria at the Pasadena Civic Auditorium in Pasadena, California. The artists from local and as far away as Armenia, England and France literally rocked the house and the audience, young and old, responded. They were moved with the songs of sorrow, longing and anguish, and laughed at the comedic remarks of the artists, who switched to upbeat songs to cheer up the audience.

The variety program started with the classics performed by the Hi-Am Quartet. Throughout the program, scenes of destruction of homes, schools, stores, homes for the elderly, group home for children, and churches, including the Armenian Genocide memorial church complex in Der Zor, were shared with the audience.

Syrian Armenian Relief Fund (SARF) Executive Committee Chairperson, Zaven Khanjian, spoke on behalf of the 10 organizations that make up SARF. Western Prelacy Prelate Arch. Moushegh Mardirossian, Diocese former Primate Arch. Vache Hovsepian, Rev. Fr. Krikor Chahinian, and Rev. Jospeh Matossian represented their churches, also present was the Prelate of Damascus, Bishop Armash Nalbandian. In addition, Counsel General of the Republic of Armenia, Grigor Hovhannissian, Avedik Izmirlian of the Armenian Revolutionary Federation Central Committee, Vazken Khodanian of the Social Democrat Hunchakian Party, Armenian Relief Society Central Executive Chairperson Vicky Marashlian and member Ani Keshishian, and Western U.S.A. Regional Executive Lena Bozoyan, and Armenian General Benevolent Union representative Tomig Alexanian. Also present was Heritage Party Chairperson Raffi Hovhannisian.

The concert was organized in association with Artists for Kids. Khanjian’s upbeat message reaffirmed that the Syrian Armenian community will prevail, it will resurrect and it will resume it’s role as the overflowing mother of all Diaspora Communities. Showing very old photo of very young scouts marching on the sports field, his poetic message was that the young scouts will return. He invited three students, representing their schools, which collected donations as Grand Sponsors of the event, along with Karoun Dairies, represented by Antranig Baghdassarian.

Aleeque Marselian from Vahan and Anoush Chamlian Armenian School, Tamar Gharibian from Rose and Alex Pilibos Armenian School, and Eddie Hovhannesian from Holy Martyrs Ferrahian High School, also representing Cabayan Elementery School, handed the checks from their respective schools. Armineh Khatchatourian, Chamlian Board Chair; Rita Kaprielian, Vice Principal of Chamlian; Dr. Alina Dorian, Principal of Pilibos; and John Kossakian, Principal of Ferrahian were present, along with many students, faculty members and administrators, collectively showing that the youth have taken the lead in lending a hand to their less fortunate compatriots in Syria. Khanjian read the thank you letter sent by Arch. Shahan Sarkissian, Prelate of Aleppo, on behalf of the three denominations and the community. It is hoped that $250,000, raised from this concert and other fundraising events, will be forwarded in the near future.

The ethno-rock group, Element Band, continued the program with soloist Soseh Keshishyan. Element Band members also individually accompanied some of the vocalists, who followed them later during the program. An 89-year old young soloist Souren Khavejian, who was originally from Syria, was accompanied on the accordion by Ara Dabandjian. The Dirty Diamond, an LA-Based band performed next, with Sam Babayan with the lead vocalist on the guitar. They were followed by Charming Liars, who flew from London. Their guitarist, Karnig Manoukian, expressed his excitement in sharing the stage with so many fantastic artists. The youth were present once again, as Armen Movsisyan appeared, and then was joined by his Guitar Studio students. The VIZA band was next, a band for whom contributing what they can is a way of life. Lilit Pipoyan from Armenia sang and played very moving lyrics on the piano, then on the guitar.

Actor-director Vahe Berberian, explained that he had a chance to visit Syria four years ago, and felt their warmth, nationalistic and welcoming spirit. He urged everyone to assist the Syrian Armenians, since they are a part of us, and then introduced his idol, Arto Tuncboyaciyan. Tuncboyaciyan roared the audience with his comedic jests, remembered the martyr soldiers dying on the Artsakh border, urged people to act as human beings, not make bad things happen due to their greediness, and speak about problems, lest they fester forever. A group of young singers accompanies him and once again, the youth outnumbered the adults.

TV personality and journalist Arshalouys Tarpinian applauded the high level of artistry during the program, praised the audience for supporting the benefit concert and quoted from Karekin Njdeh regarding the success of our endeavors with collective responsibility. She introduced composer Ruben Hakhverdyan. Hakhverdyan was eager to explain the truth about the Armenian spirit, flexible yet protective of its culture and values. He explained that we hyphenate our Armenian-ism, but the Syrian Armenians are just us, our people. Producer-Director Carla Garabedian observed that we stand in solidarity with our brothers and sisters in Syria, and introduced the father and son team, Khatchadoor and Serj Tankian, who performed next. Serj Tankian remarked that “all the artists that played tonight were incredible.” The curtains closed after one more song with all the vocalists on the stage, a nostalgic song about longing and being home-sick, “Tercheyi Mdkov”.

Following the concert, Aram Alajajian, of the Artists for Kids, thanked all the participating artists, and remarked that this was “the greatest event we ever put together. It was really a crown.”

The crisis in Syria continues. Contributions can be mailed to Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948 or by credit card at www.SyrianArmenianReliefFund.org. The San Francisco community will hold a benefit concert on Sunday, November 18, 2012 at 5 pm, at the Khachaturian Armenian Community Center, Saroyan Hall, 825 Brotherhood Way, San Francisco, CA (the cost of admission is $25).

HyeAID Սուրիահայութեան Նուիրուած Համերգը Կը Յաջողի Գրաւել Սրտերը

Փասատինա, Քալիֆորնիա – 2012ի Վեթերաններու Տօնը ընդմիշտ պիտի դրոշմուի շուրջ 3,000 հանդիսատեսներու հաւաքական յիշողութեան մէջ իբրեւ Սուրիահայութեան օգնութեան HyeAID համերգի թուականը:

Փասատինա քաղաքապետարանի հանդիսասրահէն ներս տեղի ունեցած համերգին ընթացքին տեղացի ու մինչեւ Հայաստանէն, Անգլիայէն եւ Ֆրանսայէն եկած արուեստագէտներ թնդացուցին սրահէն ներս հաւաքուած տարբեր սերունդներու պատկանող հանդիսատեսները, նախ անոնց հրամցնելով թախծոտ ու վշտահար երաժշտութիւն, աւելի վերջ հաճելի խօսքերով ու երգերով թնդացնելով սրահը:

Բազմազանութեամբ յատկանշուող համերգը սկսաւ Հայ-Եմ քառեակի դասական երաժշտութեամբ: Ամբողջ ծրագրին ընթացքին, Սուրիոյ կործանուած բնակարաններու, դպրոցներու, խանութներու, ծերանոցի, պատսպարանի ու եկեղեցիներու, ներառեալ Տէր Զօրի Նահատակաց մատուռի տեսերիզներն ու նկարները ցոյց տրուեցան:

Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Գործադիր Մարմնի Ատենապետ, Զաւէն Խանճեան, խօսք առաւ մարմնի 10 կազմակերպութիւններուն անունով: Համայնքապետներէն ներկայ էին Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, նախորդ Առաջնորդ Վաչէ Արք. Յովսէփեան, Հայր Գրիգոր վրդ. Շահինեան, Վեր. Յովսէփ (Ճոզէֆ) Մաթոսեան: Նաեւ ներկայ էին Դամասկոսի Առաջնորդ Արմաշ Եպս. Նալպանտեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր Հիւպատոս Գրիգոր Յովհաննիսեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէէն Աւետիք Իզմիրլեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութենէն Վազգէն Խոտանեան, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութենէն Ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ անդամ Անի Քէշիշեան, եւ Արեւմտեան Շրջանի Ատենապետուհի Լենա Պոզոյեան, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնէն Թոմիկ Ալէքսանեան, ինչպէս նաեւ Ժառանգութիւն Կուսակցութենէն Ռաֆֆի Յովհաննիսեան:

Համերգը կազմակերպուած էր «Artists for Kids» կազմակերպութեան գործակցութեամբ: Խանճեանի բանաստեղծաշունչ հաստատակամ խօսքը յուսադրիչ էր որ Սուրիահայութիւնը պիտի վերապրի այս մղձաւանջէն ետք եւ վերագտնէ իր դերը իբրեւ մայր գաղութը համայն սփիւռքի: Հին օրերու փոքրիկ գայլիկի տողանցքի նկարի մը նկատմամբ ան վստահեցուց թէ թռթռուն գայլիկներ դարձեալ պիտի տողանցեն: Ան հրաւիրեց երեք աշակերտներ որոնք իրենց դպրոցները կը ներկայացնէին իբրեւ ձեռնարկի գլխաւոր հովանաւորներ, մինչ Գարուն Կաթնեղէնի ընկերութեան տնօրէն՝ Անդրանիկ Պաղտասարեան նաեւ գլխաւոր հովանաւոր էր:

Վահան եւ Անոյշ Շամլեան Ազգ. Վարժարանէն Ալիք Մարսէլեանը, Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանէն Թամար Ղարիպեանը, իսկ Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական Վարժարանը եւ Մարի Գապայեան Նախակրթարանը ներկայացնող Էտի Յովհաննիսեանը իրենց նուիրատուութիւնները փոխանցեցին: Շամլեանի Խնամակալ Մարմնի Ատենապետուհի Արմինէ Խաչատուրեանը եւ Փոխ-տնօրէնուհի Ռիթա Գաբրիէլեանը, Փիլիպոսի Տնօրէնուհի Դոկտ. Ալինա Դուրեանը եւ Ֆերահեանի Տնօրէն Ժան Գոսաքեանը նաեւ ներկայ էին, բազմաթիւ աշակերտներու, ուսուցչական կազմի անդամներու հետ, միասնաբար ցոյց տալով թէ նոր սերունդը արդէն իսկ մեծ բաժին կը կազմէ Սուրիահայ կարօտեալներու օժանդակութեան այս սրբազան գործը:

Պարոն Խանճեան նաեւ ներկայացուց Հալէպի Բերիոյ թեմի Առաջնորդ Շահան Արք. Սարգիսեանի շնորհակալական եւ գնահատական նամակը Սուրիահայութեան յարանուանութիւններու եւ միութիւններու անունով: Կ’ակնկալենք որ այս համերգի եւ այլ հասութաբեր ձեռնարկներէ գոյացած 250,000 տոլարի փոխանցում մը եւս կատարուի յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին:

Էլէմընթ նուագախումբը շարունակեց ծրագիրը Սօսէ Քէշիշեանի մենակատարութեամբ: Նուագախումբի անդամները առանձնապէս նաեւ ընկերակցեցան այլ մենակատարներու, որոնք աւելի վերջ բեմ բարձրացան:

89-ամեայ Սուրիահայ Սուրէն Քահուէճեան մեներգեց Արա Տապանճեանի ձեռնադաշնակի ընկերակցութեամբ: Ապա Լոս Անճելըսի Տը Տըրթի Տայմոնտ նուագախումբը հանդէս եկաւ, մենակատարութեամբ կիթառահար Սէմ Պապայեանի: Անոնց յաջորդեց Լոնտոնէն եկած Չարմինկ Լայըրզ նուագախումբը: Կիթառահար Գառնիկ Մանուկեանը իր ցնծութիւնը յայտնեց որ այսքան բացառիկ երգիչներու հետ բեմին վրան կը նուագեն:

Նոր սերունդի ներկայացուցիչները դարձեալ երեւցան Արմէն Մովսէսեանի մենակատարութենէն ետք: Իր արուեստանոցի աշակերտներն էին որ իրենց կիթառներով մասնակցեցան: Յաջորդաբար Վիզա նուագախումբը, որ ուրիշներուն օգտակար ըլլալը կեանքի ձեւ ընդունած է, հանդէս եկաւ: Լիլիթ Փիփոյեանը որ հասած էր Հայաստանէն, նախ դաշնակի վրայ նուագեց յուզիչ անմխիթար հոգիիս յուզիչ երգ մը, ապա Կիլիկիան անձամբ կիթառին նուագակցութեամբ:

Դերասան եւ մենակատար Վահէ Պէրպէրեանը որ առիթ ունեցած էր Սուրիան այցելելու չորս տարի առաջ, զգացած էր տաքութիւնը, հայրենասիրութիւնը եւ հիւրասիրութիւնը, յորդորեց Սուրիահայութեան օգնել ինչպէս հոգ կը տանինք մեր մարմնի մէկ անդամին: Ապա, հրաւիրեց Արթօ Թունճպոյեանը որ իր պարզ նիստ ու կացի պահուն այնպիսի զուարճալի խօսքեր ըսաւ որ սրահը ցնցեց: Ապա, կեանքի դասեր տուաւ, յորդորելով հարցերը անլոյծ չձգել եւ յիշեց Արցախի սահմանին սպաննուած զինուորները: Երիտասարդ խումբ մը երգելով ընկերակցեցաւ իրեն: Դարձեալ նոր սերունդի ելոյթը յուսալից էր:

Հանդիսավար եւ լրագրող Արշալոյս Դարբինեան վկայեց թէ մենք ունինք բարձր արուեստ եւ այսօրուան գրաւականը հանդիսատեսներու ներկայութիւնն է: Մէջբերում կատարելով Գարեգին Նժդեհէն, թէ հայը հերոսակերտ է երբ իր առաջնորդներուն կը յաջողուի հաւաքական սիրտ ստեղծել, ապա ներկայացուց Ռուբէն Հախվերտեանը, որ ան իր կարգին յայտնեց, թէ մեր ազգը ճկունութիւնը ունի ազգային մշակոյթը պաշտպանելու, դժուար պայմաններուն ճիշտ ձեւով կողմնորոշուելու եւ պիտակաւորումներու իսկ պէտք չունինք՝ Սուրիահայութիւնը զատորոշելու որովհետեւ ան մեր հայութիւնն իսկ է:

Ֆիլմարտադրիչ Քարլա Կարապետեանը ընդգծեց թէ Ամերիկան պէտք է գիտնայ որ մենք Սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ կը զօրակցինք, ապա ներկայացուց վերջին բեմ բարձրացող արուեստագէտները հայր ու որդի՝ Խաչատուր եւ Սերժ Թանգեանները: Սերժ Թանգեանը, իր կարգին, բարձր գնահատեց օրուան ելոյթ ունեցող արուեստագէտները: Վերջաբանը կատարուեցաւ օրուան արուեստագէտներու՝ կարօտի երգը «Թռչէի Մտքով Տուն» խմբերգով:

Համերգի աւարտին, մտերմիկ հաւաքի մը ընթացքին, «Artists for Kids» կազմակերպութիւնէն Արամ Ալաճաճեանը շնորհակալութիւն յայտնեց համերգին մասնակցող բոլոր արուեստագէտներուն եւ յայտնեց թէ օրուան համերգը «թագադրութիւն» մը եղաւ եւ իրենց կազմակերպածներէն լաւագոյնն էր:

Սուրիահայութեան համար հանգանակային արշաւը շարունակելի է: Կրնաք ձեը տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները կատարել հետեւեալ հասցէով՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948 կամ քրէտիթ քարտի միջոցով համացանցի հասցէով՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org:

Այս առթիւ, Սան Ֆրանսիսքոյի գաղութը կազմակերպած է հանգանակային համերգ մը, Նոյեմբեր 18ին, երեկոյեան ժամը 5ին, Խաչատուրեան Հայ Կեդրոնի Սարոյեան Սրահին մէջ, 825 Brotherhood Way, San Francisco, CA: