Let’s Keep the Life-Saving Chain Tight By Zaven Khanjian

By April 17, 2014 November 16th, 2015 News

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՕՂԱԿԸ ՊԻՆԴ ՊԱՀԵՆՔ

HyeAID3
#SaveKESSAB
Զաւէն Խանճեան

Ձանձրացած են՞ք: Երբէ՛ք:
Յոգնած են՞ք: Քա՛ւ լիցի:
Կ’ամչնա՞նք: Բացարձակապէ՛ս:
Հակառակ շարունակուող ողբերգութեան՝
հակառակ սիրտ ճմլող կռունկներուն՝
հակառակ գորշ ամպերուն՝
Սուրիահայ գաղութի գահավիժող երթին՝
Յոյսը վառ կը պահե՛նք,
տակաւին լաւատե՛ս ենք:
Ուրիշ ելք չունի՛նք:

Քէսապի հայաթափման արձագանքը հանդիսացող՝ ժողովուրդի զօրակցութեան ձայնը լսեցինք, հեռախօսազանգերը ստացանք եւ ե-նամակները կարդացինք:

Պատգամը մէկ էր՝
«Ինչպէ՞ս օգնենք»
Ահա՛ւասիկ ընծայուած առիթը:

Կամաւոր եւ սրտատրոփ արուեստագետներու հոյլ մը, հայատրոփ սրտով հայուհի մը եւ նուիրեալ կազմակերպիչներու մեղուաջան խումբ մը կը հրաւիրեն ձեզ SARFի զօրակցութեան HyeAID3 երգահանդէսին՝ Ապրիլ 29, 2014ին Կլէնտէյլի ALEX թատրոնին մէջ:

Տրամաբանութիւնը պարզ է:
Հայ մնալու համար, գոյութիւն է պէտք:
Լեզու փրկելու համար, ժողովուրդ է պէտք:
Գաղութ պահելու համար, ողջ ըլլալ է պէտք:
Հարիւրամեակ յիշատակելու համար, առողջ ըլլալ է պէտք:
«Կանք ու կը մնանք»ի կամքը անկոտրում պահելու համար, զօրակցութիւն է պէտք:
Արիւնաքամ Սուրիահայութեան գոյապայքարը կը շարունակուի:
Գիտակից, գթասէր եւ յանձնառու հաւաքականութեան մը համախմբումն է Ապրիլ 29ը:

Մրցինք ապահովելու մեր պատիւը, www.itsmyseat.com/HyeAID
Հովանաւորենք զայն,
իսկ եթէ ուշացանք՝ ոչինչ, նուիրենք մեր լուման www.syrianarmenianrelieffund.org
Իսպիրեանի ձայնով՝
«Ախ իմ չքնաղ ժողովուրդ
Ինչքա՜ն լաւն ես դուն»
Միշտ կողք կողքի,
Այսօ՛ր եւս: