SARF Contributions from the East & West Coasts Nurses, Students & Teachers Among Donors

By June 9, 2014 November 16th, 2015 News

Glendale, Calif. (June 9, 2014).- The on-going crisis in Syria continues to take its toll on the Armenians in Syria, from Aleppo to Damascus to Kessab. The Armenian communities from the East Coast continue to donate to the Syrian Armenian Relief Fund (SARF), along with continued support from the West Coast.

The Armenian American Nurses Association (AANA), which was organized following the 1988 Spitak earthquake in Armenia, focused its attention on the new crisis. According to the Presidents of the AANA, Dr. Zarmine Naccashian, the nurses were directed to make donations “in lieu of Christmas gifts from AANA.” A total of $3,500 was collected from this effort.

The Glendale Teachers Association (GTA), which is the union that represents over 1,200 teachers in Glendale, is a local chapter of the California Teacher’s Association. Recently, Phyllis Miller, President of the GTA Board of Directors, handed over a check for $500 to Zaven Khanjian, Chairperson of the SARF Executive Committee. Taline Arsenian, Vice President of the GTA, was appreciative of Khanjian’s thoroughness, calling it a “classroom worthy” presentation.

The Armenian Students Association (ASA) at Boston University (BU) in Massachusetts raised $1,000 by providing graduation double cords with the Armenian tricolor. The Lebanese Club at BU provided one-third of the donation. During graduation ceremonies, the students wore the tricolors.

The ASA at Michigan University in Ann Arbor, Mich. raised $3,500; the Detroit Armenian Women’s Club raised $500; the Armenian Inter-Communal Committee of Philadelphia, Pa., raised $1,000; similarly, Raffi Yousefian’s friends in West Friendship, Md. raised $1,000; the Glendale Fighting Club Raised $1,100 at the Mixed Martial Arts Seminar held on May 17th; Mr. & Dr. Abraham & Marianne Yacobian of San Mateo County in Northern California, raised $1,200 for their son’s birthday in lieu of gifts.

In Glendale, Calif., Varoujan Koundakjian’s caring and generous friends celebrated his award of the “Knight of Cilicia” medal granted by His Holiness Aram I, raised $75,000 to assist the displaced Armenians of Kessab. The event doubled as his 80th birthday party.

Upcoming Fundraiser in New Haven, Conn.:

Elizabeth Koobatian, a 12-year old, decided to do a fundraising at Alex & Ani New Haven. She was convincing and will be the host of a fundraiser at 284 New York Street, New Haven, Conn. on Tuesday, June 17, 2014, from 5 to 7 p.m. Supporters can enjoy little bytes and punch, and will have 15% of their proceeds donated to SARF. Contact Koobatian at NKBTN3@gmail.com.

Community members concerned with the dire situation facing Syrian Armenians continue to allocate proceeds from birthday parties and in lieu of flower donations to SARF to help our brothers and sisters in Syria. They are facing dangers and harsh living conditions with lack of necessities and to feed their families. The psychological as well as the physical burdens are immense on the children as well as the adults. Your contribution will alleviate some of their needs and give them hope. Please send your tax-deductible contribution to the Syrian Armenian Relief Fund mailing address: P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948 or contribute online at www.SyrianArmenianReliefFund.org.

Սուրիահայութեան Համար Նուիրատուութիւնները Կու Գան Զոյգ Ափերէն Անյապաղ Օգնութեան Կոչ

Բուժքոյրեր, Ուսուցիչներ եւ Ուսանողներ Նուիրատուներու Կարգին Են

Սուրիահայութեան ճգնաժամային դրութեան շարունակութեամբ նորանոր զոհեր կը խլուին Հալէպէն Դամասկոս ու Քեսապ: Ամերիկայի Արեւելեան ափի հայ գաղութները կը շարունակեն նիւթական օժանդակութիւն հայթայթել Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմնին (ՍԱՐՖին), որուն գլխաւոր նպաստը կու գայ արեւմտեան ափէն:

Հայ Ամերիկեան Հիւանդապահներու Միութիւնը, որ հաստատուած էր 1988ի Հայաստանի Սպիտակի երկրաշարժէն յետոյ, կեդրոնացուցած է իր ուշադրութիւնը նոր աղէտին վրայ: Ըստ կազմակերպութեան նախագահ Տոքթ. Զարմինէ Նագգաշեանին, հիւանդապահները իրենց նուիրատուութիւնները կատարեցին «փոխան միութեան տրամադրուելիք կաղանդի նուէրներու»: Այսպէսով 3,500 տոլար հանգանակուեցաւ:

Կլէնտէյլի Ուսուցիչներու Ընկերակցութիւնը, որուն կ’անդամակցին աւելի քան 1,200 ուսուցիչներ՝ տեղական մասնաճիւղերէն մին է Քալֆորնիոյ Ուսուցիչներու Ընկերակցութեան: Ընկերակցութեան նախագահ Ֆիլիս Միլըրը 500 տոլարի նուիրատուութիւն մը փոխանցեց ՍԱՐՖի Գործադիր Մարմնի ատենապետ Զաւէն Խանճեանին: Ընկերակցութեան փոխ- նախագահ Թալին Արսէնեանը գնահատած է Խանճեանի բծախնդրօրէն պատրաստուած տեղեկութիւնները, որակելով զայն «դասարանի յարմար»:

Մասաչուսէց նահանգի Պոսթըն Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Ընկերակցութիւնը 1,000 տոլար հանգանակած է եռագոյն աւարտականներու վզկապներ վաճառելով, որոնք աւարտականները հագած են վկայականաց բաշխման արարողութիւններու ընթացքին: Համալսարանի Լիբանանեան ակումբը տրամադրած է գումարին մէկ երրորդը:

Միշիկըն Համալսարանի Հայ Ուսանողներու Ընկերակցութիւնը հանգանակած է 3,500 տոլար. Տիթրոյթի Հայ Կանանց Ակումբը՝ 500 տոլար. Ֆիլատելֆիոյ Հայկական Միջ-Գաղութային Յանձնախումբը՝ 1,000 տոլար. նմանապէս Մէրիլանտ նահանգի Ուէսթ Ֆրէնտշիփ քաղաքէն Ռաֆֆի Եուսէֆեանի բարեկամները հանգանակած են՝ 1,000 տոլար: Կլէնտէյլի «Fighting Club»ը 1,100 տոլար հանգանակեց խառն մարտարուեստի Մայիս 17ի սեմինարին: Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սան Մաթէօ շրջանէն Տէր եւ Տոքթ. Ապրահամ եւ Մարիան Եագուպեանները հանգանակած են 1,200 տոլար փոխան նուէրներու իրենց մանչին տարեդարձին առիթով:

Վարուժան Գունտաքճեանի բարեկամները «Կիլիկիոյ Ասպետ» շքանշանին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի կողմէ շնորհուելուն առիթով Քեսապի համար Կլէնտէյլի մէջ հանգանակեցին 75,000 տոլար: Ձեռնարկը նաեւ առիթ մըն էր Գունտաքճեանի 80րդ տարեդարձը տօնելու:

Յառաջիկայ Ձեռնարկ.-
12 ամեայ Էլիզապէթ Քուպաթեան որոշած է հանգանակութեան արշաւ կատարել Քէնիթիքէդ նահանգի Նիւ Հէյվըն քաղաքի Ալէքս եւ Անի հաստատութենէն ներս, Երեքշաբթի, Յունիս 17, 2014ին, երեկոյեան ժամը 5էն 7ը (284 New York Street, New Haven, Conn): Հետաքրքրուողները կրնան պատառ մը ուտել եւ իրենց գնումներուն 15 առ հարիւրը պիտի տրամադրուի ՍԱՐՖին: Քուպաթեանի հետ կապ կարելի է պահել NKBTN3@gmail.com ե-նամակի հասցէով:

Գաղութի անդամներ որոնք մտահոգ են Սուրիահայութեան դիմագրաւած վտանգներով, իրենց տարեդարձներուն եւ փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կրնան փոխանցել ՍԱՐՖին, օգնութեան ձեռք երկարելու մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն որոնք օրական կը դիմագրաւեն վտանգներ եւ ապրուստ ապահովելու անհնար պայմաններ, յաճախ զրկուած են ամենէն տարրական պէտքերէ կամ բաւարար սնունդ հայթայթելէ իրենց ընտանիքներու: Հոգեկան եւ մարմնական բեռները ծանր կը ճնշեն ոչ միայն մանուկներուն, այլ նաեւ չափահասներուն վրայ:

Ձեր նուիրատուութիւնները կը թեթեւցնէ իրենց ցաւերը եւ գոյատեւելու յոյս կու տայ: Կը խնդրուի ձեր տուրքէ-զերծ նուիրատուութիւնները ուղղարկել Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948 հասցէին կամ կայքէջին միջոցաւ www.SyrianArmenianReliefFund.org:

***Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին հետեւեալ անդամներով.- Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: Մեր հասցէն է՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948: Համացանցի հասցէն է՝ www.SyrianArmenianReliefFund.org :