SARF Delivers Another $100K for Syrian Armenians

By June 12, 2014 November 16th, 2015 News

Glendale, CA – As the war rages on in Syria, the calls for help are reaching donors, whose contributions raised another $100,000 for the Syrian Armenian Relief Fund (SARF). With the latest transfer, the total SARF contributions for Syrian Armenians reached one million dollars.

“Thanks to the caring, compassionate and highly responsible spirit of our donor public, we have reached this milestone,” said Zaven Khanjian, SARF Executive Committee Chairperson. He added, “As we cannot reach each individual donor personally, we take this opportunity to salute every one of them around the nation who contributed from $5 to $25,000.”

The latest donations included two $10,000 donations. One was from the European-based family of the late Dr. Iskandar Kassis of Aleppo; the other was from Dr. Noubar Ouzounian, and ENT-otolaryngologist in Anaheim, Calif.

Even before we can comprehend the full impact of the losses in Kessab, and as the Nor Kyough neighborhood of Aleppo braces for more bombs, the Armenians of Mosul in Iraq had to run for their lives and the cycle of violence continues echoing the struggles of those who survived the Armenian Genocide.

It is unbearable for all to watch the demise of the Mother Diasporan community at the onset of the Genocide Centennial. As a community far away from the delivery of help to those affected by the crisis, it lifts our spirits, when we hear the stories of courage and optimism that emanate from evacuation centers. Our community members need to do their part to get involved to support solutions to the crisis, because financial assistance is only a stop-gap measure to sustain the effected communities.

Thank you for all your contributions. Please continue to give and to share your blessings. Send your check to SARF: P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948; or donate on-line at www.SyrianArmenianReliefFund.org.

***The following churches, charities and organizations came together to form the Syrian Armenian Relief Fund in August 2012: Armenian Catholic Eparchy in North America; Armenian Evangelical Union of North America; Western Diocese of the Armenian Church; Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of America; Armenian General Benevolent Union; Armenian Missionary Association of America; Armenian Relief Society of Western U.S.A.; Armenian Democratic Liberal Party; Armenian Revolutionary Federation-Western U.S.A.; and Social Democrat Hunchakian Party-Western U.S.A.

ՍԱՐՖը 100 Հազար Տոլար Եւս Կը Փոխանցէ Սուրիահայութեան

Մինչ Սուրիոյ պատերազմական վիճակը կը շարունակուի, նուիրատուներու փաղանգ մը օգնութեան կոչերուն պատասխանած ըլլալով, Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը (ՍԱՐՖը) 100,000 տոլար եւս գոյացուց եւ վերջին փոխանցումով Սուրիահայութեան համար փոխանցուած ընդհանուր գումարը հասցուց մէկ միլիոն տոլարի:

«Շնորհիւ հոգատար, կարեկցող եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ տոգորուած մեր նուիրաբերող հանրութեան, մենք նուաճեցինք այս հանգրուանը», ըսաւ Զաւէն Խանճեանը, ՍԱՐՖի Գործադիր Մարմնի ատենապետը: Ան աւելցուց, «Կարելի չէ բոլոր նուիրատուներուն առանձնաբար շնորհակալութիւն յայտնել, սակայն այս առիթը կ’օգտագործենք ողջունելու 5-տոլարէն մինչեւ 25,000 տոլար նուիրած բոլոր ազգակիցները»:

Վերջին նուիրատուութիւններու ցանկին մաս կը կազմեն երկու 10,000 տոլար նուէրներ՝ մէկը Եւրոպայէն Հալէպի հանգուցեալ Տոքթ. Իսքէնտէր Քասիսի ընտանեկան պարագաներէն, իսկ միւսը՝ Անահայմ, Քալիֆորնիայ Տոթք. Նուպար Ուզունեանէն:

Քեսապի ամբողջական կորուստները տակաւին չի պարզուած, Հալէպի Նոր Գիւղի շրջանի ռմբակածումներու շարունակութիւնը եւ Իրաքի Մուսուլ քաղաքի հայութեան նոր տեղահանումը, հայութեան դէմ կատարուած այս բռնարարքներու շարունակութիւնը, կը յիշեցնեն հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդի շարունակուող պայքարը:

Դժուար է ականատես ըլլալ Մայր Գաղութի քանդումին, հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի սեմին: Որպէս սփիւռքեան գաղութ, որ շատ հեռու կը գտնուի տագնապահար Սուրիահայութեան ֆիզիքապէս օգնութիւն հասցնելէ, մեզի հոգեկան հրճուանք կը պատճառէ երբ լսենք քաջութիւնն ու լաւատեսութիւնը պատսպարաններէ ներս ապաստան գտած մեր հայրենակիցներուն: Մեր գաղութը պէտք է շարունակէ իր բաժինը բերել տագնապին քաղաքական լուծումներ գտնելու հոլովոյթին, մինչ այդ մեր հաւաքական նիւթա-բարոյական օժանդակութիւնը անպայման պիտի նպաստէ Սուրիահայութեան գոյատեւումի պայքարին:

Բոլոր նուիրատուներուն վարձքը կատար: Կը խնդրենք որ շարունակէք ձեր ստացած օրհնութիւնները բաժնել մեր Սուրիահայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ: Ձեր տուրքէ զերծ նուիրատուութիւնները կրնաք ղրկել ՍԱՐՖի հասցէով՝ Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948; կամ կայքէջով www.SyrianArmenianReliefFund.org հասցէով:

***Սուրիոյ Հայութեան Զօրակցութեան Միացեալ Մարմինը կազմուած է Օգոստոս 2012ին հետեւեալ անդամներով.- Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Թեմ, Հայց. Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմ, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութիւն, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ Թեմ, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Հայ Օգնութեան Միութեան Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան Շրջան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն եւ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն: