SARF Formation

By August 27, 2012 November 15th, 2015 News

The crisis in Syria and as a consequence, the perilous daily lives of the Syrian Armenians have alarmed and deeply concerned the Armenian community.

The historical record reminds us the past and present destiny of nations; making assumptions on past history may lead us to uncertainty and anxiety; and that is why we should move with practical considerations, determination and a spirit of service.

The spiritual heads, and the leaders of the political and humanitarian organizations in the Western U.S.A., as an alert guardians of the community, came together to collectively bring together the “Syrian Armenian Relief Fund Executive Committee” with the task of planning activities and coordinating fundraising, and distributing funds as needed to save lives, and to provide moral and emotional support for our sisters and brothers living in difficult conditions across Syria, and sustenance for their Armenian institutions.

The Syrian Armenian Relief Fund Executive Committee includes the following organizations, their representatives and the roles that they have accepted within the committee:

  • Armenian Evangelical Union of North America (AEUNA), Zaven Khanjian, Chairperson;
  • Armenian Relief Society of Western U.S.A. (ARS), Sona Madarian, Secretary;
  • Armenian General Benevolent Union (AGBU), Harry Balian, Vice Chairperson;
  • Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of America, Meher Der Ohanessian, Treasurer;
  • Catholicosate of Cilicia, Central Executive Board, Khajag Dikijian;
  • Western Diocese of the Armenian Church, Barkev Hamalian;
  • Armenian Catholic Church, Ara Aroyan;
  • Armenian Democratic Liberal (Ramgavar) Party, Khachig Janoyan;
  • Armenian Revolutionary Federation-Western U.S.A. (ARF), Vartkes Nalbandian;
  • Social Democrat Hunchakian Party-Western U.S.A., Harout Fakjian.

The above mentioned Executive Committee members are committed to do their outmost to reach out to community at large, to make the impossible possible and to extend a helping hand for the sake of the survival of the Syrian-Armenians.

The Executive Committee has also received the blessings of the Armenian Apostolic Churches, His Eminence Archbishop Mousheg Mardirossian, Prelate, and Archbishop Hovnan Derderian, Primate, as well as the leaders of the Armenian Catholic and Evangelical churches, and has already taken effective first steps.

We appeal to the Armenian people, to follow our announcements in the print and TV media, the web site www.syrianarmenianrelieffund.org, and Facebook page, and to make the most generous contribution that you could possibly make.

Please send your check payable to the Syrian Armenian Relief Fund, P.O. Box 1948, Glendale, CA 91209-1948, or make an online contribution at www.syrianarmenianrelieffund.org.

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾՆԱՊԷՍ ՆՊԱՍՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Սուրիոյ տագնապը եւ անոր անմիջական հետեւանքով ստեղծուած սուրիահայութեան տագնապալի առօրեան կ’ահազանգէ ողջ հայութիւնը, զայն մատնելով մտատանջութեան:

Պատմութիւնը, իր ողջ էութեամբ, կը յուշէ ժողովուրդներու անցեալի ու ներկայի ճակատագիրը, իսկ անցեալի հետքերով ենթադրութիւնները կը տանին անորոշութեան ու անձկութեան գիրկը, որուն համար անմիջական հաստատակամութեամբ ու ծառայական ոգիով պէտք է դիմել գործնական քայլերու:

Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի հայկական գաղութի երեք յարանուանութեանց, կուսակցութեանց եւ բարեսիրական միութեանց ներկայացուցիչները, ըլլալով արթուն հովիւն ու պահակը շրջանի հայութեան, սրբազան դերով մը համախմբուեցան եւ որոշեցին յառաջացնել «Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմին» մը, որպէսզի կազմակերպչական եւ անմիջական դրամահաւաքի աշխատանքներով գաղութը լծուի գործի, շուտափոյթ կերպով տեղ հասցնելու հանգանակուած գումարները, որոնք պիտի ծառայեն կեանքեր փրկելու եւ բարոյական ու հոգեկան ապահովութիւն ներշնչելու Սուրիոյ տարածքին դժուարին պայմաններու մէջ ապրող մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն, ազգային հաստատութիւններուն:

«Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմին»ը կազմուեցաւ հետեւեալ կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներով, ու դիւանական պաշտօններու բաժանումով.-

  • Հայ Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչ Տիար՝ Զաւէն Խանճեան,Ատենապետ
  • Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտ.շրջանի Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Սօնա Մատարեան, Ատենադպրուհի
  • Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) ներկայացուցիչ ՝ Տիար Հէրի Պալեան, Փոխ Ատենապետ
  • Արեւմտ. Թեմի Ազգ.Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Տիար Մհեր Տէր Յովհաննէսեան, Գանձապահ
  • Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ.Կեդրոնական Վարչութենէն՝ Տիար Խաժակ Տիքիճեան
  • Հայց. եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի ներկայացուցիչ ՝ Տիար Պարգեւ Համալեան
  • Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներայացուցիչ՝ Տիար Արա Արոյեան
  • Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) ներկայացուցիչ՝ Տիար Խաչիկ Ճանոյեան
  • Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան (Հ.Յ.Դ.) ներկայացուցիչ՝ Տիար Վարդգէս Նալպանտեան
  • Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան (Ս.Դ.Հ.Կ.) ներկայացուցիչ՝ Տիար Յարութ Ֆագճեան

Վերոյիշեալ մարմինի անդամները անմիջական կապերով ու աշխատանքներով պիտի հասնին մեր ազգի նուիրաբերող զաւակներուն, այն վստահութեամպ որ անոնք հայավայել հաւատարմութեամբ պիտի չզլանան իրենց օժանդակութիւնները, որպէսզի անկարելին կարելի դարձնենք եւ օգնութեան ձեռք երկարենք, ի խնդիր սուրիահայութեան փրկութեան:

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Գործադիր Մարմինը հայրական իր օրհնութիւնը ստացաւ Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտ. Շրջանի զոյգ Առաջնորդներէն՝ Տ. Մուշեղ Արք.Մարտիրոսեանէն եւ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանէն, ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետ. Յարանուանութեանց հոգեւոր Առաջնորդներէն, եւ արդէն անցած է գործնական առաջին քայլերուն:

Արդ, կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդի ազնիւ զաւակներուն՝ հետեւիլ հրապարակուած լուրերուն, մամուլի էջերէն, հայկական պատկերասփիւռի կայաններէ, եւ յատկապէս «Գործադիր Մարմին»ի յատուկ կայքէջէն՝ www.syrianarmenianrelieffund.org, եւ ըստ կարելւոյն փոխանցել ձեր առատաձեռն նպաստը:

Նիւթական օժանդակութիւնները կարելի է յղել հետեւեալ հասցէին.-
SYRIAN ARMENIAN RELIEF FUND
www.syrianarmenianrelief fund.org
P.O. Box 1948
Glendale, Ca 91209-1948