SARF Lecture on the Syrian Armenian Crisis at Diocese Raises $30,000

By February 17, 2014 November 16th, 2015 News

Burbank, CA – The Executive Committee of the Syrian Armenian Relief Fund (SARF) provided an opportunity to the public to learn about the situation facing the Syrian Armenians by taking advantage of visits by Bishop Armash Nalbandian from Damascus and Dr. Krikor Adanalian from Aleppo. The lecture was held on February 10, 2014, at the Western Diocese Kalaydjian Hall in Burbank, California.

The event, emceed by Executive Committee Secretary Sona Madarian, started with a slide show depicting the deteriorating living conditions of the Armenian community due to the ongoing destruction in Aleppo. The background music “Der Vogormia” (God Beseech Us) set the somber mood.

Dr. Krikor Adanalian from Aleppo presented an analytical evaluation of the history of the ancient Armenian community in Syria, the role of politics in the ongoing chaotic situation and the socio-economic hardships being endured by the community. He praised the unity, perseverance, and resilience of the Armenian community under the capable and bold leadership of the Prelate, Archbishop Shahan Sarkissian. Dr. Adanalian praised the Diaspora communities for extending a hand and concluded his message with optimism for the future.

The Primate of the Armenian Church Diocese of Damascus, Bishop Armash Nalbandian gave a general overview of the current situation and the medical, educational, and financial assistance being provided by Armenian churches, political parties, and humanitarian organizations working together through the Syrian Armenian Committee for Urgent Relief and Rehabilitation, which disperses the assistance received from the Diaspora in an integrated fashion. His Grace reported the number of Armenian casualties, injuries, and damage to churches and national institutions, in addition to thanking the Diaspora communities for their support. Bishop Nalbandian had accompanied leaders of Catholic, Coptic and Syriac Churches to Washington DC, where he met with US Senators to discuss the crisis faced by Christian minorities in Syria.

SARF Executive Committee Chairperson Zaven Khanjian called on the Armenian people to collectively continue their assistance and aid to Syrian Armenians, to sustain the survival of the “Mother Diaspora” community.

Prelate Archbp. Moushegh Mardirossian thanked the organizing committee and commended the keynote speakers. Recalling his recent visit to Lebanon to meetings at the Catholicosate presided over by His Holiness Aram I, the Prelate noted that great emphasis was given to the crisis in Syria and that meeting participants directly communicated with Arch. Shahan Sarkissian, Prelate of Aleppo, to receive first hand information on the situation. The Prelate stated that after hearing the reports of the evening’s speakers, and witnessing the Syrian-Armenian community’s spirit of determination and strong faith, “we leave here hopeful and renewed in our commitment to continue our ongoing support.”

Diocesan Primate Archbp. Hovnan Derderian, who had envisioned the program and graciously provided the facilities for the event, called upon the faithful to act according to the teachings of our Lord and Savior Jesus Christ and to extend a helping hand to Armenians in dire need. “Let us heed to our sacred Christian values and give to those who seek food and shelter,” said His Eminence. “Let our Christian spirit be reflected through our generosity,” he added.

The clergy, which included representatives of the Minister to the Union, Rev. Joseph D. Matossian of the Armenian Evangelical Union, and representatives of the Armenian Catholic Eparchy and Apostolic Churches, collectively prayed and blessed the gathering.

The program moved so many hearts that over $30,000 was raised. A delightful reception, organized by St. Leon Armenian Cathedral’s Ladies Guild, was held after the event.

ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՄԵՆՔ

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Գործադիր Մարմինը պատշաճ եւ գործնական լաւագոյն առիթ մը նկատեց գաղութս այցելող՝ Սուրիոյ Դամասկոս քաղաքի Առաջնորդ՝ Տ. Արմաշ Եպիսկոպոս Նալպանտեանի եւ Հալէպ քաղաքէն Բժիշկ՝ Գրիգոր Ատանալեանի ներկայութիւնը գաղութէս ներս ծրագրելու եւ հրաւիրելու՝ Սուրիահայութեան ճգնաժամային առօրեայով մտահոգ մեր հայրենակիցները զեկուցական ժողովրդային հաւաքի մը, որ կայացաւ Փետրուարի 10, 2014ի երեկոյեան Արեւմտեան Թեմի Հայց. Եկեղեցւոյ Առաջնորդարանի՝ Նազարէթ եւ Սիմա Գալայճեան սրահէն ներս, բարձր հովանաւորութեամբ՝ Արեւմտ. Թեմի Առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտ. Թեմի Առաջնորդ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Հայ Աւետարանական համայնքի Վերապատուելի Յովսէփ Մաթոսեանի, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հոգեւոր ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ կարգ մը քաղաքական եւ ազգային կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեամբ:

Երեկոն խորհրդաւոր թափով սկսաւ՝ յոտնկայս Տէր Ողորմեայի երգեցողութեամբ հաղորդուելու՝ Սուրիահայ գաղութի ֆիզիքական եւ հոգեբարոյական սրտաճմլիկ տեսարաններով, ներկաներու երեւակայութեան աշխարհը անգամ մը եւս Հայ ժողովուրդի ցաւոտ անցեալի էջերով խորասուզեց ու լարուած պահեց մինչ աւարտը…:

Գործադիր մարմնի ՀՕՄի ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Սոնա Մատարեան ըստ պատշաճի բարի գալուստէ ետք հանդիսաւոր ձեւով անդրադարձաւ՝ Խրիմեան Հայրիկի «Դէպի Երկիր» նշանաբանին, որ այսօր անգամ մը եւս կը յորդորէ մեզ օժանդակութեան ձեռք երկարելու՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած Սփիւռքի Մայր Գաղութի ամենօրեայ գոյապայքարին մէջ խարխափող Սուրիահայ մեր հայրենակիցներուն:

Տիկ. Մատարեան «Հալէպ Առաջին Կայարան» Զաւէն Խանճեանի յուշագրքէն հետեւեալ մէջբերումը ըրաւ. «Սփիւռքի մէջ տարածուած զանազան հայրենակցական միութիւններ կան… Փառք անոնց բոլորին գոյութեան… սակայն չկայ Սուրիահայ կամ Հալէպահայ հայրենակցական միութիւն… ինչո՞ւ. որովհետեւ ԱՆ ԱՆԱԾԱԿԱՆ ՀԱՅն է, բոլորին համար նուիրուած ու տրամադրուած …: »

Ապա հակիրճ կենսագրականը ներկայացնելէ ետք, բեմ հրաւիրեց՝ Հալէպէն ժամանած օրուան բանախօս Բժ. Գրիգոր Ատանալեանը: Բանախօսը իր շատ հաղորդական փաստարկումներով ու քաղաքական տրամաբանական վերլուծումներով ներկայացուց Սուրիոյ ժողովուրդին ապրած քաոսային ծանրակշիռ՝ ընկերային ու տնտեսական պայմանները, որոնք նոյն ատեն ոչ միայն մտահոգեցին այլ փորփրեցին ներկաներու երեւակայութեան մտապատկերը՝ ի խնդիր մեր հայրենակիցներու տակաւ անորոշ ու մտահոգիչ գալիքին… Ան գնահատեց Սփիւռքի այլ տարածքներէն հասնող նիւթաբարոյական նուազագոյն օժանդակութիւնն իսկ, որոնք արդար ու ազնիւ փոխհատուցումն է Սուրիահայութեան դարաւոր ու յարատեւ նուիրումին՝ իր Ազգին ու Հայրենիքին հանդէպ:

Երեկոյի պատուոյ հիւր՝ Տէր Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի կենսագրութիւնն ու հոգեւորական ծառայութեան գործունէութեան դաշտը ներկայացնելէ ետք, հաղորդավարուհին հրաւիրեց Սրբազան Հայրը, որ իր հոգեւոր հովիւի անմիջական կապերու տեղեկատուութեամբ եւ ներգործութեամբ իր հօտին կենցաղային եւ հոգեբարոյական ամենօրեայ դժուարին եւ ցաւագին պայմաններն ու մարդկային ու նիւթական վնասներուն անդրադառնալով անգամ մը եւս ներկաներուն մտահորիզոնը լարեց շօշափելի վտանգաւոր կացութեան ու անորոշութեան: Ան մանրամասն բաժանումներով՝ ընկերային, Կրթական, տնտեսական ու կառուցողական առկայ պայմաններուն անդրադառնալով, առիթը տուաւ ներկաներու հարցադրումներուն սպառիչ ու հարազատ մանրամասնութիւններով պատասխանեց ու շեշտեց նաեւ Սփիւռքի շրջաններէն հասնող օժանդակութիւններու արդար օգտագործումն ու բաժանումը Սուրիոյ Միացեալ Շտապ Մարմնի կողմէ, ըստ շրջաններու առաջնահերթ կարիքներուն:

Արմաշ Սրբազան յայտնեց նաեւ Սուրիահայութեան երախտագիտութիւնը հանդէպ հոգատար ու նուիրատու շրջաններուն ու հայրենակիցներուն, որոնք յոյսի ու լոյսի նշոյլը կը փոխանցեն Սուրիահայ գաղութի իրենց քոյրերուն ու եղբայրներուն նման դժնդակ օրերուն մէջ:

Խօսք առաւ՝ Տիար Զաւէն Խանճեան, Սուրիահայութեան Միացեալ Մարմնի Ատենապետ՝ (խօսքը կցուած), որ իր կարգին շեշտեց եւ յուսադրեց գործադիր մարմնի քարոզչական ու նիւթական օժանդակութեան աշխատանքները շարունակութեան, մինչեւ որ Սուրիոյ մեր հայրենակիցները վերագտնեն իրենց անցեալի խաղաղութիւնն ու կայուն առօրեան :

Հանդիսավարուհին՝ Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի կոչերէն մէջբերում մը կատարեց. «Սուրիահայութեան հիմնախնդիրը Համահայկական առաջնահերթ մտահոգութիւն է… Միացէ՛ք ու միակամ ոգիով օժանդակեցէ՛ք ու մնացէ՛ք Սուրիահայութեան կողքին»:

Ապա իր սրտի խօսքն ու պատգամը փոխանցելու հրաւիրեց՝ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանը. Սրբազան Հայրը շեշտեց Սուրիահայ Մայր գաղութի պատմական ու հիմնական գոյութեան արժէքին մասին եւ գնահատեց մեր ժողովուրդի աչալրջութիւնը ի տես Սուրիահայոց օժանդակութեան ըսելով.- « թոյլ առ թոյլ ջրակրողի մեր ներդրումը կրնայ ծով մը բարիք յառաջացնել մեր հայրենակիցներու առօրեայ կեանքի բարեփոխման ու ապահովութեան ի նպաստ …»:

Հանդիսավարուհին՝ ՍԱՐՖի անունով շնորհակալութեան խօսք փոխանցեց՝ Յովնան Սրբազանին երեկոյին նպաստող պայմանները տրամադրելու համար. ապա բեմ հրաւիրեց Սրբազան Հայրը սոյն երեկոյի իր խօսքն ու պատգամը փոխանցելու. Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները՝ անձանձրոյթ թափով շարունակելու մեր առաքելութիւնը ի դէպ Սուրիահայ մեր Մայր գաղութի կարիքները հոգալու, մեկնելով մեր Ազգային գիտակից պարտաւորութեամբ: Ճգնաժամը մեզ առաւել եւս պէտք է միացնէ ու միակամ ուժերով առաջնորդէ դէպի սպասուած խաղաղութիւնն ու ապահովութիւնը :

Սուրիահայութեան յիշատակութեան նուիրուած խորհրդաւոր այս երեկոն իր վերջաբանը կատարեց՝ ներկայ հոգեւոր դասի միասնական պահպանիչով ու օրհնութեամբ:

Հարկ է յիշել, երեկոյի նիւթաբարոյական յուսատու յորդորը, ուր արդէն իսկ պատկառելի 30,000 տոլարէ աւելի նուիրատուութիւն գոյացաւ, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պահարաններ տարուեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններով լեցուելու համար:

Փա՛ռք ու Պատի՛ւ մեր ազնիւ ու նուիրատու հոգիով տոգորուած հայրենակիցներուն: Թղթակցութիւն՝

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Գործադիր Մարմին