The Annual Hayastan Fund Telethon: A Constructive Critique

By November 27, 2012 November 15th, 2015 News

A few thoughts may be in order on the occasion of Hayastan All-Armenian Fund’s 20th anniversary and its 15th annual telethon. The intent is not to intrude into the Fund’s internal affairs, but offer constructive criticism and suggestions that could help improve its humanitarian mission and public image.

In the absence of an elected structure representing Armenians worldwide, Hayastan Fund is the only pan-Armenian body that brings together under a single umbrella all major Armenian political, religious and community entities. The Fund’s Board of Trustees is comprised of leaders of the Republics of Armenia and Artsakh, heads of large Diaspora Armenian organizations, and prominent benefactors. As such, the Fund serves as a unique platform where all segments of the Armenian world can address their common concerns. In view of this globally singular role, the Board may wish to consider expanding the organization’s functions beyond its philanthropic activities.

The most urgent Armenian issue at this moment is the tragic condition of Syrian Armenians whose very survival is at stake, as their situation worsens on a daily basis. Hayastan Fund and its 25 affiliates worldwide should have acted much sooner by organizing an emergency telethon and donating all the proceeds to alleviate the dire needs of Syrian Armenians, be they in Syria, Armenia or elsewhere.

After much delay, the Fund decided to allocate 10% of the amount it would collect to Syrian Armenians. This small percentage, compared to the vast needs of that threatened community, disappointed many potential donors. Instead of assuming collective responsibility for this unwise decision and reversing it, the Fund’s representatives engaged in unnecessary finger pointing. When complaints from the public grew louder, some of the Fund’s affiliates grudgingly revised the 10% quota to an unspecified portion of the total amount raised, after setting aside the funds earmarked for other projects. Also, the Fund allowed donors the option of designating 100% of their contributions to Syrian relief. Of course, it would have been preferable if Hayastan Fund had designated all donations to Syrian Armenians, except those earmarked by donors for other projects.

The situation became more confusing when Bedros Terzian, Chairman of Armenia Fund in France, made a surprising announcement at the conclusion of the Fund’s European phonethon (fundraising by telephone) on November 18. In an euphoric mood, he promised to allocate a portion of the $1.8 million raised to reconstruct housing for Armenians in Aleppo after the war! Mr. Terzian, a distinguished corporate executive, may not have realized that Syrian Armenians need food, medicine and other basic necessities for survival right now, rather than after the war, at which time the Armenian community may have dwindled along with its housing needs!

Now that the telethon and phonethon are over, one can take note of some interesting numbers in the announced results. Amazingly, Armenians in Armenia and Artsakh contributed $2.5 million, whereas Armenian-Americans donated only $2.1 million ($1.5 million from the West Coast and $600,000 from the East Coast). The $21.4 million announced at the end of the telethon includes all the amounts pledged or actually raised throughout the year at different fundraising events in over a dozen countries, such as the $12 million pledged by Armenian businessmen in Moscow on November 8. Another surprising number is the substantial contribution of $600,000 received from India. Since there are only a handful of Armenians in that country, there must be an interesting explanation as to the source(s) of such a large sum!

To avoid further confusion regarding the disposition of the raised funds, Hayastan Fund’s Lebanon affiliate may consider allocating the entire proceeds of its December 8 radiothon fundraiser to the thousands of Syrian Armenians refugees. The displaced Syrian Armenian families in Lebanon are in desperate need of financial assistance to pay for basic necessities as well as their children’s schooling. Lebanese Armenian schools, which are in dire financial need, are now additionally burdened with hundreds of Syrian Armenian students whose parents cannot afford to pay tuition. Keeping its collected funds in Lebanon would enable Hayastan Fund to simultaneously help the Syrian Armenian refugees, while ensuring the survival of Armenian educational institutions.

In the coming days, as Hayastan All Armenian Fund sums up the fundraising results of its worldwide affiliates, it should announce: 1) the final amount raised, 2) the breakdown of the amounts allocated to specific projects, and 3) its plans to extend immediate assistance to Syrian Armenians.

Source: Asbarez News

«Հայաստան» Հիմնադրամի Տարեկան Հեռուստամարաթոնը՝ Կառուցողական Քննադատութիւն

Կ՛ուզէի կարգ մը մտորումներ կատարել «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի 20ամեակին եւ անոր 15րդ տարեկան հեռուստամարաթոնին մասին: Նպատակը ո՛չ թէ հիմնադրամի ներքին աշխատանքներուն միջամուխ ըլլալն է, այլ՝ կառուցողական քննադատութեան եւ առաջարկներու ներկայացումը, որ կրնայ բարելաւել այս կառոյցին մարդասիրական առաքելութիւնն ու հեղինակութիւնը:

Աշխարհասփիւռ հայերը ներկայացնող ընտրուած կառոյցի բացակայութեան լոյսին տակ, «Հայաստան» հիմնադրամը միակ համահայկական մարմինն է, որ ընդհանուր ծածկի տակ կը միաւորէ բոլոր հայկական քաղաքական, կրօնական եւ համայնքային կողմերը: Հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի կազմին մէջ են Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու ղեկավարութիւնը, Սփիւռքի մեծ կազմակերպութիւններու ղեկավարները եւ նշանաւոր բարերարներ: Հետեւաբար հիմնադրամը կրնայ ծառայել իբրեւ իւրօրինակ հարթակ, ուր իրենց համընդհանուր հարցերը կը ներկայացնեն հայկական աշխարհի բոլոր հատուածները: Նկատի առնելով հիմնադրամի այս համաշխարհային իւրայատուկ դերակատարութիւնը՝ հոգաբարձուներու խորհուրդը, եթէ փափաքի, կրնայ քննարկել կազմակերպութեան գործունէութիւններու ընդլայնումը՝ իր բարեսիրական շրջագիծէն դուրս:

Ներկայ դրութեամբ հայութեան առջեւ ծառացած ամէնէն հրատապ խնդիրը սուրիահայերուն ողբերգական վիճակն է, քանի որ անոնց գոյութիւնը վտանգի տակ է, իսկ իրավիճակը օրէ օր աւելի կը վատթարանայ: «Հայաստան» հիմնադրամը եւ անոր 25 մասնաճիւղերը՝ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, պէտք է աւելի կանուխ գործի անցնէին՝ կազմակերպելով արտակարգ հեռուստամարաթոն՝ ամբողջ հասոյթը յատկացնելով Սուրիոյ, Հայաստանի կամ այլուր գտնուող սուրիահայերու հսկայական կարիքներուն:

Երկարատեւ ուշացումէ ետք հիմնադրամը որոշեց իր հանգանակած գումարին 10 տոկոսը յատկացնել սուրիահայերուն: Վտանգուած համայնքին մեծ կարիքներուն հետ բաղդատելով՝ այս չնչին տոկոսը հիասթափեցուց մեծ թիւով հաւանական նուիրատուներ: Այս ոչ խոհեմ որոշման կայացման համար աշխատակազմը պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ զայն վերանայելու փոխարէն՝ հիմնադրամի ներկայացուցիչները զբաղած էին զիրար մեղադրելով եւ յանցանքը ուրիշներու վրայ բեռցնելով: Երբ հասարակութեան բողոքները աւելի հնչեղ դարձան, հիմնադրամի որոշ մասնաճիւղեր դժկամութեամբ 10 տոկոս մասնաբաժինը փոխեցին՝ որոշելով չյայտարարել, թէ ի՛նչ տոկոս պիտի նուիրեն սուրիահայերուն՝ նպատակային ծրագիրներու համար յատկացուած գումարները մէկդի դնելէ ետք: Հիմնադրամը նաեւ կարելիութիւն տուաւ նուիրատուներուն իրենց յատկացուցած գումարին 100 տոկոսը հասցէագրել սուրիահայերու օգնութեան: Բնականաբար փափաքելի պիտի ըլլար, որ «Հայաստան» հիմնադրամը բոլոր նուիրատուութիւնները յատկացնէր սուրիահայերուն, բացառութեամբ՝ այլ նպատակային ծրագիրներուն համար նուիրատուներու յատկացումներէն: Իրավիճակը առաւել եւս լարուեցաւ, երբ «Հայաստան» հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղի նախագահ Պետրոս Թերզեան Նոյեմբեր 18ին, հիմնադրամի եւրոպական հեռախօսամարաթոնի աւարտին, անսպասելի յայտարարութիւն կատարեց:

Ան շատ բարձր տրամադրութեամբ խոստացաւ հանգանակուած 1.8 միլիոն տոլարին մէկ մասը յատկացնել Հալէպի մէջ տեղի ունեցող պատերազմի աւարտէն ետք հայերու տուներու վերանորոգման համար: Յարգարժան տնօրէնը հաւանաբար չի գիտակցիր, որ սուրիահայերը իրենց գոյատեւման համար սնունդի, դեղորայքի եւ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու շուտափոյթ կարիքը հիմա՛ ունին, եւ ոչ թէ պատերազմէն ետք, երբ հայկական համայնքը նօսրանայ՝ իր բնակարանային կարիքներուն հետ:

Հեռուստամարաթոնի եւ հեռախօսամարաթոնի աւարտէն ետք կարելի է հիմա ուշադրութիւն դարձնել յայտարարուած արդիւնքներու կարգ մը հետաքրքրական թիւերուն վրայ: Զարմանալի է, որ Հայաստանի եւ Արցախի հայերը միասնաբար հանգանակած են 2.5 միլիոն տոլար, մինչդեռ ամերիկահայերը նուիրաբերած են միայն 2.1 միլիոն տոլար (1.5 միլիոն տոլար եւ 600 հազար տոլար, համապատասխանաբար Արեւմտեան եւ Արեւելեան ափերէն): Հեռուստամարաթոնի աւարտին յայտարարուած 21.4 միլիոն տոլարը իր մէջ կը ներառէ բոլոր գումարները, որոնք խոստացուած կամ հաւաքուած են տարուան ընթացքին տասնեակ երկիրներու մէջ իրականացուած տարբեր դրամահաւաքներու ժամանակ, օրինակ՝ Նոյեմբեր 8ին Մոսկուայի մէջ հայ գործարարներու խոստացած 12 միլիոն տոլարը:

Այլ անակնկալ մըն էր 600 հազար տոլարի առատաձեռն նուիրատուութիւնը, որ ստացուած էր Հնդկաստանէն: Քանի որ այդ երկիրներու մէջ կ՛ապրին միայն բուռ մը հայեր, հետաքրքրական կ՛ըլլայ գիտնալ նման մեծ գումարի աղբիւր(ներ)ը:

Հանգանակուած միջոցներու բաշխման յաւելեալ խառնաշփոթէն խուսափելու համար «Հայաստան» հիմնադրամի լիբանանեան մասնաճիւղը հաւանաբար փափաքի Դեկտեմբեր 8ի ռատիօմարաթոնի դրամահաւաքին հանգանակուած ողջ հասոյթը յատկացնել սուրիահայ հազարաւոր գաղթականներու: Տեղահանուած սուրիահայ ընտանիքները Լիբանանի մէջ նիւթական աջակցութեան խիստ կարիքն ունին՝ իրենց հիմնական կարիքներու, ինչպէս նաեւ երեխաներու կրթութեան ծախսերը հոգալու համար:

Լիբանանի հայկական դպրոցները, որոնք արդէն իսկ նիւթական ծանր պայմաններու մէջ են, այժմ յաւելեալ կերպով ծանրաբեռնուած են հարիւրաւոր սուրիահայ աշակերտներով, որոնց ծնողները չեն կրնար վճարել կրթաթոշակը: «Հայաստան» հիմնադրամի լիբանանեան մասնաճիւղը իր հանգանակած գումարները Լիբանանի մէջ պահելով՝ կարելիութիւն պիտի ունենայ նոյն ատեն օգնելու թէ՛ սուրիահայ գաղթականներուն եւ թէ՛ ապահովելու հայկական ուսումնական հաստատութիւններու գոյատեւումը:

Յառաջիկայ օրերուն, երբ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը ամփոփէ իր բոլոր մասնաճիւղերու դրամահաւաքի արդիւնքները, պէտք է յայտարարէ՝
1) Հաւաքուած վերջնական գումարը,
2) Յատուկ ծրագիրներու համար յատկացուած գումարները,
3) Սուրիահայերուն անմիջական ու շուտափոյթ օգնութիւն հասցնելու իր ծրագիրները:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի փոխադրեց՝
«Եռագոյն» կայքէջը