Unemployment and the Lagging Economy Have Reached a Critical Stage

By September 25, 2012 November 15th, 2015 News

Սուրիոյ Մէջ Անգործութիւնն Ու Տնտեսական Տագնապը Մտահոգիչ Տարողութեան Հասած Են

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Թերթ».- Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան 25 Սեպտեմբերին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է հայաստանեան կարգ մը թերթերու հետ, որոնց տեղեկացուցած է Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին՝ յատկապէս հալէպահայերու առօրեային առնչուող։ Ան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ Հալէպի կարգ մը թաղամասերուն մէջ կրկին կրակոցները եւ բախումները շարունակուած են, կառավարական ուժերը փորձած են նահանջի մատնել ընդդիմադիրները: «Հայաշատ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ նիւթական մեծ վնասներ կրած են հայապատկան տարբեր շինութիւններ եւ հաստատութիւններ, սակայն, բարեբախտաբար, մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած», նշած է Ռէյիսեան։

Անոր համաձայն, հայկական դպրոցները կը շարունակեն փակ մնալ, թէեւ դպրոցներու տնօրէնները եւ ուսուցիչները արդէն կազմակերպչական աշխատանքներ կը տանին: Միայն աւարտական դասարաններուն համար, որոնք համալսարան մտնելու սեմին կը գտնուին, աւելի ապահով վայրերու մէջ արդէն դասընթացքներ կը տրուին։ Ռէյիսեան յոյս յայտնած է, որ անախորժ անակնկալներ եւ նորանոր բարդութիւններ չարձանագրուելու պարագային Հոկտեմբերի սկիզբը հայկական դպրոցները բանան իրենց դռները։ Հալէպի մէջ իրենց դռները բացած են միայն Լազար Նաճարեան, Գալուստ Կիւլպէնկեան, Կրթասիրաց եւ Բեթէլ վարժարանները, մնացեալ հայկական վարժարանները առայժմ կը մնան փակ։

Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տարածքը տակաւին կը նկատուի վտանգաւոր գօտի, ուստի 12րդ կարգի աշակերտները միայն իրենց վերամուտը սկսած են այլ կեդրոնի մը մէջ: Ան նաեւ նշած է, որ նախորդ հանգրուանին առաւել ապահով վայրեր տեղափոխուած տղոցմէ ոմանք կը վերադառնան իրենց տուները, սակայն ընտանիքները տակաւին չեն գար: Անդրադառնալով Հալէպի ընդհանուր իրավիճակին՝ Ռէյիսեան յայտնած է, որ տնտեսական ծանր իրավիճակ ստեղծուած է, բազմաթիւ հաստատութիւններ փակուած են եւ անգործներուն թիւը բարձրացած է։

Միւս կողմէ, կացութիւնը նոյնը չէ Դամասկոսի, Գամիշլիի, Քեսապի եւ Լաթաքիոյ մէջ, ուր հայկական վարժարանները արդէն սկսած են գործելու։ Նկատի առնելով, որ մայրաքաղաքին մէջ իրավիճակը աւելի խաղաղ է, տեղւոյն չորս հայկական վարժարանները իրենց դռները բացած են հայ աշակերտութեան դիմաց:

Նշենք, որ Սուրիոյ տարածքին կան մօտ 38 հայկական ամէնօրեայ եւ կիրակնօրեայ վարժարաններ:

Ժիրայր Ռէյիսեան զրուցած է նաեւ «Թերթ»ի թղթակիցին հետ ու նշած է, որ թէեւ մարտական գործողութիւնները Հալէպի հայկական թաղամասերէն հեռու են, սակայն առկայ հիմնական դժուարութիւնները այժմ տնտեսական ու ընկերային են։ Անդրադառնալով առկայ նիւթական վնասներուն եւ շրջան ընող այն տեղեկութիւններուն, թէ վնասներ կրած են նաեւ հայկական եկեղեցիները՝ Ժիրայր Ռէյիսեան յայտնած է, որ պէտք չէ մասնաւորեցնել զանոնք եւ առանձնացնելով հայկական շինութիւնները՝ զանոնք «խոշորացոյցի տակ առնելով»:

«Կան շէնքեր, որոնք լրիւ քանդուած են, մզկիթներ, որոնք քանդուած են, իսկ եթէ եկեղեցւոյ մը զանգակատան քարերէն մէկը շարժած է, ատիկա հարց չէ», յայտնած է ան։ Անոր համաձայն, առաւել վտանգաւոր են այն շրջանները, ուր տեղակայուած են արձակազէնները: Անոնց փամփուշտները կրնան վնաս հասցնել, բայց մարդիկ կը զգուշանան եւ կը խուսափին այդ փողոցներուն մէջ երթեւեկելէ:

Անդրադառնալով Հալէպի մէջ առկայ ջուրի խնդիրին եւ պարբերաբար ելեկտրականութեան ընդհատումներուն՝ Առաջնորդարանի բանբերը նշած է, որ կառավարութիւնը կարելին կ՛ընէ կացութիւնը բնականոն վիճակին վերադարձնելու։ ջրամատակարարումը արդէն վերականգնած է, իսկ ելեկտրականութիւնը որոշ ընդհատումներով կը տրուի:

Source: Asbarez News