Monthly Archives

August 2014

News

My Father, A Wedding, Aleppo… by Kevork Bedigian

Հայրս…, Հարսանիք…, Հալէպ… ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տիթրոյիթ եմ: Շաբաթ կէսօրէ ետք մըն էր, Ս. Սարգիս եկեղեցի հաւաքուած ենք: Եկած ենք ընտանեօք, եղբօրորդի-սանուկիս հարսանիքին ներկայ գտնուելու: Կը հաւատամ, որ մարդու կեանքին մէջ կան վայրկեաններ, որոնք առանց ազդանշանի, անակնկալ կերպով անոր միտքի խորերէն կը յայտնուին, անոր էութիւնը կը գունաւորեն, տարբեր զգեստներ կը հագցնեն անոր յուշերուն, որոշ ժամանակի մը համար մտովի կ՛անջատեն իր անմիջական շրջապատէն եւ ապա զինք կը տանին, մօտիկ կամ հեռու անցեալի մը ովկիանին մէջ կը նետեն: Այդպէս ալ եղաւ: «Օրհնեալ, Տէր մեր…»։ Արարողութեան սկիզբը, չես գիտեր ինչպէս, յանկարծ յիշեցի ողորմած հայրս, որուն համար մեծ ուրախութիւն եւ հպարտութիւն պիտի ըլլար ոչ միայն իր զաւակներուն, այլեւ իր թոռներուն պսակադրութիւնը տեսնել Հալէպի Քառասուն Մանկանց պատմական եկեղեցւոյ կամարներուն տակ, որովհետեւ իրեն համար հոն ամէն բան…
SARF Fund
August 18, 2014