Սուրիոյ Մէջ Անգործութիւնն Ու Տնտեսական Տագնապը Մտահոգիչ Տարողութեան Հասած Են ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Թերթ».- Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան 25 Սեպտեմբերին հեռաձայնային զրոյցներ ունեցած է հայաստանեան կարգ մը թերթերու հետ, որոնց տեղեկացուցած է Հալէպի մէջ տիրող կացութեան մասին՝ յատկապէս հալէպահայերու առօրեային առնչուող։ Ան «Արմէնփրէս»ին յայտնած է, որ Հալէպի կարգ մը թաղամասերուն մէջ կրկին կրակոցները եւ բախումները շարունակուած են, կառավարական ուժերը փորձած են նահանջի մատնել ընդդիմադիրները: «Հայաշատ Նոր Գիւղի շրջանին մէջ նիւթական մեծ վնասներ կրած են հայապատկան տարբեր շինութիւններ եւ հաստատութիւններ, սակայն, բարեբախտաբար, մարդկային զոհեր չեն արձանագրուած», նշած է Ռէյիսեան։ Անոր համաձայն, հայկական դպրոցները կը շարունակեն փակ մնալ, թէեւ դպրոցներու տնօրէնները եւ ուսուցիչները արդէն կազմակերպչական աշխատանքներ կը տանին: Միայն աւարտական դասարաններուն համար, որոնք համալսարան մտնելու սեմին կը գտնուին, աւելի ապահով…
SARF FundSeptember 25, 2012