Արցախի ՀՕՄի մեկուսի մասնաճիւղի անդամները սուրիահայերուն աջակցելու նպատակով այցելած են Կովսական, ուր բնակութիւն հաստատած են սուրիահայ 16 ընտանիքներ: Արցախի ՀՕՄի մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Կ. Դադայեանի համաձայն, վարչութիւնը իբրեւ մեկնակէտ ունենալով իրենց այն սկզբունքը, որ պէտք է օգնութեան ձեռք մեկնել դժուարութեան մէջ եղող հայրենակիցներուն, նախաձեռնած է օժանդակութեան Արցախի մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիահայ ընտանիքներուն՝ յատկապէս այդ ընտանիքներուն մանուկներուն. «Արցախում գործող բոլոր«Սօսէ» մանկապարտէզները մեծ ոգեւորութեամբ ողջունեցինմեր նախաձեռնութիւնը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեցին մասնակցել այդ ծրագրին: «Սօսէ» մանկապարտէզների աշխատողների, մանկապարտէզների սաների եւ նրանց ծնողների համատեղ ուժերով պատրաստուել են ծանրոցներ սիրիահայ ընտանիքների համար: Աշան գիւղում նոյնպէս գործում է «Սօսէ» մանկապարտէզ, սակայն այս ծրագրին մասնակցել է ոչ միայն մանկապարտէզը, այլեւ ամբողջ գիւղը», նշած է ան։ Արցախի ՀՕՄի մեկուսի մասնաճիւղը Կովսականի բոլոր երեխաներուն համար պատրաստած էր նաեւ անակնկալ նուէր.…
SARF FundJanuary 29, 2013