“Oknir Yeghport (Help Your Brother)” Was Declared Best Initiative of the Year

By January 16, 2013 November 15th, 2015 News, Photos

YEREVAN, ARMENPRESS. “For Future” Civil Initiative declared “Help Your Brother” initiative the initiative of the year. The Chairperson of All-National Foundation, member of the Armenian Revolutionary Federation – Dashnaktsutyun Lilit Galstyan stated this in a conversation with “Armenpress”. Lilit Galstyan underscored: “Being declared the initiative of the year is a result of the dedication of us all. The initiative goes on. We are grateful to everyone, who believed in our program and took part in it by stretching a helpful hand to our compatriots in Syria, which have appeared in a tragic situation because of war.” In addition she stated that it’s always cheering, when the society comes together over right ideas.

Among other things she stated that they have distributed warm coats to 350 Syrian-Armenian children. The distribution was sponsored by an Armenian benefactor from the Diaspora.

“Help Your Brother” Civil Initiative launched on September 18. Clashes in Syria had evidently tragic consequences for both the Syrian people and our compatriots as well. The war caused a lot of casualties to the local population and it still has a devastating impact for the Armenian community in Syria, which is one of the most vivid communities of the Armenian Diaspora.

«ՕԳՆԻՐ ԵՂԲՕՐԴ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ ՆԿԱՏՈՒԱԾ Է ՏԱՐՈՒԱՆ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆԸ

ԵՐԵՒԱՆ, «Ի լուր». – «Յանուն ապագայի» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը նկատած է տարուան լաւագոյնը:

«Ի լուր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Լիլիթ Գալստեանը՝ նշելով, որ տարուան լաւագոյն նախաձեռնութիւնը նկատուիլը արդիւնք է բոլորին նուիրումին:

Ան շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց, որոնք հաւատացին ծրագիրին, մասնակից եղան՝ իրենց ձեռքը մեկնելով պատերազմին պատճառով մեծ ողբերգութիւն ապրող սուրիահայ հայրենակիցներուն: «Նախաձեռնութիւնն այս տարի էլ է շարունակելու իր գործունէութիւնը, ցաւով եմ ասում, քանի որ պատերազմն աւարտուելու հեռանկար չի արձանագրում, եւ մեր հայրենակիցներն իրենց ճանապարհին բազմաթիւ խոչընդոտների առաջ են կանգնում, իսկ մենք պարզապէս իրաւունք չունենք լինել անտարբեր, փորձում ենք լինել զգօն, նոր ծրագրեր մշակել եւ շարունակել մեր եղբայրական օգնութեան տրամադրումը մեր հայրենակիցներին», յայտնած է Լիլիթ Գալստեանը:

Անոր համաձայն, նկատի ունենալով, որ սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը դադրեցուցած է թռիչքները դէպի Հալէպ՝ նախաձեռնութիւնը պիտի որդեգրէ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու մարտավարութիւն: «Բեռնափոխադրումները շատ ծանր գործընթաց են իրենցից ներկայացնում, այս պայմաններում՝ գրեթէ անկարելի: Շարունակելու ենք Հայաստանում գտնուող սիրիահայերին օգնութիւն ցուցաբերել, որոշել ենք իւրաքանչիւր շաբաթ օր կուտակած պարէնային օգնութիւնը շարունակել բաժանել Կոմիտասի փողոցում գտնուող «Արամ Մանուկեան» կենտրոնում», նշած է ան:

Լիլիթ Գալստեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ օրեր առաջ նախաձեռնութիւնը մինչեւ 8 տարեկան սուրիահայ երեխաներուն նուիրած է 300 ձմեռային բաճկոններ, զորս տրամադրած է բարերար մը։