Սուրիահայութեան Օգնութեան Ֆոնտի Ծրագիրները

By October 18, 2012 November 15th, 2015 News

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր, 16ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, կազմակերպութեամբ SARF-ի՝ Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կազմակերպիչ մարմինը պարզեց մօտիկ ապագային իր ծրագրած մեծ եւ հասութաբեր դրամահաւաք ձեռնարկի մանրամասնութիւնները:

Ասուլիսին, Ֆոնտի ներկայացուցիչներ Զաւէն Խանճեանի, Սոնա Մատարեանի, Արամ Ալաճաճեանի, Գոհար Քարա Յակոբեանի եւ Մհեր Դաւիթեանի կողքին, ներկայ էին քալիֆորնիահայ մամուլի, հեռատեսիլի եւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան ներկայացուցիչները:

Յանուն կազմակերպիչ մարմինին, բացման իր խօսքին մէջ Սոնա Մատարեան յիշեցուց ասուլիսի նպատակը, ապա պարզեց սուրիահայութեան ներկայ տխուր իրավիճակն ու անոր շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելու էականութիւնը՝ իբրեւ մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն:

«Մեր ազգային գիտակցութեան մէջ, Սուրիոյ հայ գաղութի գոյութիւնն ու ապահովութիւնը խիստ կարեւոր է», շեշտեց Մատարեան իր խօսքի աւարտին:

Իր կարգին, հանգանակիչ մարմինի ատենապետ Զաւէն Խանճեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց սրահը սիրով տրամադրող Իրանահայ միութեան, եւ ապա դրուատեց մամուլի դերն ու անոր ազդեցութիւնը ընթերցող հասարակութեան վրայ: Անդրադառնալով Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակին՝ Խանճեան նախ ներկայացուց Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան հին ու նոր իրավիճակը՝ Սփիւռքի մէջ:

«Պատմական հայ գաղութ մըն է Սուրիան, որ այս օրերուն անակնկալօրէն քայքայուած է: Սոյն մայր գաղութի պահպանումն ու գոյատեւումը առաջնահերթ է: SARF-ը ստեղծուած է դրական կերպով զօրակցելու համար մեր հարազատներուն», ըսաւ ան:

Շեշտելէ ետք Սուրիոյ հայ գաղութի անմիջական օգնութիւն հասցնելու անհրաժեշտութիւնը ու այս առթիւ նաեւ ստեղծուած իրավիճակին խոր տարողութիւնը՝ Զաւէն Խանճեան յայտնեց, թէ ֆոնտը՝ իբրեւ դրամահաւաքի խիստ կարեւոր ու մեծ աղբիւր, պիտի կազմակերպէ գեղարուեստական երեկոյ մը՝ երգահանդէսի պիտակին տակ, յառաջիկայ Նոյեմբեր 11ին, երեկոյեան 7ին, Փասատինայի «Civic Auditorium»ին մէջ:

«Այս ձեռնարկին, գաղութիս «Artist for Kids» կազմակերպութիւնը հանդիսատեսին պիտի հրամցնէ հանրայայտ հայ արուեստագէտներու մասնակցութեամբ՝ «HYE AID» խորագիրով յայտագիր մը, որ իր տեսակին մէջ իւրայատուկ եւ նպատակին ծառայող գեղարուեստական շքեղ յայտագիր մըն է: Ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կ՛ուզեմ ըսել, թէ սոյն երգահանդէսի գլխաւոր հովանաւորողն է գաղութիս շատ ծանօթ բարերարներէն «Karoun Dairy»ի սեփականատէր Անդրանիկ Պաղտասարեանը», յայտնեց Խանճեան, որ աւարտելէ առաջ իր խօսքը՝ կոչ ըրաւ այլ գործարանատէրերուն, որ իրենք ալ մաս կազմեն հովանաւորողներու սոյն երախտապարտ գործին:

Իբրեւ «Artist for Kids»ի պատասխանատու՝ ճարտարապետ Արամ Ալաճաճեան ներկայացուց օրուան ծրագիրը՝ միաժամանակ շեշտելով, թէ այդ օրուան մասնակից բոլոր արուեստագէտները, անխտի՛ր, սիրայօժար կերպով իրենց ներդրումը պիտի բերեն օրուան յայտագիրին: ««Artist for Kids»ը բարեսիրական տարբեր ծրագիրներով միշտ օժանդակել է, մինչեւ իսկ Հայաստանին: Այս հանդէսը ինքնին աննախընթաց մի ելոյթ է, որովհետեւ խորքին մէջ կազմուած է այն բոլոր արուեստագէտներով, որոնք արդէն իսկ լաւածանօթ են բոլորիս», շարունակեց Ալաճաճեան: Ապա, ան մէկ առ մէկ յիշեց յայտագիրին մասնակից արուեստագէտները, որոնք են՝ Սերժ Թանգեան եւ իր հայրը, Ռուբէն Հախվերտեան, Արթօ Թունճպոյաճեան, Լիլիթ Փիփոյեան (Հայաստանէն), Վիգէն Դարբինեան (Ֆրանսայէն), Արմէն Մովսէսեան, «Էլեմենթ» նուագախումբ, «The Dirty Diamond», Սեպուհ Սիմոնեան, «Վիզա» նուագախումբ եւ «Hi-Am» քառեակը, ու տակաւին շատ անակնկալ հիւրեր, բոլորն ալ՝ ստեղծագործ արուեստագէտներ:

Կազմակերպիչ մարմինը յստակացուց նաեւ, թէ ծրագրուած սոյն ձեռնարկի յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ հեռատեսիլի եւ մամուլի միջոցով մեր համայն գաղութը տեղեակ պահելուն մէջ: Ապա յայտարարուեցաւ նաեւ, թէ ձեռնարկի տոմսերը ձեռք ձգելու համար կարելի է դիմել Pasadena Civic, Ticketmas-ter.com, Itsmyseat.com/HyeAid, հեռաձայնելով (855) 4HyeAid թիւին կամ կազամկերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, ինչպէս նաեւ «Լարք» երաժշտանոցին՝ դիմելով Արփի Պարսումեանին, ամէն օր կէսօրէ ետք ժամը 1էն 5: Աւարտին, բարեսիրական այս ձեռնարկին անսակարկ օժանդակելու կոչ ուղղուեցաւ, ինչպէս նաեւ հրապարակաւ երախտագիտութիւն յայտնուեցաւ բոլոր այն մտաւորականներուն կամ գրողներուն, որոնք մամուլով իրենց զգացումները արտայայտած էին Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան հասցէին:

Մամլոյ ասուլիսի պաշտօնական բաժինի աւարտին, ներկաներուն տրուեցաւ հարցումներ ուղղելու առիթ, որմէ ի յայտ եկաւ, թէ սոյն կազմակերպիչ յանձնախումբը կամ մարմինը՝ SARF-ը, կը ներկայացնէր գաղութիս գլխաւոր հայ քաղաքական բոլոր կազմակերպութիւնները, յարանուանութիւններն ու բարեսիրական միութիւնները, մէկ խօսքով՝ Լոս Անճելըսի հայ գաղութը՝ իր բոլոր երեսներով.
– Ան ունի վեց ամսուան գործունէութիւն.
– Ցարդ անոր միջոցով հանգանակուած գումարներէն արդէն փոխանցուած է 75,000 տոլար.
– Անոր կայքէջն է՝ SARF.com
– Նշանաբանն է՝ «Մէկ սիրտ, մէկ հոգի».
– «HyeAid» ձեռնարկի մուտքի տոմսերուն գինն է 35էն մինչեւ 125 տոլար:
– Արդէն իսկ բոլոր հայկական վարժարաններն ու հայ աշակերտութիւնը լաւատեղեակ են ձեռնարկին ու անոր տարողութեան մասին:
– SARF-ը տուրքէ զերծ՝ ոչ հասութաբեր մարմիններու դասին կը պատկանի.
– Նոյեմբեր 11ի ձեռնարկին կապակցութեամբ, շնորհիւ գաղութի գիտակցութեան եւ զօրակցութեան՝ շատ մեծ յոյսեր կան, թէ ձեռնարկը ըլլայ աննախընթաց.
– Յայտագիրին առընթեր, սրահի բեմը պիտի ունենայ բացառիկ համաստեղութիւն՝ թէ՛ ձայնային եւ թէ լոյսերու բարձրորակ մակարդակով եւ սարքաւորումներով: Այս մէկը կը նկատուի մեծ եւ արդիական միջոցառում մը, որ մեծապէս պիտի նպաստէ SARF-ի նպատակին:
– Ստեղծուած հայաշունչ մթնոլորտին, տարուած ճիգին եւ ազգային նպատակի յաջողութեան յաւելեալ զօրակցութիւն ապահովելու այժմէականութենէն մեկնած՝ SARF-ը շուտով հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ գաղութի բոլոր հայրենակցական միութիւններու եւ մարմիններու պատասխանատուներուն հետ:
– Նոյն նպատակով՝ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 26ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ «Գաղութէ-Գաղութ» օժանդակ մարմինը, որ SARF-ի հովանաւորութիւնը կը վայելէ, իր կարգին կազմակերպած է յատուկ ճաշկերոյթ-դրամահաւաք մը՝ գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով, որուն սիրայօժար կը մասնակցին գաղութի հանրայայտ երգիչներ եւ որուն ներկայ պիտի ըլլայ ու խօսք առնէ նաեւ Բերիոյ թեմի նախկին առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանը (յատկապէս հրաւիրուած Գանատայէն):

Ասուլիսէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որուն ընթացքին ներկաները օրուան պատասխանատուներուն հետ ունեցան մտերմիկ զրոյց:

Source: Asbarez News