Սուրիահայութիւնը Եւ Սուրիոյ Ճգնաժամը

By October 30, 2012 November 15th, 2015 News

Վերջերս աւելցած է սուրիահայութեան մասին վերլուծումներ ու ախտաճանաչումներ կատարող եւ ցուցմունքներ տուող բախտագուշակներուն թիւը: Երբեմն ակադեմական պատմուճանով եւ երբեմն քաղաքական վերլուծողի տարազով հայ անհատներ, Ծոցի երկիրներու մէջ կամ այլուր նստած, իրենք իրենց պարտականութիւն տուած են սուրիահայութեան մասին հանդէս գալու: Հարցի մը մասին տեսակէտ պարզելը անշուշտ իւրաքանչիւր անհատի իրաւունքն է: Զարմանալին սակայն մամուլին կողմէ նման յօդուածներու տեղ տրուիլն է՝ առանց նկատի ունենալու պարզուած տուեալներու վաւերականութիւնն ու մակարդակը:

Այս բոլորին մէջ ակներեւ է սուրիահայութեան ձայնի բացակայութիւնը, որ պէտք չէ անպայման դիտել որպէս ժխտական երեւոյթ, որովհետեւ ստեղծուած բարդ կացութիւնը կը պատուիրէ ըլլալ զգօն եւ խոհեմ: Այս չի նշանակեր սակայն, որ գաղութը անտարբեր է ի տես երկրի կացութեան կամ չունի քաղաքական վարքագիծ: Ճիշդ է, որ հայահոծ քաղաքներու կամ աւաններու մէջ կեանքը բնականոն կ՛ընթանայ, դպրոցներ, աշխատանոցներ, գործարաններ եւ հաստատութիւններ սովորաբար կը գործեն այստեղ, սակայն, հիմնականը կենցաղային դժուարութիւններն են, որոնց մասամբ գաղութը վարժ է դիմակալելու, անկախ անկէ, որ վերջին տագնապի ընթացքին կենցաղային դժուարութիւնները աւելի դաժան էին ու ցաւցնող: Հիմնական հարցը անկասկած կը մնայ երկրի հեռանկարը եւ անոր մէջ սուրիահայութեան տեղն ու դերը, որուն աչալուրջ կը հետեւին եւ յարաբերական ծաւալուն գործ կը տանին գաղութի պատկան կողմերը:

Անկասկած սխալ է այն հաստատումը, որ վերեւ յիշուած վերլուծողները կը կարծեն, թէ սուրիահայութիւնը զուրկ է քաղաքական կամքէ եւ պատեհապաշտ ու տարերային վարմունքով մը կ՛ընթանայ կացութիւններուն հետ:

Նախ՝ սուրիահայը լիարժէք քաղաքացին է երկրին: Հոն է իր բնակարանը, գործը, կեանքը: Սխալ է արդէն մտածել, որ ան միայն առժամեայ կայք մը հաստատած է Սուրիոյ մէջ: Գաղութին ջախջախիչ մեծամասնութիւնը եթէ նոյնիսկ պահ մը մտածէ այլընտրանքի մասին, ան կարելիութիւնն անգամ չունի գործնականացնելու այդ այլընտրանքը:

Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները ունի՞ն քաղաքական կամք եւ ծրագիր՝ օգտակար դառնալու սուրիահայութեան:

Հայկական գաղութները եւ հայ կրօնական հեղինակութիւնները, ինչպէս եւ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները պէ՛տք է օգտակար դառնան սուրիահայութեան երեք բնագաւառներու մէջ՝ – Քաղաքական.- Անհրաժեշտ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնները եւ Սփիւռքի գաղութներու ղեկավարութիւնները, քաղաքական-յարաբերական գործին մէջ վճռականօրէն արտայայտեն համայն հայութեան համար գերխնդիր համարուող սուրիահայութեան հարցը, յատկապէս՝ անոր ապահովութիւնը: Այս մէկը համայնական տարողութիւն ստանալով՝ մեծապէս կը նպաստէ սուրիահայութեան դիրքերուն եւ կացութեան ամրապնդման:

-Նիւթական, տնտեսական օժանդակութիւն.- Այս ճգնաժամին մէջ օգտակար դառնալ գաղութին, որպէսզի կրթական, բարեսիրական եւ այլ հաստատութիւնները կարենան յարատեւել այս դժուարին պայմաններուն մէջ: Համեմատաբար փոքր օժանդակութիւնները նոյնիսկ, կրնան նիւթապէս եւ բարոյապէս, օգտակար դառնալ գաղութին:

– Խուսափիլ գրաւոր, բանաւոր կամ լրատուամիջոցներով որեւէ դրսեւորումներէ, որոնք կրնան վտանգել գաղութին ապահովութիւնը: Մանաւանդ սխալ է ներկայացնել գաղութը՝ որպէս քաղաքական կամքէ զուրկ միաւոր, որ միշտ եղած է իշխանութիւններու լծակ, որովհետեւ գաղութը իր ամբողջ պատմութեան ընթացքին չէ եղած լծակ որեւէ կողմի, այլ ունեցած է պետականութեան եւ օրինականութեան հետ ըլլալու վարքագիծ, որ երբեք չէ պայմանաւորուած այս կամ այն իշխանութեան գոյութեամբ: Գաղութի պատմութիւնը կը պարզէ, որ զանազան իշխանութիւններու օրով ունեցած է այս իմաստով՝ կայուն վարքագիծ:

Ըլլալով օրինականութեան հետ՝ գաղութը դրական մասնակցութիւն բերած է ընկերային, տնտեսական եւ նոյնիսկ քաղաքական կեանքին, այն չափով, որ հնարաւոր եղած է այդ մէկը:

Նոյնպէս այս վերջին տագնապի ընթացքին, հայ գաղութը եղած է ջատագովը բարեկարգումներու, ժողովրդավարութեան ամրապնդման, ընկերային արդարութեան եւ ազատութիւններու հաստատման, սակայն դէմ եղած է բիրտ ուժի գործածութեան, միջհամայնքային հրահրումներով երկրի ամբողջականութիւնը խանգարել փորձող երեւոյթներուն եւ արտաքին միջամտութիւններուն, որոնք աւերիչ դեր կ՛ունենան երկրին համար:

Սուրիահայութիւնը կողմ եղած է երկխօսութեամբ եւ ազգային բոլոր ուժերու մասնակցութեամբ, ի շարս նաեւ՝ սուրիահայութեան, երկիրը տագնապէն դուրս բերելու եւ դէպի զարգացում տանելու:

Ուրեմն այսօր սուրիահայութեան օրակարգը հայութեան համար լուրջ օրակարգ է, որուն հետ պէտք չէ ունենալ կամայական վերաբերմունք, այլ խորհրդակցաբար գաղութին հետ՝ ճիգ չխնայել արժանապատիւ ձեւով դուրս գալու այս ճգնաժամէն:

Բերիոյ Թեմի Պաշտօնական Կայք

Source: Asbarez News