ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ – Սուրիական Օրագրութիւն

By December 17, 2012 November 15th, 2015 News

Քրիստոս յարեաւ, երկինք
Երկրում թողեց պատուէրներ,
Բայց պատուէրը գետնին մնաց
Ու աշխարհը յածում է դեռ
Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մինչ ժողովուրդը ըսի-ըսաւներով հեքիաթներ կը հիւսէ այս մղձաւանջին վերջանալուն կամ յարատեւելուն շուրջ՝ անդին գրոհայինները օրէցօր նոր ուժերով կը համալրուին, մեծ գործողութիւններու կը դիմեն: Եթէ բանակը կը յաջողի գէթ կորսնցուցած դիրքերը վերագրաւել՝ կը ցնծան կրակոցներու այնպիսի տարափով, որ մարդիկ կ՛ահաբեկուին:

Իրողութիւն է հնամեայ, թէ պատերազմներուն կը հարստանան անոնք, որ սրբութիւն չունին։ Բոլոր տեսակ խանութպաններու համար ալ տօնական շրջան է՝ գիները կ՛աճին ժամերու հետ ու արդէն՝ տոլարի արժէքին հետ կապուած, նոյնիսկ՝ երանելի օրերէն մնացած ապրանքներ։ Ի՞նչ սրբութիւն կը պահանջես այս մարդոցմէ, երբ անդին մեծ ու նողկալի առեւտուր կ՛ընթանայ երկրագունդի՛ն համար։

Հէ՜յ, ագահ մարդ, հէ՜յ անգոհ մարդ, միտքդ երկար, կեանքդ՝ կարճ…

Միտքն ալ միտք ըլլա՜ր…

Մեր փրկարարները այդ մոլագար միտքով է որ յաջողեցան քանդել քաղաքին տնտեսութիւնը։ Անշուշտ՝ թիրախը պետութիւնն է, ժողովուրդին հանդէպ անոնք խի՜ստ մարդասէր են, միայն թէ այս ժողովուրդը կը սիրէ մնալ անտուն, մերկ ու անօթի ու մանաւանդ՝ մարդակուլ հրէշին զոհ տալ իր զաւակները: Ի դէպ՝ հերթական ըսի-ըսաւը կը յայտնէ՝ Սաուտիէի «հրեշտակներէն» մին վստահեցուցած է, թէ Սուրիոյ փոքրամասնութիւնները թող չվախնան, իրենց պիտի չվնասենք… Մնացածը, ինչպէս օրինակ՝ ալիւրի պաշարները յափշտակելով պահելը ու ժողովուրդը անօթի ձգելը մեծ գործի համար է։

Դուք չէ՜ք հասկնար, չէ՞ որ մոլագար մը սահմաներ է՝ մեծ գործերը մեծ զոհեր կը պահանջեն, ու այդ մեծ գործն է մանկասպանութիւնը, պղծութիւնը, արիւնհեղութիւնը ու մասամբ նովին։ Աշխարհ, որուն հերոսը Էքզուպերին չէ, այլ Նափոլէոնը կամ Հիթլերը։

Իսկ կեանքը կը պահանջէ հաշտ նայիլ իր այլանդակ երեսին, որ իր բուն երեսն իսկ է։

***

Երբեն ալ, երբ առարկայական ու հոգեւոր խաւարները կը մրցակցին, ակամայ ետ կը նայիմ մեր անցած ուղիին։ Իր բոլոր հրաշակերտներով մէկտեղ խղճալի ու նսեմ կը գտնեմ մարդս՝ յիշելով սուրիացի ու բոլոր մանուկներու սարսափած հայեացքները։ Ի՜նչ է քու կոչումդ, մա՛րդ, երբ կ՛ապականես վաղուան բողբոջները։

Ձեր անլուր ու անպատմելի ոճիրներուն զոհ երթալով, այդ մանկիկը երկինք պիտի երթայ որպէս թեւաբեկ հրեշտակ, սակայն կը հաւատաք, թէ ան պիտի ըլլայ բարի հրեշտակ։

***

Այս խելայեղ մրցավազքը՝ դրամի, աւելի՛ դրամի, կեանք մը ամբողջ անհամրե՛լի դրամի, տարածքներու, «ազդեցութեան գօտիներու», ո՞ւր կը տանի մարդս։ Խանձարուրային գիտակցութիւնն ալ պիտի բաւէր, թէ ան ինքնակործանումի մեծ ջանքերու մէջ է։ Ու եթէ կ՛ուզես իմաստը ըմբռնել, կ՛անդրադառնա՜ս՝ ան ինքնակործանումով «անձնազոհաբար» տեղ կը բանայ գալիք քաղաքակրթութիւններուն, ինչպէս իրեն տեղ բացած են նախորդները՝ մեծ ակնկալիքով։ Եւ միթէ՞ ինք կրնայ դէմ կենալ տիեզերական յարափոփոխ մեծ Շարժումին…։

Իսկ նորը, որ պիտի գայ՝ կրկին նախորդներու բնազդները ժառանգա՞ծ պիտի ըլլայ…

Մինչ այդ՝ մոլորակի ինքնամաքրումի հզօր տարերքները կու գան արթնցնելու զայն իր թմբիրէն, վայրկեանի մը համար գէթ անդրադառնալու իր եւ «Մեծ ՄԻՏՔ»ին անբաղդատելի յարաբերակցութիւնը։ Վայրկեան մը միայն, ապա կու գայ մոռացումի թմբիրը ու գինովութիւնը բնազդներու։

Երբեմն ալ ԱՆ լոյսի ցոլքեր կ՛առաքէ Երկիր՝ հանճարներու, բանաստեղծներու գերզգայնութեամբ, լոյս տեսիլքներով։ Անոնք աշխարհի ծագերն ի վեր արթնացումի կը կոչեն, կը մրմնջեն ու կ՛աղաղակեն, սակայն կանչերն անոնց մենք կը լսենք, լաւագոյն պարագային, որպէս երազային ու յուզիչ պատրանք, հեռաւոր լուսաւոր հորիզոններու ու անոնց կանչը կը մնայ ձայն անապատի մէջ:

***

Այս օրերուն քաղաքը կրկին կը ցնցուի ահեղադղորդ պայթիւններէ, ճայթիւններէ. բանակը կրկին ու դարձեալ «վճռական մաքրումի» անցած է Նոր անեքթոտ ալ կայ՝ հերթական «ժեներալ» մը գացեր նախագահին քով, վճռականօրէն հաներ է իր ուսի աստղերը ու խոստացեր՝ անոնք կրկին առնելու անարժան թող ըլլայ, եթէ չազատագրէ Հալէպը… ալ կասկածի իրաւունք ունի՞նք: Նոյնիսկ պատրաստ ենք, հին պատերազմներու օրէնքով, զինք «Իշխան Հալէպի» պատուանունով կոչել, միայն թէ ա՛լ փրկէ՜։

Յոյսո՛վ ապրեցէք, մինչ այդ պատանիներն ու մանուկներն իսկ գիտեն բոլոր զինատեսակներն ու անոնց արձակած ձայները։ Անոնք 21րդ դարու մարդերն են ու պէտք է օրօրոցէն վարժուին զէնքերուն, մահուան հետ այս խաղէն գէթ հաճոյք մը փրցնելով։

Անոնց խաղալիքները հիմա փամփուշտներ կամ պարկուճներ են, ականի բեկորներ, որոնք կը ցուցադրեն հասակակիցներուն՝ հպարտանքով։ Խաղ է, չէ՞:

***

Գիշերային ռմբակոծումի ու թաղային ծանր մարտերու «երաժշտութեան» տակ քունը փախցուցած Հալէպցին լուսաբացին հետ երբ անձկութեամբ պատուհան կը բանայ, Աստուծոյ լոյսը օրհնելու ու գէթ թարմ օդ շնչելու՝ գարշանքով կը գոցէ փեղկը ու գովաբանական խօսքը անհասցէ նզովքի կը դառնայ։

Հողը չ՛ընդունիր իբրեւ անկոչ հիւր ներխուժած ու զինք մոխրացնողներու դիակները։ Առաւօտներուն անոնց խանձահոտն է որ կը ծանրանայ քաղաքին վրայ, մինչ հովերը կը ցրեն անոնց մոխիրները։

Ամէն պատերազմ իր չգրուած օրէնքները կը բերէ. այս մէկը, զոր փաթթեցին մեր վիզին՝ 21րդ «լուսաւոր» դարուն յայտնագործութիւնն է, որմով մարդը մեծ քայլեր կ՛առնէ դէպի… քարայր։

Բայց մի՛ կարծէք, թէ յուսահատ ենք մենք։ Մենք ձեզի անծանօթ բազմատեսակ աղբիւրներ ունինք հրճուանքի, զորս թուելն իսկ կարելի չէ։

Մեր բաժին քաղաքը արդէն սեղմուեր, ամփոփուեր է Սուլէյմանիէ, Ազիզիէ ու մասամբ Նոր գիւղ ու յարակից քրիստոնէաբնակ թաղերու մէջ «Աստուած շատ չտեսնէ», փոխարէնը նոր հաճոյքներ ծնունդ առած են։

Եւ այսպէս, չարիքի մէջ՝ բարիքներ.

Ա. Երբ Նոր Գիւղի մեզի մնացած մասերուն մէջ կը յաջողիս կուզեկուզ ու վազեվազ կտրել թաղը, մուկ ու կատու խաղալ ու հիասթափ կը ձգես նշանառու մարդորսը՝ «ղաննաս»ը, ի՜նչ հրճուանք կ’ապրիս անգամ մը եւս լիաթոք շնչելով։ Կամ կը հրճուիս նոր կեանք ստացողի պէս, երբ միայն կը վիրաւորուիս ու չես «նահատակուիր»։

Բ. Երբ կէսգիշերէն փուռերու առջեւ կարգի կեցող 500-1000 եւ աւելի սուրիացիներ միասին կը դիմաւորեն Աստուծոյ առտուան լոյսը, ապա՝ կէսօրն ու յետմիջօրէն, ու յաճախ ձեռնունայն կը վերադառնան տուն, միթէ՞ ազգերու, կրօններու համերաշխութիւնը չէ որ կը շահի, կամ մարդկային հոգիներու մտերմացումը, կամ՝ միթէ՞ հոն չէ որ կը ծնի պատերազմական մեր նոր բանահիւսութիւնը՝ սրամիտ զուարճապատումներով:

Գ. Եւ ապա՝ կը վարժուինք ժուժկալութեան ու սակաւապետութեան, ինչ որ մեր կրօնը կը պատուիրէ զմեզ, մանաւանդ որ նոր գիտնականներ կը յայտնեն, թէ «Զհաց մեր հանապազօր» այդչափ ալ կարեւոր չէ, նոյնիսկ՝ վնասակար է։ Կամ հին խորհուրդին կը հետեւիս՝ «Հաց չունիք, կաթօ՛ կերէք» Բայց աւելի նախընտրելի է հետեւիլ «ոչ միայն հացիւ» գաղափարին, մանաւանդ որ շուտով հալէպցիները, առանց սննդականոններով տառապեցնելու իրենց մարմինները, համաշխարհային չափանիշներով յաղթական պիտի ըլլան իրենց նրբագեղութեամբ, մինչ Արեւմուտքի մէջ մարդիկ ի՜նչ դրամներ կը ծախսեն ու ջանքեր՝ քիչ մը նիհար ըլլալու երազանքով։

Դ. Չարիքի մէջ բարիք փնտռելու մեր ջանքերուն հետեւանքով մեր հաւատքը կ՛ամրանայ։ Այս օրերուն նոյնիսկ թերահաւատներու շրթունքներէն վար չ՛իջներ Աստուծոյ անունը։ Հացի տագնապի, կազի, մազոթի (վառելա-նիւթ), ի չգոյութեան ու եղածներու առասպելական գիներու մասին մեր զրոյցները կը սկսին ու կ՛աւարտին մեր նախնեաց «Աստուծոյ կամքով» արտայայտութեան զո՛ւտ հայերէն տարբերակով՝ «ինշալլա՛հ»։ Շատեր կը պնդեն, թէ անփոխարինելի բառ մըն է անիկա, ինչպէս որ հայհոյանքը՝ թուրքի շուրթերուն վրայ։ Բայց ես այլ ճշմարտութեան եւս կը հաւատամ՝ ամէն երկրի մէջ Աստուած տեղական լեզուով կը խօսի, ուրեմն, հոս «Ինշալլա՛հ» կ՛ըսենք այնպէս անձկանքով ու ներքին համոզումով, որ անիկա անպայման պիտի լսուի ուր որ հարկ է։

Ե. Իսկ երբ բոլոր փիլիսոփայութիւններդ խաւարին մէջ կը խեղդուին ու կը խեղդեն համբերութիւնդ՝ ինչպիսի՜ հրճուանքով կը դիմաւորես անակնկալ եկող լոյսը ու անոր հետ՝ ջերմութեան ալ յոյսը. ալ ինչպէ՜ս չհրճուիլ՝ աւանակը կորսնցուցած ու վերստին գտածի հրճուանքով:

Զ. Երբ «հաւունը» (ա՞րկ) կ՛իյնայ ու դղրդիւնէն կը ցնցուիս, յաջորդ վայրկեանին ինչպիսի՜ հրճուանք կ՛ապրիս, գիտակցելով, որ ա՛յս անգամ ալ ուրիշ շէնքի վրայ ինկաւ, ու դուն տակաւին առաստաղ ունիս գլխուդ վրան։

Է. Իսկ երբ գիշերային անքնութեան մէջ, «պատահական» փամփուշտի գոյութիւնը մոռցած՝ պատշգամ կ՛ելլես ու կը դիտես մութ երկինքի վրայէն սաւառնող հրէ գնդակներու սլացքը. միթէ՞ գեղեցիկ չէ:

Ը. Վերջապէս՝ ամենաանանձնական հրճուանքը, որ ազնուագոյն հոգիներուն յատուկ է՝ երբ աւարտի այս մղձաւանջ-պատերազմը (ինշալլա՛հ.) ինչպէ՜ս պիտի ծաղկի երկիրը, մեր քաղաքները զարգանան, վերակառուցուին նորովի ու նոր շնորհիւ մեր դրացի «եղբայրներու» «նուիրատուութեանց»՝ այդ հրճուանքը ապրելու եւ ապրեցնելու համար միթէ չ՛արժե՞ր կործանել, գետնին հաւասարեցնել հինը:

Մանաւանդ որ նոր ծաղկումին հետ պիտի զարգանայ թուրիզմը, յատկապէս հնագոյն քաղաքներու աւերակներ դիտել սիրող զբօսաշրջիկներու հոծ խումբերու այցելութեամբ. իսկ ինչո՞վ հին ու այլեւս աւերակ չեն Հալէպն ու Դամասկոսը… Եւ այսպէս՝ ձեզի անծանօթ ու մինչեւ օրս մեզի ալ անյայտ ինչպիսի՜ հրճուանքներ ունինք ու դեռ կրնանք ունենալ: Ալ ինչպէս չ՛ըսենք լիաթոք՝ «ալ համտուլիլլա՛հ»։

***

Տագնապն ու դժգոհանքը կ՛աճին երկինքի վրայ քամիէն քշուող թուխպերու պէս, որոնք ուր որ է կարկուտ պիտի տեղան։ Սակայն կ՛ուշանան։

Ժողովուրդը իր բազմազան տագնապներուն մէջ խեղդուած է ու յեղափոխական տրամադրութիւններ չունի. գէթ՝ անվերջ համբերատար քրիստոնեաները։ Նոյնիսկ իրարու գանգատիլը պակսած է։ Ունինք այն, ինչ որ ունինք, ու ալ խօսքեր չմնացին։

Սակայն անկումը կը շարունակուի՝ հակառակ մեր յոյսերուն։ Այլեւս ոչ ոք կը նախանձի դրացիին, քանի որ ամբողջ քաղաքն է թաղուած խաւարի մէջ։ Բոլորը կը ջանան մինչեւ ժամը չորս, երբ մութը կ՛իշխէ, աւարտել գործերը ու տուն վերադառանալ։ Կեանքը դեռ քիչ մը եւս կ՛եռայ Սուլէյմանիէ, քանի որ հոն, թէ՛ բոլոր թաղերու, թէ՛ մայր պողոտային վրայ տեղափոխուած են շրջակայ հրետանակոծուած թաղերու բոլոր «պաստաճի» մանրավաճառները. ու մո՛ւթ, ու «աննպատակ» շրջող անյայտ տղաք ու անձրե՛ւ ու ցեխ ու գարշահոտեր ապա կը տիրէ լռութիւնը։

Այս լռութիւնը՝ դաւադի՛ր, մեռելակա՛ն, մութէն աւելի ճնշող՝ որ կ՛իջնէ քաղաքի ամենաբանուկ թաղամասերուն վրայ ու անձկութիւն կը մաղէ հոգիներուն։

Չես լսեր այլեւս հալէպցիներուն յատուկ գոռում գոչիւնով խօսակցութիւնները, մարդիկ տուներու մէջ իսկ ցած կը խօսին։ Մոռցուած «հաճոյքներ» են Պարտէզէն ուշ գիշերին տուն դարձող հայ տղոց թրքախառն կանչերն ու հայհոյանքները, թաղեցիները սարսափահար արթնցնող ձայները «ճահիլ»ներու մեքենաներու կտրուկ արգելակումի, որոնց կը խառնուէր «տարտոտ» երգիչին կողկողագին երգը ու կ՛անդրադառնաս, թէ կեա՜նքն է որ լռած է այս քաղաքին մէջ, մնացեալը շուքային գոյութիւն է։

«Արդ, եթէ մէջդ եղող լոյսը խաւար է, որքա՜ն մթին է այդ խաւարը»։

Սակայն՝ ոչ. խաւար չէ մեր ներսը, հոն կը պլպլայ յոյսին ճրագը, քանի որ՝ լոյս չունինք – մեր ներքին լոյսերը կը ճանչնանք ու կը վառենք, ջերմութիւն չունինք- մեր հոգիները ջերմութիւն կ՛արձակեն, հաց չունինք- «ոչ միայն հացով կ՛ապրի մարդ» իմաստուն խօսքը ըմբռնել կը սկսինք:

Պենզին չունինք- քալելով երթեւեկելու եւ մաքուր օդ շնչելու հաճոյքն ունինք:

Մազոթ չունինք – սպարտական կրթութիւն կու տանք մեր զաւակներուն, կը բաւէ՛ փափուկ մեծցան:

Ու զիրար օգնելու հաճոյքն ունինք:

Ու մեր յոյսը Աստուծոյ կապելու բացարձա՛կ առիթն ունինք: