Շաբաթ, 28 փետրուար 2015-ին, ժամը 2:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս, Սուրիոյ Հայ Համալսարանականներու Միութեան վարչութեան կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ շրջանաւարտներու վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:

Հանդիսութեան ներկայ Ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Համայնքապետ Վեր. Յարութիւն Սելիմեանը եւ Հայ կաթողիկէ համայնքի քահանայ հայրեր, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան անդամներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով: Ապա ընթերցուեցան Հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքեր:

Շրջանաւարտները հանդիսականներուն ներկայացուցին բարձրորակ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Հալէպի զանազան համալսարաններէն շրջանաւարտ 80 ուսանողները Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի ձեռամբ ստացան իրենց վկայականները:

Սուրիոյ Հայ Համալսարանականներու Միութեան 46-րդ հունձքի վկայականաց բաշխման աւարտին Շահան Արք. Սարգիսեան իր սրտի խօսքը արտասանեց, ապա «պահպանիչ» աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը: