Քանի մը օր առաջ, միջազգային հանրային կարծիքը յանկարծակի ողողուեցաւ թրքական լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուած եւ միջազգային գործակալութեանց լայն արձագանգին արժանացած ա՛յն լրատուութեամբ, թէ թրքական իշխանութիւնները ստիպած էին դէպի Հալէպ, Թուրքիոյ օդային տարածքով, թռիչք կատարող հայաստանեան օդանաւի մը, որ պարտադիր էջք կատարէ Էրզրումի (Կարնոյ) օդակայանը, որպէսզի թրքական պատկան սպասարկութիւնները ստուգման ենթարկեն անոր փոխադրած բեռը։

Թրքական լրատուամիջոցները եւ անոնց արձագանգող միջազգային աղբիւրները զգայացունց բնոյթ տուին եղածին։ Հանրային կարծիքին մօտ ստեղծուեցաւ այն տպաւորութիւնը, թէ հայկական օդանաւին հետ պատահածը կապ ունէր օր մը առաջ տեղի ունեցած՝ Ռուսիայէն դէպի Սուրիա թռիչք կատարող սուրիական մարդատար օդանաւին պարտադիր էջքի ծանօթ միջադէպին հետ։

Տարբեր չէր կրնար ըլլալ ընդհանուր տպաւորութիւնը, որովհետեւ միջազգային հանրային կարծիքը կլանուած էր սուրիական մարդատար օդանաւին դէմ Թուրքիոյ գործած միջամտութեան անդրադարձներով։ Սուրիա եւ Ռուսիա միջազգային օրէնքներուն դէմ ուղղուած քայլ մը ու «օդահէնութիւն» որակեցին թրքական միջամտութիւնը։ Սուրիա նաեւ գործնապէս հակադարձեց՝ իր օդային տարածքը փակելով դէպի Թուրքիա թռիչքներուն առջեւ։

Իսկ Թուրքիա եւ իրեն ձայնակցող եւրոպական ու ամերիկեան պետական շրջանակները կարեւորութեամբ շեշտեցին, թէ սուրիական մարդատար օդանաւին փոխադրած բեռներուն մէջ թրքական սպասարկութիւնները գտած էին արգիլեալ զինանիւթեր՝ բարձր արհեստագիտութեան կազմածներ, որոնց բռնագրաւումէն ետք սուրիական օդանաւին ազատ անցք թոյլատրած էին։

Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ անոնց ձայնակցող մեծապետական ուժերուն միջեւ թափ առած փոխադարձ մեղադրանքներու այդ բուռն մթնոլորտին մէջ, ահա յանկարծ, թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ հրապարակ նետուեցաւ հայաստանեան օդանաւին պարտադիր էջք կատարելու եւ ստուգման ենթարկուելու լուրը։

Թրքական կողմը յոգնութիւնը յանձն չառաւ իր տարածած լրատուութեան մէջ գոնէ արձանագրելու, թէ հայաստանեան օդանաւը թրքական պատկան սպասարկութեանց յատուկ արտօնութեամբ կ՛իրագործէր սուրիահայութեան մարդասիրական օգնութիւն փոխադրող թռիչք մը։ Ոչ ալ իր լրատուութեան մէջ յստակացուց, թէ հայաստանեան օդանաւը նախօրօք պատրաստակամութիւն յայտնած էր թրքական հողի վրայ էջք կատարելու եւ իր փոխադրած բեռներուն (14 թոն սննդամթերք) մարդասիրական բնոյթը թրքական ստուգման ենթարկելու։

Ընդհակառակն՝ այդ կարեւոր իրողութիւնները թրքական կողմը դիտաւորեալ լռութեամբ ծածկեց, որպէսզի միջազգային հանրային կարծիքի ընկալման մէջ Հայաստան ներկայացուի իբրեւ Սուրիոյ զինական օժանդակութիւն հասցնող երկրի, իսկ Թուրքիա ընկալուի իբրեւ տարածաշրջանի «խաղաղեցման» հսկող «ոստիկան»ի…

Փաստօրէն թրքական կողմին կատարածը տեղեկատուական ապակողմնորոշումի սադրանք մըն էր, որուն իրենց օրհնութիւնը տուին, գիտութեամբ թէ անգիտութեամբ, միջազգային՝ յատկապէս եւրոպական եւ ամերիկեան լրատուամիջոցները։

Անշուշտ հայկական կողմը արագօրէն հակազդեց եւ տարրական այդ յստակացումները ներկայացուց միջազգային հանրային կարծիքին։ Պարզեց, որ Հայաստանեան օդանաւը կը տեղափոխէր ՀՅԴ նախաձեռնութեամբ իրագործուած եւ «Օգնիր եղբօրդ» նշանաբանով հայրենի հայութեան նուիրաբերած մարդասիրական օժանդակութիւնը Սուրիահայութեան։

Բայց թրքական պետութիւնը արդէն օգտագործած էր իրարու հետ կապ չունեցող սուրիական եւ հայաստանեան օդանաւներու միջադէպերուն զուգադիպութեան պահը։ Հայկական կողմին քարոզչական պատասխանը, որքան ալ հատու կամ ազդու, ի վերջոյ յաչս միջազգային հանրութեան դատապարտուեցաւ մնալու հակազդողի ինքնարդարացման սահմաններուն մէջ։

Մինչ թրքական կողմը առաւելութեան յաւելեալ կէտ մը արձանագրեց տարածաշրջանի ամէնէն «յուսատու» ոստիկանը դառնալու իր յաւակնութեան ամրագրման ճամբուն վրայ՝ միաժամանակ պատեհապաշտօրէն հարցականի տակ դնելով հայկական կողմին «խաղաղասիրական» ու «մարդասիրական» դիտաւորութիւնները…

Այսպիսով ու այսքանով չի փակուիր, անշո՛ւշտ, թրքական սադրանքներուն ծայր աստիճան մտահոգիչ թղթածրարը։

Յատկապէս Էրտողանի ղեկավարութեան տակ, թրքական պետութիւնը ձեռնարկած է տարածաշրջանին վրայ իր անվիճելի հեղինակութիւնը հաստատելու մեծ ծրագիրի մը իրագործման, որուն գինը վճարողներու շարքին յայտնուած են, նաեւ ու մանաւա՛նդ, Հայաստանն ու հայութիւնը։

Էրտողանի Թուրքիան փաստօրէն յաջողած է իր առանցքային դերակատարութեան «իրաւունք»ը հաստատել ինչպէս շրջանային, այնպէս ալ մեծապետական քաղաքականութեան պայթունավտանգ խնդիրներու հանգուցալուծման ճակատներուն վրայ։

Սուրիական տագնապին այս աստիճան ողբերգական բռնկումը եղաւ «յաղթական» պսակումը Էրտողանի իշխանութեան օրով թրքական պետութեան յառաջ մղած՝ շրջանի անվիճելի «Ոստիկան»ը դառնալու յաւակնոտ ծրագրին իրականացումին։

Այսօր արդէն բացայայտ է, որ Էրտողանի Թուրքիան նախաձեռնող եւ վճռորոշ դերակատարութիւն ունի ամբողջ տարածաշրջանի չորս ուղղութիւններով՝ թէ՛ Պալքաններու, թէ՛ Միջին Արեւելքի, թէ՛ Անդրկովկասի եւ թէ Պարսից կամ Արաբական Ծոցի ճակատագրական խմորումներուն մէջ։

Էրտողանի Թուրքիան «յուսալի գործընկեր» նկատելու հարկը կը զգան անխտիր բոլորը՝ Մ. Նահանգներն ու Ռուսիան, Մեծն Բրիտանիան ու Գերմանիան, Ֆրանսան ու Իտալիան, Իսլամական Աշխարհն ու Իսրայէլը, իւրաքանչիւրը շահերու բախման խնդիր ունենալով հանդերձ նոյնինքն Էրտողանի վարքագիծին հետ։

Ի վերջոյ փաստ է, որ Էրտողան ժառանգեց տնտեսապէս սնանկ ու քաղաքականօրէն անկայուն Թուրքիա մը, որ ՆԱԹՕի երկրորդ մեծ բանակը եւ պաշտպանութեան պիւտճէն ունեցող երկիրն էր՝ քաղաքական խաթարուած վերնախաւով։ Իսկ ահա տասնամեակ մը ետք Էրտողան կը խօսի տնտեսապէս հաստատաքայլ զարգացում ապրող, աշխարհիկ ժողովրդավարութիւնն ու կրօնական իշխանապետութիւնը համատեղած, համաթրքական պատկանելութիւնը խրախուսող եւ քրտական ինքնութեան զարգացումը քաջալերող, նոյնիսկ Հայասպանութեան հրապարակային արծարծումը արտօնող պետութեան մը դիրքերէն։

Չի նշանակեր, որ այս բոլոր ուղղութիւններով Էրտողանի Թուրքիան մտած է բարեյոյս գործընկեր մը դառնալու ուղիին մէջ։ Բայց անպայման կը նշանակէ, որ բոլորին համար դարձած է «անխուսափելի» գործընկեր մը, որուն յաւակնութիւններուն հետ հաշուի պէտք է նստիլ։

Պատահական չէ, որ Իսրայէլի եւ Իրանի նման շրջանային ազդեցիկ ուժերը, Էրտողանի Թուրքիոյ հետ բախման զգայուն պահեր անցընելով հանդերձ, «ողջմտութիւն» համարեցին յարգել «գործընկերութեան» խաղականոնները եւ կամուրջները չայրել անոր հետ։

Նոյնպիսի «առճակատման» եւ «գործընկերութեան» պահեր պարզեցին Էրտողանի Թուրքիոյ յարաբերութիւնները ոչ միայն Յունաստանի, Իրաքի եւ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց ընթացքին, այլեւ Մ. Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան, Ռուսիոյ եւ Չինաստանի տարողութեամբ մեծապետական ուժերու հետ։

Ահա այս առումով Սուրիան վերջին զոհն է Էրտողանի Թուրքիոյ սնուցած շրջանային մեծագոյն ուժի յաւակնութիւններուն։

Կարելի չէ մտահան ընել քաղաքական այն «մեղրալուսին»ը, որ Պաշշար Ասատի Սուրիան ապրեցաւ Էրտողանի Թուրքիոյ հետ այս դարասկիզբին, երբ տասնամեակներու փոխադարձ «վերապահութենէ» ետք՝ Դամասկոս եւ Անգարա նախագահական այցելութիւններ փոխանակեցին, գործընկերութեան ռազմավարական պայմանագիրներ ստորագրեցին եւ Սուրիա մինչեւ իսկ զիջեցաւ Թուրքիայէն իր հողային պահանջատիրութիւնը՝ համակերպելով Ալեքսանտրէթի նահանգին Թուրքիոյ պատկանելու գաղափարին հետ…

Թրքական այդօրինակ սադրանքին ծանր գինը կը վճարէ այսօր Սուրիան, որ տակաւին երեք տարի առաջ Հայաստանի իշխանութիւններուն կը յորդորէր, թէ ինչո՞ւ չեն հետեւիր իր օրինակին եւ Հայեւթուրք Արձանագրութեանց ճամբով՝ հողային պահանջատիրութենէ զիջելով, չեն փորձեր լեզու գտնել Էրտողանի Թուրքիոյ օրինակով «անխուսափելի» գործընկերոջ հետ…

Հայաստանեան օդանաւին Էրզրում «պարտադիր էջք»ին նորագոյն օրինակը խօսուն ազդարարութիւն մըն է հայ քաղաքական մտքին, որ համաթրքական մեծ ուժի երբեմնի իր փառքը վերահաստատելու օրակարգը նորովի առաջնահերթութիւն ստացած է Էրտողանի Թուրքիոյ համար։ Թրքական վտանգը դիմագրաւելու հայ ազգային ռազմավարութեան հրամայականը աւելի քան շեշտուած է։

Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ

Source: Asbarez News