Ս.Օ.Խ.ի Շրջանային Վարչութիւնը վերջերս Ա.Մ.Ժ.Տան «Լ. Շանթ» սրահին մէջ խորհրդակցական հանդիպում հրաւիրեց, Ս.Օ.Խ.ի Հալէպի վարչամեքենայի անդամները:

Հանդիպումը բացուեցաւ Ս.Օ.Խ.ի օրհներգով: Շըրջանային վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Աննա Տէր Յակոբեան անդրադարձաւ Հալէպի անցուդարձերուն լոյսին տակ Ս.Օ.Խ.ի գործունէութեան, նշելով, որ միութեան աշխատանքի տարողութիւնը թէեւ փոխուած է, մասնաճիւղերը հնարաւորութիւն չունին ձեռնարկներ կազմակերպելու, սակայն Շրջ. Վարչութիւնը կը շարունակէ իր բարեսիրական գործը:

Ատենապետուհին զեկոյց տուաւ հալէպահայութեան շտապ օգնութեան մարմնի գործունէութեան ծիրին մէջ, Ս.Օ.Խ.ի տարած աշխատանքներուն, նշեց, թէ Ս.Օ.Խ.ի ընկերաբժշկական կեդրոնի դարմանատունը բժշկական կեդրոնի վերածուած է, այնտեղ հայ բժիշկները կը հաւաքեն բոլոր դեղորայքը ու կը ցրուեն կեդրոններ: Շրջ. վարչութեան որոշումով ծառայող բժիշկները ամառնային արձակուրդ չեն ստացած այս տարի եւ պատրաստակամ ոգիով շարունակած են ու կը շարունակեն իրենց ծառայութիւնը մեր ժողովուրդի բժշկական բոլոր կարիքներուն, յատկապէս պատերազմէն տուժողներուն համար: Հալէպի բոլոր հայ բժիշկները պատրաստակամութիւն յայտնած են ծառայելու դարմանատունէն ներս:

Ընկերուհին բարձրօրէն գնահատեց այն ընկերուհիները, որոնք հակառակ Նոր Գիւղի մէջ տիրող ահազանգային վիճակին, ռումբերու տակ ներկայ եղան դարմանատուն, օգնեցին ժողովուրդին, յատկապէս վիրաւորներուն: Երախտագիտութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր ներկայ ընկերուհիներուն, որոնք հակառակ Հալէպի վտանգալից ճանապարհներուն ներկայ եղան այս հանդիպման ու պատրաստակամութիւն յայտնեցին նեցուկ կանգնելու Ս.Օ.Խ.ին: Ան նշեց նաեւ, թէ Ս.Օ.Խ.ի Շրջ. վարչութիւնը շտապ օգնութեան բերած իր ծառայութիւններու ծիրէն ներս, աշխատանոցի յանձնախումբին միջոցով, պատրաստեց ծածկոցներ պատսպարեալներուն համար, մասնակցեցաւ սնընդամթերքի մատակարարման, ինչպէս նաեւ յատուկ զգեստներ կարեց շտապ օգնութեան երիտասարդ այն տղոց համար, որոնք կը մասնակցին շտապի տարբեր աշխատանքներուն: Ընկերուհի Տէր Յակոբեան յայտնեց նաեւ, թէ շտապի ծիրէն դուրս, Ս.Օ.Խ.ը շարունակեց իր ամսական յատկացումները իր մնայուն նպաստընկալներուն, որոնց ամէն ամիս կը շարունակէ տրամադրել սննդամըթերք կամ նիւթական գումար, ըստ յարմարութեան:

Ընկերուհին ներկայացուց Ազգային Պատսպարանի սաներուն Ա.Մ.Ժ. Տան փոխադրման մասին, դիտել տալով, որ Նոր Գիւղի բախումներու ծանր պայմաններուն տակ պատսպարանի սաները հապճէպով, տնտեսուհիին օգնութեամբ դուրս եկած են կեդրոնէն, ապաստան գտած «Տիգրանեան» սրահ, ապա մեր տղոց օժանդակութեամբ եւ Շրջ. Վարչութեան ու Պատսպարանի յանձնախումբին հսկողութեամբ փոխադրուած են «Լեւոն Շանթ» սրահ:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն ընկերուհիներուն, որոնք հագուստներ եւ այլ կենցաղային իրեր տրամադրելով օժանդակած են սաներուն, նկատի առած, որ անոնք աճապարանքով դուրս եկած էին, առանց իրենց սեփական իրերն ու զգեստները առնելու: Այնուհետեւ ընկերուհին անդրադարձաւ բախումներուն հետեւանքով Ազգ. Պատսպարանի կառոյցին հասած վնասներուն:

Ինչպէս նաեւ ընկերուհին յուզումով յիշեց 25 Օգոստոսին, Նոր Գիւղի մէջ ինկած ռմբագնդակի մը պայթումին հետեւանքով մահացած` Ս.Օ.Խ.ի մանկամսուրի պաշտօնեաներէն օրդ. Ալին Մխճեանի կորուստը, որուն յուղակաւորութեան արարողութիւնը կայացած էր 26 Օգոստոսին, Ս.Օ.Խ.ի Շրջ. Վարչութեան եւ անդամներուն ներկայութեամբ: Ընկերուհին ցաւակցութիւն յայտնեց նաեւ Ս.Օ.Խ.ի անդամ ընկհ. Զապէլ Պէպէճեանին, որուն ամուսինը Հալէպի օդակայանի ճամբուն վրայ զինեալներու հարուածներուն ենթարկուելով նահատակուած էր ու բոլոր անոնց` որոնք վիրաւոր կամ մահացած պարագաներ ունեցան քաղաքի քաոսային այս կացութեան մէջ:

Անդրադառնալով գաղութիս տնտեսական դժուարութիւններուն, ընկերուհին մանրամասնօրէն անդրադարձաւ «ՀՕՄը ի նպաստ սուրիահայութեան» խորագիրը կրող ՀՕՄի համահայկական հանգանակութեան, մանրամասնութիւններ փոխանցելով հանգանակութեան կազմակերպման ու նիւթականի փոխանցման տուեալներուն շուրջ:

Աւարտին ընկերուհին իր երախտագիտական զգացումները յայտնեց ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան իր նուիրական առաքելութեան համար եւ մաղթեց, որ Սուրիան վերագտնէ իր խաղաղութիւնը եւ Ս.Օ.Խ.ը, ինչպէս հայկական բոլոր միութիւնները, վերսկսի իր աշխոյժ գործունէութիւնը:

Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (Ս.Օ.Խ.ի)
Շրջանային Դաստիարակչական Յանձնախումբ