Karen Jeppe Jemaran (College) Reopens

By October 9, 2012 November 15th, 2015 News

Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանը Կը Բանայ Իր Ուսումնական Տարին. Անդրադարձ

Զարմիկ Պօղիկեան Հալէպի ՙԳանձասար՚ շաբաթաթերթին կը գրէ.

Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանի պաքալորիայի եւ պրովէի կարգերու աշակերտները սկսան իրենց ուսումնական տարին, հակառակ Հալէպի ճգնաժամային պայմաններուն։ ՆորԳիւղի թաղամասին ցարդ անապահով ըլլալուն պատճառով աշակերտները տեղափոխուեցան համեմատաբար աւելի ապահով վայրեր, եւ համապատասխան կարգադրութիւններէ ետք օրինաւոր կերպով սկսան 2012-2013 տարեշրջանի ուսումնական իրենց ընթացքը, օրական վեց պահուն դրութեամբ, առաւօտեան ժամը 8։00էն 1։30։

Այցելութիւն մը տալով ճեմարանականներուն, իրենց տեղափոխուած դասարաններուն մէջ, հաստատեցինք անոնց աչալուրջ մօտեցումն ու հետեւողականութիւնը։ Բոլոր աշակերտները լաւատեսութեամբ մեզի կը հաւաստիացնէին, թէ այս պայմանները անցողիկ են եւ իրենք շրջանցելով դժուարութիւնները պիտի յարմարին կացութեան, որպէսզի ժամանակ չկորսնցընեն եւ կարենան մինչեւ տարեվերջ լրումին հասցնել ուսումնական ծրագիրը։ ՙՄեր տեղը նեղ է, բայց սրտերը լայն՚ կ՛ըսէին աշակերտները եւ կը խոստանային առանց յուսահատելու շարունակել իրենց ուսումնական կեանքը։

Այս առիթով հանդիպում մը ունեցանք նաեւ Ճեմարանի տնօրէն՝ տիար Յակոբ Քիլէճեանին, 12-րդ կարգի դաստիարակ՝ տիար Ճորճ Պապեանին եւ Ճեմարանի կարգապահութեան պատասխանատու՝ Տիար Ներսէս Պարսումեանին հետ, իմանալու համար նոր կացութեան հետ ստեղծուած դժուարութիւններն ու աշակերտներու մօտեցման եղանակը։

Ճեմարանի տնօրէն տիար Յակոբ Քիլէճեան ըսաւ.- Պաքալորիայի դասաւանդութիւնը սկսանք 15 Յունիս 2012-ին Ճեմարանէն ներս, ապահովական պատճառներով դադրեցանք 23 Յուլիսն։

Վերսկսելու քանի մը փորձեր կատարեցինք, սակայն պայմանները չներեցին, հետեւաբար խնամակալութիւնն ու Ազգ. Վարչութիւնը յարմար նկատեցին դասաւանդութիւնը տեղափոխել ՙՎրացեան՚ կեդրոն, այստեղ դասաւանդութիւնը վերսկսանք 17 Սեպտեմբեր 2012-ին։

Թէեւ դասապահեր կորսնցուցինք, սակայն անոնք պիտի համալրուին առաւելագոյնը մինչեւ 30 Դեկտեմբեր 2012, շաբաթական վեց օրերու դասաւանդութեամբ։ Այսպիսով ծրագիրը պիտի ամբողջացնենք մինչեւ Մարտ ամսուայ աւարտը։

9-րդ կարգի դասաւանդութիւնը սկսանք 24 Սեպտեմբեր 2012-ին, աշակերտներու հոծ ներկայութեամբ, Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս, ապահովական պատճառներու բերումով։ Ունինք կարգ մը ճամբորդ աշակերտներ, որոնք մօտօրէն պիտի միանան մեզի։

9-րդ եւ 12-րդ կարգերու դասանիւթերը պետական նոր ծրագրին վրայ հիմնուած են։ Գիրքերը դժուարութեամբ ապահովեցինք, շուտով զանոնք աշակերտութեան պիտի տրամադրենք։

Աշակերտներու ներկայութիւնը գոհացուցիչ է, հակառակ տիրող անապահով պայմաններուն, անոնք օրինաւոր կերպով կը հետեւին դասաւանդութեան։ Ուսուցիչներն ու վարչական պաշտօնեաները նոյնպէս։

Բոլորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, իսկ աշակերտներուն յաջող ու խաղաղ տարի կը մաղթեմ։

Կ՛ուզեմ ծնողները հանգստացնել ըսելով, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսի նաեւ անցողական կարգերու դասաւանդութիւնը ու մենք հնարաւոր բոլոր միջոցները պիտի տրամադրենք մեր աշակերտութեան, անոնց ուսումնական տարուան յաջող ընթացքը ապահովելու համար։

Դաստիարակ տիար Ճորճ Պապեան յայտնեց.- Պաքալորիայի աշակերտները օրինաւոր կերպով՝ օրական 7 պահ, իւրաքանչիւրը 45 վայրկեան տեւողութեամբ կը հետեւին դասաւանդութեան ՙՎրացեան՚ կեդրոնէն ներս։ Ունին երկու զբօսանք, որոնց համար կեդրոնէն ներս իրենց տրամադրուած է խոշոր սրահ մը՝ օժտուած մարզական խաղերով, պատկերասփիւռով եւ պիւֆէով։

Աշակերտները աւելի մեծ պատասխանատուութեամբ կը հետեւին կարծէք, հեզասահ դարձնելու համար արդէն իսկ մտահոգութիւններով խտացած մեր առօրեան։ Ուսուցիչները ամէնօրեայ ներկայութեամբ իրենց կարելին կ՛ընեն, առաւելագոյն գիտելիքներով օժտելու մեր աշակերտները։

Բարի երթ կը մաղթենք մեր աշակերտներուն։

Կարգապահութեան Պատասխանատու տիար Ներսէս Պարսումեան շեշտեց.-Աշակերտներուն մօտ բուռն փափաք կար ամէն գնով սկսելու ուսումնական այս տարեշրջանը, հակառակ տիրող պայմաններուն։ Ճեմարանականները վճռական են, չեն ուզեր տեղի տալ ու ետ մնալ իրենց ուսումէն։ Թէեւ ապագայի հանդէպ անորոշութիւն կայ բոլորին մօտ, սակայն միեւնոյն ատեն յոյսն ալ կայ։ Կարգապահական առումով, երկրի արտակարգ պայմանները աւելի լուրջ ու զուսպ դարձուցած են մեր աշակերտները։ Անոնք աւելի մեծ կապուածութիւն կը ցուցաբերեն իրենց վարժարանին եւ հասկացողութիւն ստեղծուած կացութեան։ Կը մաղթեմ, որ երկիրը վերագտնէ իր խաղաղութիւնը ու մեր աշակերտները հանգիստ պայմաններու մէջ շարունակեն իրենց ուսումնական ընթացքը։

ՙԴժուարութիւնները հանճարներ կը ծնին՚ ըսած է իմաստուն մը, այս լաւատեսութեամբ կ’ուզենք մօտենալ մեր աշակերտներուն, ուժ եւ կորով մաղթել անոնց ու ցանկալ, որ ոչ մէկ աշակերտ երկար ժամանակ զրկուած մնայ իր սովորական, անպաճոյճ, բայց սիրելի դպրոցական գրասեղանէն։