Armenian-Australian Organizations Form ‘Joint Committee in Support of the Armenian Community in Syria’

By October 8, 2012 November 15th, 2015 News

SYDNEY, Australia – The Armenian-Australian community’s leading Armenian churches, political parties, relief, and benevolent organizations have announced the formation of a ‘Joint Committee in Support of the Armenian Community in Syria’.

After meeting last month, the group issued the following statement:

Over the past few weeks, we have all watched the 18-month conflict in Syria escalate into a new and damaging phase. Caught in the crossfire of this growing conflict are the innocent citizens of Syria, among them the large Armenian community.

The Armenian community in Syria has had a long and sustained presence and has been an important centerpiece for the Diaspora. As a result of the ongoing conflict, the Armenian community is facing a crisis and is in need of the Diaspora’s assistance.

We call upon the Armenian-Australian community to facilitate the needs of the Syrian Armenian community and to contribute towards the preservation of the Armenian community. We ask that all members of the community join in supporting this vital initiative for the protection of the Armenian population of Syria.

We hereby announce the formation of a ‘Joint Committee in Support of the Armenian Community in Syria’.

Armenian Apostolic Church
Armenian Catholic Church
Armenian Evangelical Church
Social Democrat Hunchakian Party
Armenian Revolutionary Federation
Armenian Democratic Liberal Party
Armenian General Benevolent Union
Armenian Relief Society

NOTE: Please make your contributions via secure credit card online by clicking https://anc.org.au/donate

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Ի Խնդիր Միացեալ Մարմին՝ Աւստրալիոյ Մէջ

ՍԻՏՆԻ.- Աւստրալիահայ գաղութի երեք յարանուանական եկեղեցիները, քաղաքական կուսակցութիւնները եւ բարեսիրական կազմակերպութիւնները կազմած են Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը (ՍՕՄՄ), որպէս արդիւնք Սեպտեմբեր 2012ին կայացած համագումար-ժողովին՝ ներկայացուցչական եւ իրաւասու անդամներու մասնակցուցութեամբ:

Միացեալ Մարմինին մաս կը կազմեն՝ Հայ առաքելական եկեղեցին, Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, Հայ աւետարանական եկեղեցին, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը եւ Հայ Օգնութեան Միութիւնը:

Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը իր յայտարարութեան մէջ կը գրէ հետեւեալը. «Վերջին քանի մը շաբաթներուն 18ամսեայ Սուրիոյ ներքին զինուորական իրադարձութիւնները նոր ու վտանգաւոր կացութիւններ ստեղծած են: Երկիրի զինեալ դէպքերու կրակէ օղակին մէջ բռնուած գլխաւոր տուժողը անմեղ բնակչութիւնն է, որուն մաս կը կազմէ նաեւ հայ համայնքը իր բոլոր կառոյցներով:

Սուրիոյ հայ համայնքը ունեցած է երկարատեւ եւ կայուն ներկայութիւն ու կը նկատուի հայկական Սփիւռքի ամենակենսունակ ու գլխաւոր կորիզներէն մին:

Շարունակուող աղէտալի բախումներուն որպէս արդիւնք, սուրիահայութիւնը կը գտնուի ծանր կացութեան դիմաց ինչպէս նաեւ արմատախիլ ըլլալու հարցականին տակ, հետեւաբար անմիջականօրէն կարիքը ունի համայն Սփիւռքի նիւթական օժանդակութեան:

Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք աւստրալահայ գաղութի բոլոր անհատներուն, կազմակերպութիւններուն, որ իրենց ներդրումը բերեն սուրիահայութեան կարիքներուն եւ գաղթօճախի պահպանման համահայկական ճիգերուն: Մեր բոլորին աջակցութիւնը այս նախաձեռնութեան պիտի ապահովէ Սուրիոյ հայ համայնքի կենսունակութիւնը զգալի կերպով»:

Source: Asbarez News