We Are Brothers – Benefit Concert for Syrian Armenians Held

By October 25, 2012 November 15th, 2015 News, Photos

Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին նախաձեռնութեամբ, Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահէն ներս, Հոկտեմբեր 7-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ “Եղբայր ենք մենք” բարեգործական համերգը, որուն հասոյթը պիտի նուիրուի Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայութեան։

Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի վաստակաւոր երգիչ-երգչուհիներ՝ ինչպէս Շուշան Պետրոսսեան, Արսէն Գրիգորեան (Մրօ)՝ ընկերակցութեամբ “Վասպուրիկ Մարիոնետների թատրոն”-ին, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Լէյլա Սարիբեկեան, Ալլա Լեւոնեան, Դաւիթ Ամալեան, ինչպէս նաեւ յայտնի երգիչ երգչուհիներ՝ Այտա Սարգսեան, Էրիկ, Սիլվա Յակոբեան, Վարդան Պատալեան եւ կարգ մը սկսնակ երգիչներ։ Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ “Սասնայ Ծռեր” պարային խումբը։

Հայաստանի երգիչ-երգչուհիներու ընտրանին ոգեւորութիւն ստեղծեցին ոչ միայն իրենց երգերով, այլեւ` խօսքերով. Մկրտիչ Մկրտիչեան հպարտ էր, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր այս համերգին: “Սուրիան ընդհանրապէս եւ հայ համայնքը յատկապէս արժանի է, որ մենք իրենց կողքին ըլլանք”,- ըսաւ Արսէն Գրիգորեան։ Ան յիշեցուց, որ Սուրիան յարգանքի արժանի երկիր է. 1915-ին ան գրկաբաց ընդունեց բռնագաղթուած հայութիւնը եւ ապաստան տուաւ անոնց։ Շուշան Պետրոսեան Սուրիոյ իւրաքանչիւր հատուածէն տեղ ունէր իր սրտի մէջ, անոր արմատներուն մէկ շարաւիղը կը հասնի Սուրիա՝ յիշեցուց երգչուհին։ Երգիչ-երգչուհիները կոչ ըրին աղօթելու Սուրիոյ խաղաղութեան համար եւ դրական լիցքեր հաղորդելու մեր հայրենակիցներուն։

Համերգի աւարտին ի յայտ եկաւ, որ ներկաներուն մէջ կան զգալի թիւով սուրիացիներ, որոնք գոհունակութեան, հպարտութեան, նաեւ ցաւի խառն ապրումներով հեռացան դահլիճէն… ուղղուեցանք “Ազատութեան հրապարակ”` ճանապարհին առաւելաբար արեւմտահայերէն կը լսոււէր, հրապարակը կարծես սուրիաեհայերու հաւաքատեղին ըլլար… ցայտաղբիւրներու լուսաւոր ու գոյնզգոյն ջուրը կը բարձրանար Շառլ Ազնաւորի “Մեզ համար նոր գարուն կը գայ” երգի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ…

Հաւատանք, որ նոր գարուն կու գայ եւ խաղաղութիւն մաղթենք Սուրիոյ հանրապետութեան։