News

Սուրիական Օրագրութիւն (Շարունակութիւն)

«Ես ըսածիդ համաձայն չեմ, բայց մինչեւ մահ պիտի պաշտպանեմ զայն արտայայտելու քու իրաւունքդ»։ Վոլթեր **** Իւրաքանչիւր առաւօտը, որ չի բերեր խաղաղութեան աւետիս՝ քայլ մը եւս յետ կը նետէ երկիրը, ու աւերակներու դառնահամ փոշին կը նստի մեր հոգիներուն վրայ։ Ինչպիսի՜ արագութեամբ աւելորդ կը դառնան հեռաձայնային ծանօթ թիւեր, ու բարեկամ տուները՝ օտար։ Կը զոհուին կամ կը հեռանան բարեկամ- ծանօթներ՝ շահուած կեանքի մը ընթացքին։ Ու կը սրբես թիւ մը եւս. կեանքիդ ծառին մէկ ոստը, տերեւը. պիտի վերընձիւղի՞ կրկին... Հայաբոյր գաւառներու երանգները պահած բարքեր, զորս հատիկ առ հատիկ փրկած ու մեկտեղած էին տարագիր հայու քանի մը սերունդներ ու կազմած Կիլիկեան յիշատակներու մարգարտաշարը, կրկին կտրտուեցաւ։ Հատիկները գլոր-գլոր կը ցրուին. ո՜վ պիտի ժողվէ... Ուրուրը եկաւ, Ձագերս տարաւ. Տարա՜ւ ու տարա՜ւ, Տարաւ ու կերա՜ւ... Ու ակամայ, կրկին…
SARF Fund
October 29, 2012
News

Սուրիական Օրագրութիւն (Հատուածներ)

Այսօր վաղ առաւօտեան ահաւոր պայթիւնէ ցնցուելով արթնցանք... Թաղին բնակիչները քնկոտ, պատշգամներ ելած, զիրար կը դիտէին ու լուռ հարցում մը կար՝ ո՞ւր եղաւ: Մօտակայ տեղ մըն էր, տակաւին պիտի սպասենք լուրը՝ ի՞նչ շէնք փլեցաւ, քանի՞ մարդ առաւօտուն աչքը չբացաւ: Մինչդեռ հրաշալի կապոյտ երկինքով լուսաբաց մըն է... ու պատշգամս ճերմակ կը ժպտին նոր բացուած յասմիկները...: *** Սօսէին հանդիպեցայ ու այսօր ալ իր մեկնաբանութիւնները լսեցի: Որքան որ ալ մարդիկ յոգներ են այս նիւթերէն, բայց այլեւս «քաղաքականութեամբ չեմ հետաքրքրուիր» ըսելդ ընդամէնը ապսուրդ կ՛ըլլայ, քանի որ մենք քաղաքականութեան կեդրոնն ենք (երանի՜ անոնց, որ դեռ չեն): Սօսէն Քեսապ գացեր ու եկեր էր: Կը համոզէր, որ յաջորդ անգամ հետը երթամ, որ ճամբան հանգիստ է, «հարցնող- կեցնող» չկայ, «քիչ մը կը հանգստանաս»: Աւելի ուշ բացուեցաւ. - Երթալէն ալ,…
SARF Fund
October 29, 2012
News

HyeAID Charity Concert to Assist Syrian Armenians Set for November 11 – One Heart-One Soul – Lets Unite and Help!

Pasadena, CA - The ongoing critical situation in Syria has placed the subsistence of Syrian Armenian population in jeopardy. As they struggle to live through a very difficult situation, life for us Americans and particularly those living in Southern California seems to continue as before. Let us unite and help as one heart and one soul. The Syrian Armenian Relief Fund, in association with Artists for Kids, has organized a charity concert to be held on November 11, 2012, at 7 pm, at the Pasadena Civic. Armenian artists are coming together to do their part to raise awareness for the needs of the Syrian Armenians; Southern Californians can make their way to Pasadena and show their support for the Syrian…
SARF Fund
October 28, 2012
News

«Օգնիր Եղբօրդ» Նախաձեռնութիւնը Կ’աջակցի Քաշաթաղ Հաստատուած Սուրիահայերուն:

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».– 22 Հոկտեմբերն «Սուրիական օդանաւային ընկերութեան» Երեւան-Հալէպ թռիչքով Սուրիա տեղափոխուած էր երկրորդ մարդասիրական օգնութիւնը՝ մօտ երկու թոն բեռ, ներառեալ՝ հիմնական դեղորայք: Ըստ նախնական ծրագիրին, պիտի որդեգրուի մարդասիրական բեռը Սուրիա փոխադրելու այս ձեւը, սակայն չի բացառուիր, որ բեռնատար այլ թռիչքներ եւս օգտագործել: Այս մասին հաղորդած է «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը: «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան կողմէ ծրագիրներ պիտի իրականացուին նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն աջակցութիւն ցուցաբերելու նպատակով: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Քաշաթաղի շրջանին մէջ հաստատուած 20 սուրիահայ ընտանիքներու բնակարանաշինական կարիքները հոգալու նպատակով «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը 5 միլիոն դրամի փոխանցած է «Քաշաթաղ» հիմնադրամին: Յառաջիկայ օրերուն պարէն պիտի տրամադրուի նաեւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայ կարիքաւոր ընտանիքներուն: «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբը այս առիթով իր երախտագիտութիւնը յայտնած է բոլոր անհատներուն, գործարարներուն, քաղաքական եւ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն,…
SARF Fund
October 26, 2012
NewsPhotos

We Are Brothers – Benefit Concert for Syrian Armenians Held

Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին նախաձեռնութեամբ, Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմիական թատրոնի «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահէն ներս, Հոկտեմբեր 7-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ "Եղբայր ենք մենք" բարեգործական համերգը, որուն հասոյթը պիտի նուիրուի Հայաստանի մէջ ապաստան գտած սուրիահայութեան։ Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի վաստակաւոր երգիչ-երգչուհիներ՝ ինչպէս Շուշան Պետրոսսեան, Արսէն Գրիգորեան (Մրօ)՝ ընկերակցութեամբ "Վասպուրիկ Մարիոնետների թատրոն"-ին, Մկրտիչ Մկրտիչեան, Լէյլա Սարիբեկեան, Ալլա Լեւոնեան, Դաւիթ Ամալեան, ինչպէս նաեւ յայտնի երգիչ երգչուհիներ՝ Այտա Սարգսեան, Էրիկ, Սիլվա Յակոբեան, Վարդան Պատալեան եւ կարգ մը սկսնակ երգիչներ։ Համերգին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ "Սասնայ Ծռեր" պարային խումբը։ Հայաստանի երգիչ-երգչուհիներու ընտրանին ոգեւորութիւն ստեղծեցին ոչ միայն իրենց երգերով, այլեւ` խօսքերով. Մկրտիչ Մկրտիչեան հպարտ էր, որ իր մասնակցութիւնը բերած էր այս համերգին: "Սուրիան ընդհանրապէս եւ հայ համայնքը յատկապէս արժանի է, որ մենք իրենց…
SARF Fund
October 25, 2012
News

Թուրքիա Ի՞նչ Կը Փնտռէ Սուրիական Տագնապի Հրահրումին Մէջ

Ոմանք կը գրեն, թէ սուրիական տագնապը կրնայ վերածուիլ, Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն համար, նորօրեայ «վիեթնամեան թնճուկ»ի մը։ Ուրիշներ ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ Սուրիան կրակի եւ արեան մէջ խեղդող «քաղաքացիական պատերազմ»ը յղի է… ամբողջ տարածաշրջանը հրկիզելու եւ պայթեցնելու վտանգով։ Նաեւ կան պնդողներ, թէ ամբողջ եղածը մեծապետական մրցապայքար մըն է՝ ի խնդիր Սուրիոյ ճամբով ամբողջ Արաբական Աշխարհն ու Իսլամական երկրագունդը հակակշռելի դարձնելու աշխարհաքաղաքական նկրտումներուն իրագործման։ Տակաւին կան մեկնաբաններ, որոնք միջազգային քաղաքականութեան մօտաւոր անցեալի, երբեմն նաեւ պատմական զարգացման դարաւոր հոլովոյթին փոշեծածկ թղթածրարները քրքրելով՝ կը նախատեսեն, թէ սուրիական տագնապը առաջին փուլն է օսմանեան կայսրութեան անկումէն ետք սահմանագծուած Մերձաւոր Արեւելքի քարտէսը համընդհանուր վերանայումի եւ վերագծումի ենթարկելու քաղաքական մեծ խաղի մը… 1920ի Սեւրի եւ 1923ի Լօզանի դաշնագիրներուն բացերն ու հակասութիւնները լուծելու առաջադրանքով։ Բայց որքան ալ տարաբնոյթ…
SARF Fund
October 24, 2012
News

Second Planeload of Supplies Arrives in Aleppo

YEREVAN - A second flight carrying relief supplies for crisis-ravaged Syria left Armenia on Tuesday evening aboard a Syrian Airlines flight headed to Aleppo via Iran and Iraq. This flight is also part of the Armenian Revolutionary Federation-led "Help Your Brother" campaign, which successfully delivered the first shipment of humanitarian supplies last week. Chairwoman of the Hamazkayin Cultural Association and ARF member Lilit Galstyan who is administering this effort said that the current shipment came it at 45 metric tons of supplies, adding that the fundraising efforts were still ongoing. "I must add that business circles have also actively participated in our campaign. Few days ago we received 3000 boxes of canned vegetables from the Proshyan Brandy Factory. An important…
SARF Fund
October 23, 2012
News

“Living as a Christian in the hell of Aleppo” – The Testimony of a Priest

Aleppo (Agenzia Fides) - Christians in Aleppo are victims of death and destruction due to the fighting which for months, has been affecting the city. The Christian neighborhoods, in recent times, have been hit by rebel forces fighting against the regular army and this has caused an exodus of civilians. This is what a greek catholic priest in Aleppo says in a heartfelt message sent to Fides, and Fides prefers to guarantee anonymity for security reasons. The message, titled "Living as a Christian in the hell of Aleppo," explains: "For a long time the Christians of Aleppo have been living in neighborhoods close to each other: Sulaymaniyah, Aziziyah, Villas, Telefon Hawaii, Al Jabiriyah, Al Maydan, Al Surian , Al Tilal.…
SARF Fund
October 19, 2012
News

Յարգա՜նք Ձեզ Հալէպահայ Խիզախ Տղաներ

ԶԱՐՄԻԿ ՊՕՂԻԿԵԱՆ Հալէպի պատերազմական դոհ ու բոհին մէջ, երբ մարդիկ սարսափած կը քաշուին իրենց տուները, կամ իրենց ընտանիքին ապահովութիւնը գերադաս համարելով կը հեռանան երկրէն, հալէպահայ խիզախ տղաները նուիրումի մեծագոյն օրինակը կու տան: Այս դժնդակ օրերուն մէջ, մինչ ոմանք, յայտնի պատճառներով, կանխազգուշութեան կը դիմեն, եւ երբեմն իրատեսութեան սահմանները անցնելով սուրիահայութիւնն ու անոր բազկերակը հանդիսացող Հալէպը յուսալքումի առաջնորդող տողեր կը գրեն այս կամ այն թերթին մէջ, մեր ազգասէր, խիզախ տղաները « բանիմաց» վերլուծաբաններու արտայայտութիւններով տարուելու փոխարէն, ազգային գիտակցութեամբ առաջնորդուելով՝ կը գործեն ու կը ծառայեն մեր ժողովուրդին: Յաւակնոտ չեն հնչէր այս տողերը բոլոր անոնց համար, որոնք ներկայ կ՛ըլլան այստեղ ու Սուրիոյ բռնկուն կրակին մէջ կը տեսնեն մեր խիզախ հայորդիներուն կամաւոր աշխատանքը տարբեր մարզերու մէջ՝ առողջապահական, սննդեղէնի մատակարարման, պատերազմէն տուժող անպատսպարներու օժանդակութեան ու տակաւին…
SARF Fund
October 19, 2012