ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր, 16ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11ին, կազմակերպութեամբ SARF-ի՝ Սուրիահայութեան օգնութեան ֆոնտին, Կլենտէյլի Իրանահայ միութեան կեդրոնի գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին կազմակերպիչ մարմինը պարզեց մօտիկ ապագային իր ծրագրած մեծ եւ հասութաբեր դրամահաւաք ձեռնարկի մանրամասնութիւնները: Ասուլիսին, Ֆոնտի ներկայացուցիչներ Զաւէն Խանճեանի, Սոնա Մատարեանի, Արամ Ալաճաճեանի, Գոհար Քարա Յակոբեանի եւ Մհեր Դաւիթեանի կողքին, ներկայ էին քալիֆորնիահայ մամուլի, հեռատեսիլի եւ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան ներկայացուցիչները: Յանուն կազմակերպիչ մարմինին, բացման իր խօսքին մէջ Սոնա Մատարեան յիշեցուց ասուլիսի նպատակը, ապա պարզեց սուրիահայութեան ներկայ տխուր իրավիճակն ու անոր շուտափոյթ նիւթական օգնութիւն հասցնելու էականութիւնը՝ իբրեւ մարդկային եւ ազգային մեծ պարտականութիւն: «Մեր ազգային գիտակցութեան մէջ, Սուրիոյ հայ գաղութի գոյութիւնն ու ապահովութիւնը խիստ կարեւոր է», շեշտեց Մատարեան իր խօսքի աւարտին: Իր կարգին,…
SARF FundOctober 18, 2012